*ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ*
Տակաւին մէկ երկու ամիս առաջ աշխարհով մէկ լրատուական միջոցներ, հաղորդագրութիւններ եւ ամբողջ արհեստագիտական աշխարհը ողողուեցաւ հազար ու մէկ գրութիւններով եւ նկարներով, ուր Հայ ժողովուրդը ի յայտ կու գար որպէս մէկ եւ ամբողջական բռունցք, հաւատարիմ եւ պահանջատէր իր անցեալի պապերուն կտակներուն: Այդտեղ Հայութիւնը ցոյց տուաւ, թէ աշխարհի որ կողմն ալ գտնուի ան մէկ է եւ ամբողջական: Որքան ալ մենք մեր մէջ ներքին մրցակցութիւններ ունենանք, կազմակերպական եւ գաղափարական տարբերութիւններ ու հակառակութիւններ, աշխարհը այդ ամիս եւ մանաւանդ այդ օր` Ապրիլ 24ին մեզ տեսաւ որպէս միասնական հաւաքականութիւն, իսկ այդ հպարտալի ներկայացումէն ետք այսօր աշխարհը ամբողջութեամբ կը խօսի ներկայիս Հայրենիքէն ներս գոյութիւն ունեցող խառնակութիւներու մասին: Աշխարհն ամբողջ, ի մասնաւորի թշնամի մեր դրացի երկու պետութիւնները` Թուրքիան եւ Ազէրպէյճանը, արհեստագիտական արդի միջոցներով ամենայն դիւրութեամբ կը տիրանան պատկերներու, տեղեկութիւններու եւ տեսաերիզներու, որոնք երբեք պատիւ չեն բերեր մեր ազգին, մասնաւորաբար անցնող ամիսներու միասնական ցոյցերէն ետք:
Ամենամեծ դժբախտութիւնը այն է սակայն, որ ամէն լուր, ամէն նկար եւ տեղեկութիւն որ դուրս կ’երթայ լրատուութեան բոլոր միջոցներով, գրուած, նկարուած եւ նկարահանուած է մեծ մասամբ հայերու կողմէ: Այլ խօսքով Հայը (գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար չեմ գիտեր), ինքն իր ձեռքով իր Հայութեան ու Հայրենիքին անունը սեւցուցած կը փոխանցէ այլ պետութիւններու:
Միշտ ալ մեր սխալը եղած է փոխանակ սխալներու սրբագրութեան ժամանակ տրամադրելու` զբաղիլ քննադատութիւններով, վարկաբեկելով այս կամ այն գործիչը, ղեկավարն ու նաեւ նախագահը: Ու մինչ մենք տարուած կ’ըլլանք հազար ու մէկ քննադատութիւններով, արդէն իսկ թշնամին դիւրութեամբ ձեռք կը ձգէ բոլոր այն տուեալները, որոնք իրեն բաւարար են Հայութեան անունը սեւցնելու: Միշտ ալ ներքինը սրբագրելու համար կ’առատաւորենք արտաքինը, առանց գիտակցելու, թէ ներքինը պէտք է սրբագրել միշտ պահելով արտաքինին անարատութիւնը` այս պարագային հայութեան ու հայ ժողովուրդին անունը: Նպատակս երբեք կառավարութիւնը կամ ցուցարարները պաշտպանելը չէ, սակայն վստահ եմ թէ ոչ մէկ դրամական, ելեկտրական հարց եւ կամ պարագայ արժանի է Հայութեան անունը առատաւորելու միջազգային հանրութեան դիմաց, որովհետեւ մեր կարծիքով ներկայ տիրող իշխանութիւններն են որ կը վարկաբեկուին… բայց այդ մէկը միայն մեր շրջանակներուն մէջ այդպէս է, սակայն արտաքին պետութիւններուն մօտ, մանաւանդ թշնամիներուն, այդ ամբողջ եղելութիւնը, առանց կարեւորութեան առնուելու պատճառը` կը վերագրուի հայ ժողովուրդին եւ Հայրենիքին անունին ու մենք ամէն պարագայի երբեք իրաւունք պիտի չունենանք ինչ-ինչ ձեւերով Հայ եւ Հայաստան անունները ներկայեցնելու այնպէս` ինչպէս այժմ տարածուած է ամբողջ աշխարհի վրայ:
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ
Բոլորս ալ գիտենք, որ տակաւին տարիներ առաջ, ամիսներ առաջ եւ գրեթէ միշտ, տարիներէ ի վեր կը լսուի արտագաղթի դէմ պայքարի քարոզչութիւնները: Պետութիւնը, Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ գրեթէ ամբողջ հայութիւնը կը մտահոգուէին արտագաղթին դէմ դնելու միջոցներուն մասին, միշտ մտածելով ինչպէ՞ս համախմբել հայութիւնը, անոնց տալով հանգիստ ու ապահով կեանք, որ անոնք կարիքը չզգան երթալու ուրիշ երկիրներ, աւելի հանգստաւէտ կեանք գտնելու երազային նպատակներով: Նման մտահոգութեամբ տարուած կառավարութիւն մը եւ պետութիւն մը ինչպէ՞ս կրնայ առնել նման քայլ մը, որ մի միայն կը ծառայէ արտագաղթի դռները լայնցնելու: Այս մէկը մտածել կու տայ, թէ կա՛մ արտագաղթի դէմ քարոզչութիւնները լոկ խօսք ու խաբկանք են եւ կա՛մ ելեկտրականութեան սակերու բարձրացումը նպատակադրուած արարք մըն է, որ հակա-հայրենասիրական բուրմունք ունի իր մէջ:
Կառավարութիւնը ինչ մտածելակերպի հիման վրայ կþառաջնորդուի երբեք յստակ չէ: Ըստ ընդունուած տրամաբանութեան, ամէն կառավարութիւն իր կարելին կը կատարէ գոհ պահելու համար ժողովուրդն ու քաղաքացիները, յառաջիկայի ընտրութիւններուն անոնց սիրտերն ու վստահութիւնը շահած ըլլալով` անգամ մը եւս կառավարութեան գլուխը անցնելու նպատակով, որովհետեւ ոչ ոք կ’ուզէ կառավարութիւնը եւ անոր գլուխը փոխել, երբ երկրի եւ ժողովուրդին կարիքները լաւագոյն կերպով ամբողջացած են, սակայն մեր մօտ պարագաները տարբեր կ’երեւին:
Մեր իրականութեան մէջ միշտ ալ եղած է նոյնը. ըսելով հանդերձ, թէ պէտք է վերջ գտնեն արտագաղթը, այդ առաջարկը համոզող գործ մը ցոյց տալու տեղ միշտ ալ անոր հակառակ պատկերը ցոյց կու տանք, առանց արտագաղթի դէմ մեր քարոզչութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու: Միթէ կարելի՞ է մանուկին փորձել համոզել, թէ զինք պիտի հարուածենք, բայց ինք երբեք պիտի չի լայ, պիտի չպոռայ ու իր ցաւը չյայտնէ…: Կը կարծեմ այդ մէկը մարդկային իրականութեան մէջ գոյութիւն չունի: Այս պարագային ալ նոյնպէս ՙՄի՛ գաղթէք մնացէք այստեղ, սակայն ձեր կեանքը աւելի պիտի դժուարացնենք՚ ըսելով, արդեօք կարելի՞ է արտագաղթի հոսքը կասեցնել:
Կառավարութեան իրաւունքն է իր հաշիւներէն մեկնելով կշիռքի վրայ դնել նիւթական տուեալները, անոնց հիման վրայ որոշելու համար սակերու բարձրացման եւ կամ նուազեցման պարագան, սակայն այդ մէկը միշտ կրնայ կատարուիլ հարաբերաբար, հաւասարակշռութիւն մը ստեղծելու պարզ միտումով, որովհետեւ կարելի չէ սակերու բարձրացում կատարել ու անդին ոչ մէկ հաւասարակշռող օրէնք մը սահմանել, սկսելով աշխատավարձերու բարձրացումէն: Ժողովուրդին վրդովումը եւս տեղին էր, արգիլելու համար յառաջիկային եւս կատարուելիք բարձրացումները, որովհետեւ եթէ ժողովուրդը եւս լուռ մնար նման դէպքի մը առջեւ` հաւանաբար տակաւին շատ բարձրացումներ պիտի յաջորդէին իրար, միշտ մնալով նոյն աշխատավարձերու սահմաններուն մէջ:
Բոլորս ալ գիտենք, որ կառավարութիւնը կ’ընտրուի եւ վար կ’առնուի նոյնինքն ժողովուրդին կողմէ ու կառավարութեան կողմէ նման անհաւասարակշիռ արարք մը վստահաբար հակառակութիւն եւ ատելութիւն պիտի սերմանէ ժողովուրդին սիրտերուն մէջ: Կառավարութեան մը իսկական գործն ու առաքելութիւնը երկրի վիճակը իր ներկայ վիճակէն աւելի լաւ ու բարձր մակարդակի հասցնել է: Ինչպէս ամէն հաստատութեան տնօրէն, թերթի խմբագիր եւ կամ որեւէ մէկ կազմակերպութեան պատասխանատուի նպատակը կ’ըլլայ առջեւ տանիլ կազմակերպութիւնը եւ կամ հաստատութիւնը, իսկ կառավարութեան պարագային` երկիրը, սակայն առաջընթացի տեղ դէպի ետեւ տանիլը առողջ մթնոլորտ մը չենթադրեր:
ՄԱՄՈՒԼ
Ներկայիս ամէնէն շեշտուած նիւթն է մամուլը, իր թուայնացած եւ կամ տպագիր օրինակներով ու վստահ եմ, որ աշխարհի վրայ չկայ աւելի թերթատուող եւ կարդացող բան քան թերթը: Ամէն պետութիւն, կուսակցութիւն եւ կազմակերպութիւն իր ինքնութիւնը, գաղափարականներն ու ընդհանուր պատկերը կը փոխանցեն իրենց մամլոյ տեղեկատուութեանց միջոցով եւ ազգեր, պետութիւններ այլ պետութիւններու կացութիւններուն կը հետեւին հիմնական մամուլի եւ տեդեկատուութեան ճամբով: Վերջին քանի մը շաբթուան ընթացքին բոլորիս ալ ծանօթ է, թէ մամուլի ճամբով ինչպէս ներկայացանք համաշխարհային հանրութեան:
Դժբախտութիւնը այն է, որ ներկայ արհեստագիտական ՙառաւելութիւն՚երէն մեկնելով, եղելութիւններն ու դէպքերը կրնան շատ աւելի չափազանցուած եւ աւելորդաբանութիւններով զարդարուած ձեւով փոխանցուիլ պետութիւններուն: Եւ այդ բոլորը կը կատարուին ամբողջ ձեւերով:
Պետութեան կողմնակից լրատուական միջոցներ այդ լուրը կը փոխանցեն իրենց անձնական շահերը նկատի ունենալով, փորձելով այպանել ցուցարարները եւ պաշտպանելով կառավարութիւնը: Այդպիսիներ պիտի փորձեն նկարահանել ցուցարարներու կողմէ ի գործ դրուող ժխտական երեւոյթներըª ուղղուած կառավարութեան եւ կամ զինուորութեան: Անդին հակա-կառավարասէր կողմեր իրենց մամուլին մէջ պիտի գրեն ու արտայայտուին դէմ եւ ի հեճուկս կառավարութեան:
Անցնող քանի մը օրերուն արդէն իսկ հրապարակին վրայ յայտնուեցան ոչ հայ լրագրողներ, թրքական լուրերուն մէջ տեղ գտաւ Հայաստանի իրավիճակը, անշուշտ իր ամենախոցելի պատկերներով: Թրքական կայքեր հրատարակեցին նկարներ, ուր հայաստանցի զինուորներ, թերեւս անզգալաբար, կոխած են եռագոյն դրօշին վրայ: Ազրպէյճանական եւ թրքական թերթերու մէջ տեղ գտան նկարներ, ուր զինուորներ կը ծեծեն ցուցարարները, եւ դժբախտաբար իգական սերի պատկանող ցուցարարները…: Ու այս ամէնը ոչ թէ կառավարութեան կամ ցուցարարներուն վարքը վնասելու համար` այլ ամբողջ հայութեան:
Համացանցի ճամբով կը հաղորդուին նորութիւններ, ՙՇՏԱՊ ՏԱՐԱԾԷՔ՚ պատուերը փոխացելով… տարածել սակայն ի հեճուկս որո՞ւ:
ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ
Լիբանանցի ժողովրդէն շատեր այս եղելութիւններու կապակցութեամբ արտայայտուեցան, թէ Լիբանանի վիճակը աւելի քան տասնամեակներ այսպէս է, սակայն հակառակ գանգատելուն շարունակած են ապրիլ միշտ նոյն ընթացքով: Ընդհակառակը լիբանանահայերը մեծաւ մասամբ, միշտ երազած են Հայաստանի կեանքը, բնութեան եւ վիճակին մասին:
Լիբանանահայութիւնը միշտ ալ Լիբանանի ներկայ վիճակը ՙկտրել՚ու ժամանակ` միշտ Հայաստանի պատկերն է որ կը գործածէ… ՙԼիբանան ջուր չկայ, ելեկտրականութիւն չկայ, գործ չկայ… երկու ջուրի վճարում, երկու ելեկտրականութեան վճարում: Հայաստան ոչ ելեկտրականութիւն կը կտրուի, ոչ ջուրը եւ ոչ կազը…՚: Վստահաբար այս խօսքը բոլորս ալ բազմիցս լսած ենք, սակայն Հայաստանի մէջ ներկայ վիճակին ստեղծուելու պատճառը այն է, որ ժողովուրդը վարժուած էր բաղդատած մեզի հանգիստ կեանք մը ապրելու եւ երկար ժամանակ հանգստաւէտ կեանքէ ետք որոշ յետ քայլ մը վստահաբար պիտի վրթովեցնէ ժողովուրդը: Լիբանանցին որքան երանի պիտի տար, նոյնիսկ ելեկտրականութեան այս սղութեան պայմաններուն մէջ, որ փոխուէին դերերը, որպէսզի հայաստանցին զգար իսկական սղութիւնն ու դժուարութիւնը ջուրի, կազի եւ ելեկտրականութեան:
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Պատմութեան մէջ նման դէպքեր եւ էջեր, մենք զգանք թէ ոչ, մաս կը կազմեն մեր անցեալին եւ նման դէպքեր երբեք կարելի չէ ջնջել պատմութեան էջերէն: Այդ մէկը միշտ առկայ պիտի ըլլայ արխիւներու, մամուլի հին էջերու եւ կայքերուն մէջ: Նկատի ունենալով միշտ ալ աշխարհի յառաջդիմութեամբ նաեւ տեղի ունեցող յետքայլը, յառաջիկայի սերունդներ պէտք է նայելով մեր ժամանակաշրջաններուն նախանձին ու իրենց հայութեան վրայ բան մը կարենան աւելցնել եւ ոչ թէ անոնց ներկայանալ այս իրավիճակով:
Օրինակ բոլորս ալ երբ նայինք Արցախի եւ կամ Շուշիի ազատագրութեան մեր հայութեան ոգին կը բոցավառի, տեսնելով անոնց նուիրումը, անձնազոհութիւնն ու հայրենասիրութիւնը: Այդպիսի եղելութիւներով պէտք է լեցնենք մեր պատմութիւնը եւ ո՛չ ելեկտրականութեան հարցերով: Այո՛ ամէն երկիր, մանաւանդ մեր թշնամի պետութիւնները ցոյցեր կատարելու եւ կռիւներու մէջ մասնագիտացած են, սակայն այդ մէկը մեզ չի թոյլատեր, որ նոյնը ընենք:
Մեր բոլոր նահատակները ամօթ կը զգան հիմա, մտածելով որ տասնամեակներ առաջ, այս հողերուն վրայ իրենք իրենց անձերը զոհելով կը պաշտպանէին երկիրը թշնամիի յարձակումներէն: Իրենց կեանքը զոհելով տէր կը կանգնէին իրենց Հայրենիքին, իսկ այսօր մենք զիրար կը ծեծենք, զիրար կը հարուածենք ելեկտրականութեան սակի համար:
Մեր բոլոր նահատակներուն կտակն ու նպատակը ամբողջովին տարբեր էին մեր ներկայի գործելակերպէն: Անցեալին երբ անկախութիւն կերտելու համար արիւն կը թափուէր, այսօր ելեկտրականութեան համար կը թափուի այդ արիւնը: Իսկական Հայ մը աւելի հպարտպիտի զգար ապրելով աշխարհի մը մէջ, ուր չկայ ելեկտրականութիւն, սակայն կայ Հայութեան ու Հայաստանի անունին յարգանք, սէր ու անսակարկ նուիրում:
Ելեկտրականութիւնը Հայրենիքէ մը աւելի արժէք չի կրնար ունենալ մեր իրականութենէն ներս: