«Կալուածային նմանօրինակ հայցերու «տարափ» մը (պէտք է) յղել թրքական պատկան իշխանութիւններուն». Փրոֆ. Սոֆուօղլու
Սիսի Կաթողիկոսարանի դատին զարգացումներուն քննարկման ծիրին մէջ երէկ` Չորեքշաբթի, 1 յուլիս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական գրասենեակին կազմակերպած մամլոյ ասուլիսը` ներկայութեամբ հայկական եւ լիբանանեան մամուլի ներկայացուցիչներու ու լրագրողներու: Տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Հոգշ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան բացուած յայտարարեց ասուլիսը` ներկայացնելով զեկուցաբեր բանախօսները` կալուածային հարցերու փաստաբան Փրոֆ. Ճեմ Սոֆուօղլու, Հայոց Ցեղասպանութեան մասնագէտ Փրոֆ. Թաներ Աքչամ, Լիբանանեան համալսարանի դասախօս Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան: Նշենք, թէ նախատեսուած էր նաեւ միջազգային ատեաններու մօտ փաստաբան Դոկտ. Փայամ Ախաւանի մասնակցութիւնը, սակայն օդանաւային թռիչքի ուշացման պատճառով չկրցաւ մասնակցիլ մամլոյ ասուլիսին: Արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան պատմական յետադարձ ակնարկով անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի կրած տառապանքին Օսմանեան կայսրութեան մէջ, յատկապէս 1894-1923 երկարող ժամանակաշրջանին: Ան երախտագիտական խօսքերով շեշտեց հիւրընկալ Լիբանանի կարեւորութիւնը, որ դարձաւ հայ ժողովուրդի վերածնունդի ու զարթօնքի հայրենիքը` նշելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առանցքային դերը: Կաթողիկոսութիւնը դատական հայց ներկայացուց Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ, յայտնեց Հայր Սուրբը եւ աւելցուց. «Այսօր դատական հայցի ներկայացումէն երկու ամիսներ ետք, մեր տեղեկութիւնները կը հաստատեն, որ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանը սկսած է սերտել դատական այս հայցի թղթածրարը»:
Ապա Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան արաբերէնով թուեց Սիսի կաթողիկոսարանին գծով դատական հայցի յարուցման զուգահեռ ու զայն կանխած առնչակից քայլերը (ինչպէս` «Ճանաչումէն հատուցում» միջազգային գիտաժողովի կազմակերպումը Փետրուար 2012-ին, ապա թուրք իրաւագէտներէ եւ միջազգային մասնագէտ-փորձագէտներէ բաղկացած յանձնախումբի կազմութիւնը…): Դոկտ. Պայրագտարեան շեշտեց Սիսի Կաթողիկոսութեան խորհրդանշական մեծ կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդին համար: Ան յիշեցուց, թէ անցնող 27 ապրիլ 2015-ին ներկայացուած դատական այս հայցին գծով Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարան պէտք է առաւելագոյնը իննսուն օրուան ընթացքին ձեռնարկէ այս հայցի քննարկման: Այլապէս` հարցը պիտի ներկայացուի Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին:
Ապա Փրոֆ. Ճեմ Սոֆուօղլու անգլերէնով պարզեց Սիսի կաթողիկոսարանի դատին ներկայացման առնչակից պայմանները, դժուարութիւններն ու կարելիութիւնները: Ան ընդգծեց, թէ դատական այս հայցի յարուցումը աննախընթաց քայլ մըն է թրքական կալուածային ու դատական պատմութեան մէջ: Փրոֆ. Սոֆուօղլու շեշտեց, որ հարցը ներկայացուած է զուտ մարդկային իրաւանց դիտանկիւնէն` հեռու քաղաքական թէ այլ նկատառումներէ: Ան նշեց, թէ 1983-ին եւ 2001-ին հրապարակուած հրամանագիրներով, թրքական կառավարութիւնը կ’արգիլէ կալուածային որեւէ տեղեկութիւն կամ փաստաթուղթ արձանագրել, ինչպէս նաեւ արգիլուած է առնչակից արխիւներու ուսումնասիրութիւնը: Ըստ անոր, 1963-ի օրէնքի տրամադրութեանց համաձայն արգիլուած է կալուածային որեւէ սեփականութիւն վերադարձնել իր սեփականատիրոջ (յատկապէս հայերու պարագային): Փրոֆ. Սոֆուօղլու խիստ հաւանական նկատեց, որ յառաջիկայ Սեպտեմբերէն Նոյեմբերի միջեւ թրքական դատարանը հրապարակէ իր որոշումը: Փրոֆ. Սոֆուօղլու նշեց, որ դատին հետապնդման հիմնական նպատակը Սիսի Կաթողիկոսարանին կալուածին վերադարձն է եւ ոչ թէ անոր փոխարէն նիւթական հատուցումը:
Իր կարգին, Դոկտ. Թաներ Աքչամ խօսք առաւ եւ յայտնեց, թէ այս գծով աւելի քան հազար փաստաթուղթեր կան օսմանեան արխիւներուն մէջ: Ան կարեւորութեամբ նշեց, թէ օսմանեան իշխանութիւնները յատուկ կարեւորութիւն կ’ընծայէին Սիսի կաթողիկոսութեան վարկին` զայն նկատելով հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր կրօնական կարեւոր կեդրոն մը, բոլորովին անկախ Պոլսոյ թէ Էջմիածնի հոգեւոր կեդրոններէն: Ան մէջբերեց օրինակ Թալէաթի եւ Ճեմալ փաշայի միջեւ փոխանակուած մէկ նամակը, ուր կը շեշտուի, թէ գրեթէ անկարելի է հիմնովին ջնջել Սիսի կաթողիկոսարանը` նկատի ունենալով անոր ճակատագրական կարեւորութիւնը հայութեան համար:
Ապա զեկուցաբեր բանախօսները պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն, որոնք առաւելաբար կեդրոնացան հայ անհատներու սեփականութեանց վերատիրացման գծով հիմնական նախաքայլերու եւ կարելիութիւններու վրայ: Այս գծով այլ լրատուամիջոցներու կարգին «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է ժողովրդային քարոզչական ճիգերով թրքական հայամէտ հանրային կարծիքը մղել (քարոզչական) ճնշում բանեցնելու թրքական իշխանութեանց վրայ` նկատի ունենալով, որ Սիսի (այժմ` Քոզան կոչուող) քաղաքապետը կտրուկ կերպով մերժած է ընդառաջել այս հարցին` Փրոֆ. Սոֆուօղլու քարոզչական ճիգերը կարելի դրական քայլ նկատեց` թելադրելով միաժամանակ կալուածային նմանօրինակ հայցերու «տարափ» մը յղել թրքական պատկան իշխանութիւններուն:
«Զարթօնք» իր կարգին երեք հարցադրումներ դրաւ ասուլիսի մասնակիցներուն նախ հարց տալով թէ ինչո՞ւ այսքան ուշ կամ շատ կանուխ նման կարեւոր նախաձեռնութեան մը ձեռնարկելու, որուն պատասխանեց Գերշ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան ըսելով, թէ միշտ աւելի լաւ է ուշ կամ երբէք: «Զարթօնք»-ի յաջորդ հարցումն էր, թէ ի՞նչ կրնայ պատահիլ եթէ Աստուած մի առասցէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կորսնցնէ այս դատը: Ի՞նչ հոգեբանական, քաղաքական եւ օրէնսգիտական հետեւանքներ կրնայ ունենալ այդ անբաղձալի արդիւնքը Հայկական Պահանջատիրութեան վրայ ընդհանրապէս: Այս առնչութեամբ յարգելի զրուցաբերները յստակացուցին, թէ միշտ ալ կարելի պիտի ըլլայ դիմել «Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին», որուն վճիռը պարտադիր է թուրքիոյ պետութեան վրայ: Իսկ «Զարթօնք«ի այն հարցումին, որ ինչո՞ւ յարմար տեսնուած է Սիսի Կաթողիկոսութիւնը պահանջել անկախաբար Հայկական Պահանջատիրութեան ընդհանուր թղթածրարէն: Զեկուցաբերներուն պատասխանը այն եղաւ, որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած դատը զուտ կալուածային հայց է եւ քաջալերելի է, որ նման հայցեր բազմանան, որովհետեւ թրքական հանրային կարծիքին համար աւելի հաւանական է ընդունիլը կալուածային սեփականութիւններ վերականգնելը քան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունելու փաստը: