Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Նոր Վէպ Պօղոս Գուբելեանի Գրիչէն «Ազգատոհմիս Գողգոթան Առաքելութիւն Ի Մարաշ»

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ

Հեղինակը իր այս վէպը նուիրած է. «Սոյն հատորը կը ձօնեմ բոլոր ժամանակներու ցեղասպանութեան զոհերուն»:

Ուրեմն Հայոց Ցեղասպանութենէն հարիւրամեակ մը սահելէն ետք, հայ գրագէտը պիտի չկարենայ չգրել հայ ահեղագոյն տառապանքին մասին, պրպտելով եղածը, որ ուրիշ բան չէր եթէ ոչ ամբողջ ժողովուրդի մը բնաջնջումը տապարով, եաթաղանով, կրակուած երկաթով, այսինքն անմարդկային անասելի միջոցներով:

Այս անգամ գրագէտ արձակագիրին նիւթը իր ազգատոհմին պատմութիւնն է, որ կու գայ Հաճընէն ու Մարաշէն: Ու ինք՝ հեղինակը այս վէպին, ծնունդը այդ ազգատոհմին վերապրողներէ սերած:

Պօղոս Գուբելեան պարզ պատմող մը չէ, ոչ ալ դէպքերուն ականատեսը, բայց լարելով իր հոգին, իր պեղումներուն բլուրները, աւազի շեղչերը լեռնակուտակ, ջանացած է վէպի վերածել իր տոհմին պատմութիւնը՝ թէժացնելով ապրուած կեանք մը, հուրի ու սուրի կեանքը, սուտ պետութիւններու չարանենք այս աշխարհին մէջ:

Եղեռնը ապրած գերդաստանի զաւակը ահաւոր պատմութիւններ լսելով, փաստաթուղթեր պեղելով չէր կրնար չդիմել ողոքիչ եզրակացութիւնները մեզի տալով իրականութիւններէ աւելին, որովհետեւ օսմանցիին գործադրածը Եփրատի նման հոսող արիւնի պատմութիւն էր, ժողովուրդ մը ամբողջ մատնելով պատրաստուած սովի ու բռնագաղթի իր դարաւոր Հայրենիքէն:

Հերոսները վէպին իր ծնողներն են եւ մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը: Անոնք կրնային ամենակարող ըլլալ եւ զանոնք այլ կերպ ներկայացնելը անհնարին էր: Ահա թէ ինչո՞ւ վէպին մէջ կը հանդիպինք հերոսութիւններու, որոնք դժուար թէ ապահովուէին օսմանցիին կեռ եաթաղանին տակ, բայց դիւցազնութիւնը կարելի դարձած է օսմանեան ճնշումի ահաւորութեան դէմ: Եղածը ուրեմն վերապրելու, կեանքը շարունակել կարենալու անհունօրէն հզօր ճիգի արդիւնք է, զոր կը կոչենք հերոսութիւն:

Թուրքը չհասաւ իր նպատակին, այսինքն չհասաւ վերջին հայը սպաննելու եւ երկիրը զուտ օսմանեան դարձնելու նպատակին, քանի որ Օսմանին վառած խարոյկէն ծնան Պօղոս Գուբելեաններ, այսինքն գիրի մարդիկ, որոնք աշխարհին պատմեցին դժոխային այն կեանքը, զոր ապրեցաւ հայը, բայց վերապրելով երեք անգամ տիրացաւ անկախութեան, ըսելու համար աշխարհին.- դուք խուլ, կոյր, համր էք, բայց մենք ահա՛ կանգ ու տակաւին կը շատնանք:

Ապրելու համար ծնածին մահուան բերան չէք կրնար նետել:

Պօղոս Գուբելեան գրողին եզրակացութիւնը այդ է առանց իր գրածներուն մանրամասնութեանց դիմելու:

Տակաւին պայքարը պիտի շարունակուի այլ վէպի մը մէջ, ուր հայը տիրացած պիտի ըլլայ ոչ միայն իր ամբողջական հողերուն, այլ ստանայ հատուցում, լեռնակուտակ կորուստներու հատուցում:

Գուբելեանին ուզածը, մեր ալ ուզածը՝ հող ու հատուցում: Ոչ թէ ուզածը, այլ՝ պահանջա՛ծը:

Այս վէպը վերջ տուած է լալկանութեան եւ առաջ քաշած հերոսայնութիւնը մեր ժողովուրդին: Գայլն ու աղուէսը ի վերջոյ չեն կրնար յաղթել արծիւին:

Ինչպէս հեղիանկը կ’ըսէ. «Սակայն բառիս բուն առումով «Ազգատոհմիս գողգոթան» գործին դայեակն ու խրախուսողը հանդիսացաւ երկուորեակ եղբայրս, երբ բաժակ մը խմիչքի վրայ օր մը ինծի հարց տուաւ, թէ «ինչո՞ւ կը խրտչէի ազգատոհմիս բաժին ինկած գողգոթան վիպագրելէ»:

Փոքր եղբօրն ալ խրախուսանքին վրայ կը գրուի այս վէպը, ուր օգտագործուած է ճնշումի դէմ հակաճնշումի բնական պատասխանը: Հերիւրուած է չենք կրնար ըսել՝ երբ հեղինակը կը հերոսացնէ վէպին հերոսները: Փաստը այդ հակաճնշումին մեր ժողովուրդին շահած ապրելու, վերապրելու եղելութիւնն է:

Գուբելեան գրողը կը թելադրէ. «Հայ գրողը իր վէպը սպիտակ պաստառի համար պիտի գրէ ու «սցենար»ի նման խճճէ հետաքրքրական, ֆանթաստիկ գործողութիւններով»:

Այո՛, հարիւր անգամ պաստառ պէտք է բարձրանան մեր ժողովուրդին խենէշօրէն հարուածուած կեանքերը ինչպէս ճարտարօրէն պաստառի վրայ բարձրացուցած են հրեաները իրենց հոլոքոսթը:

Մերինը ծանր է աւելի: Անոնք հայրենիք ստեղծեցին: Իսկ մենք Հայրենիք կորսնցուցինք՝ ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանը:

Վէպին մէջ կայ նաեւ դրական կեցուածք հանդէպ թուրքին. «Ներկայ գործին մէջ փորձած եմ մարդկայնացնել թուրքը: Ազնիւ թուրքեր ալ գոյութիւն ունեցած են, որոնք մարդկային վերաբերմունք ցոյց տուած են իրենց հայրենակից հայերու հանդէպ, յաճախ սուղ գին վճարելով իրենց զգացումներուն, գութին ու ազնուութեան համար»: Օսմանցիին դաժանութեան դէմ զինեալ պայքար եւ սակայն նաեւ անյիշաչար է գրողը:

Մարդկօրէն հասկնալի վէպ մըն է մատուցուածը:

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին