*ՎԱՐԱԳ ՍԻՍԵՌԵԱՆ*
Հայաստանի անկախութենէն ետք, սա առաջին դէպքն էր, որ Հայ հասարակութիւնը՝ մեծ մասը երիտասարդներ, ոտքի ելան «ո՛չ» ըսելու ՀՀ իշխանութիւններու վարած ոչ արդիւնաւէտ եւ հակասութիւններով լի քաղաքականութեան։ Կը կարծեմ, որ ՀՀ իշխանութիւններուն համար այս մէկը լաւ դաս մը եղաւ։ Անոնք հասկցան, որ երիտասարդութիւնը կը հետեւի եւ որեւէ պահու կրնայ ճնշել։ Այս հաւաքները եւ անհնազնդութեան շարժումները ցոյց տուին, որ Հայաստանի մէջ սերնդափոխութիւն տեղի կ’ունենայ եւ անկախութեան սերունդը պատրաստ է ո՛չ թէ արտագաղթելու, այլ մնալու, պայքարելու եւ փոփոխութիւններ պահանջելու։ Համոզուած եմ նաեւ, որ իշխանութիւնները հասկնալով հանդերձ պահու լրջութիւնը պիտի չկարենան կտրուկ փոփոխութիւններու դիմել, որովհետեւ անոնք «ոտքէն գլուխ» մխրճուած են իրենց իսկ ստեղծած կամ հովանաւորած ու փտած համակարգին մէջ ։
Վերջին օրերուն նախաձեռնող խումբի եւ հաւաքի մասնակիցներուն միջեւ տեղի ունեցած տարակարծութիւնները պէտք չէ հիասթափեցնեն մեզ, փոխարէնը պէտք է սթափեցնեն։ «Ազատութեան» հրապարակ մեկնողները եւ Բաղրամեան մնացողները չեն տարբերիր իրարմէ։ Այն ինչ որ տեղի ունեցաւ վերջին օրերուն ընթացքին ցոյց տուաւ, որ այսօր ՀՀ իշխանութիւնները աւելի հասուն են, «Զարմանալի չէ, որովհետեւ անոնք տարիներ շարունակ փորձառութիւն ձեռք բերած են եւ ունին տարբեր տեսակի եւ չափի լծակներ»։
Դասեր քաղենք
Մենք, առաջին հերթին, չյաջողեցանք կանխատեսել իշխանութեան առնելիք քայլը եւ երկրորդ չյաջողեցանք հասարակութեան ճիշդ եւ արագ ձեւով բացատրել ժամանակաւոր կասեցման յայտարարութեան տողերուն միջեւ գտնուող մանրամասնութիւնները։
Խնդիրներէն մէկը նաեւ այն էր, որ նստացոյցի մասնակիցներու մեծամասնութիւնը շատ մեծ յոյսեր դրաւ «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնող խումբի ուսերուն վրայ։ Կարծես չհասկցանք, որ այս հաւաքին նպատակը միայն ու միայն ելեքդրականութեան սակագնի բարձրացման որոշումի չեղարկումն է։ Ամբոխը, վրդովուած տնտեսական ներկայ պայմաններէն եւ ՀՀ իշխանութիւններու վարած «այ՛ո թալանին» քաղաքականութենէն, իրականութեան մէջ պատրաստ էր նաեւ քաղաքական պահանջներ տեղադրելու իշխանութիւններուն դիմաց։ Շատերու մօտ կար այն տպաւորութիւնը, որ այս շարժումը կրնայ ամբողջական իշխանափոխութեան իրականացնել։ Իսկ իշխանափոխութիւն կատարելու համար առաջին հերթին պէտք է ունենալ կամք, փորձառութիւն, ռազմավարութիւն եւ հսկայական մտաւոր ներուժ։
Այս բոլորին պէտք է աւելցնենլ «տեխնիքական» խնդիրները, որոնք նաեւ իրենց բացասական ազդեցութիւնը ունեցան ցոյցի ընթացքին վրայ։ Օրինակ, ցոյցին մասնակիցները դժուարութեամբ կը լսէին նախաձեռնող խումբի կոչերը եւ իրազեկումները։
Դրական կողմերը
Այս խումբը եւ անոր շուրջ համախմբուած երիտասարդները յաջողեցան կոտրել Մարտի 1-ի վախը եւ «թապու»ն։
«Ո՛չ թալանին» նախաձեռնող խմբակը յաջողեցաւ բաւականին մեծ կազմակերպչական աշխատանք կատարել գետնի վրայ։ Ան պահպանեց ցոյցի խաղաղ ընթացքը, ձերբազատուեցաւ մասնակցողներու շարքին գտնուող սադրիչներէն, կասեցուց քաղաքականացման փորձերը եւ թոյլ չտուաւ արկածախնդրականներուն ստանձնել շարժումի ղեկը։ Իսկ թէ տեղի տուաւ իշխանութիւններուն բանեցուցած ճնշումներուն դիմաց կամ նախընտրեց կանխել նոր բռնութիւն կամ արիւնահեղութիւն, պատասխանը կը ձգեմ ձեր դատողութեան։
Կը կարծեմ, որ այս ցոյցերու ընթացքին ծնունդ առաւ իսկական հայ պահանջատէր քաղաքացին։ Կը մնայ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը աշխատի իր վրայ, կառուցողական քննադատութիւնները ընդունի որպէս մարտահրաւէր եւ ուղղէ իր սխալները։
Վերջապէս
Պէտք է նկատի առնենք, որ յաջորդ խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններուն շատ քիչ ժամանակ մնացած է եւ պէտք է անմիջապէս անցնինք գործի։ Պէտք է հետեւինք յառաջիկայ տարիներուն ՀՀ իշխանութիւններու քայլերուն եւ ըլլանք աշխոյժ եւ հետեւողական։
Վստահ եմ, որ յառաջիկայ տարիները Հայաստանի համար պիտի ըլլան ճակատագրական։ Մենք պէտք է ըլլանք ինքավստահ եւ եթէ իսկապէս երիտասարդութեան մօտ ցանկութիւն կայ իշխանութիւնը վերցնելու, ապա պէտք է շարունակենք աճիլ, աճիլ, աճիլ։
Ի վերջոյ, հակառակ երկկողմանի ձեխարձակումներուն եւ մեղադրանքներուն կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել նախաեձռնող խումբի անդամներուն , ինչպէս նաեւ բոլոր մասնակիցներուն եւ անգամ մը եւս կը շեշտեմ, որ սա պայքարի սկիզբն է, եւ ոչ թէ վերջը։