Շաբաթ Յունիս 13-ին, Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ մայր տաճարի «Նուրհան Ֆրէնկեան» սրահին մէջ ժամը 11-էն 15, տեղի ունեցաւ հայաստանեան առաջին «Աշխատանքի տօնավաճառ»ը եւ «Պատկերացուր Հայաստանը» խորհրդակցական ժողովը:
Եւրոպական Միութեան «Թիրախային նախաձեռնութիւն Հայաստանի համար» ծրագրի ծիրէն ներս տեղի ունեցած այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր Գերմանիոյ միջազգային գործակցութեան ընկերութեան կողմէ, նեցուկովը՝ Ֆրանսայի Գաղթականութեան եւ համարկումի գրասենեակին (OFII), Հայաստանի «Զբաղուածութեան («ՆՅ» – Աշխատանքի) գործակալութեան», նաեւ շարք մը միջազգային եւ հայկական այլ հաստատութիւններու եւ ընկերութիւններու, ինչպէս՝ Repat Armenia-ի, IdeA-ի, Ֆրանսայէն AAAS-ի (Ընկերային Օգնութեան հայկական ընկերակցութիւն)։
Կանուխէն, սրահը եռուզեռի մէջ էր։ Հայաստանէն շուրջ 14 ընկերութիւններ, որոնք ներկայացած էին եւ ներգրաւուած այս ծրագրին մէջ, իրենց տաղաւարները բացած կ՚առաջարկէին շուրջ 30 մասնագիտական աշխատատեղիներ՝ արտասահմանի մէջ ուսում ստացած Հայերու, որպէսզի անոնք հաստատուին Հայաստան ու իրենց մասնագիտական ներդրումը կատարեն Հայաստանի տնտեսական շուկային մէջ։
Յայտագիրը բաժնուած էր գլխաւոր երեք բաժիններու։ Առաջինը՝ փաստագրական ու քարոզչական կարճատեւ շարժանկարներու ցուցադրութիւնն էր, նուիրուած՝ այն ոլորտներուն, որոնք արտասահմանեան մարդուժի պէտք ունին, ինչպէս՝ գինեգործութիւն, տեղեկատուական ճարտարագիտութիւն, զբօսաշրջութիւն, մասնագիտական խորհրդատւութիւն… Երկրորդ բաժինը նուիրուած էր Հայաստան հաստատուած ու այնտեղ աշխատանք գտած զանազան անձերու վկայութիւններուն ու փորձառութիւններուն։ Հայաստանցիներ եւ Ֆրանսահայեր որոնք այդ ոստումը կատարած են (թիւով երեք) շատ խանդավառ ձեւով արտայայտուեցան իրենց հայաստանեան կեանքին մասին։ Այս բաժինը աւարտեցաւ հարցում-պատասխանով։
Ֆրանսածին մասնակիցները շատ խանդավառ էին Հայաստան իրենց հաստատման ու հոն կեցութեան որոշումին, իրենց վստահուած աշխատանքին համար, ինչպէս՝ Աշոտ Փափազեան, Սեւանա Չագրեան եւ Միշէլ Տաւուտեան։ Երրորդ բաժինը յատկացուած էր Հայաստանէն յատկապէս Ֆրանսա ժամանած ընկերութիւններուն, որոնք եկած էին աշխատատեղիներ առաջարկելու ներկաներուն։ Ընկերութիւններու մարդուժի պատասխանատուները մէկ առ մէկ բարձրացան բեմ՝ ներկայացնելու համար իրենց ընկերութիւնը, իրենց հետապնդած նպատակը եւ իրենց փնտռած անձը։ Կարինէ Սիմոնեան որ կը ներկայացնէր Գերմանիոյ միջազգային գործակցութեան ընկերութեան հայկական բաժինը, բացման խօսքին մէջ յայտնեց, որ Ֆրանսայի «Աշխատանքի Տօնավաճառ»-ին մասնակից ընկերութիւններու ընտրութեան մէջ կարեւոր գործօն հանդիսացած էր վարձատրութիւնը, որ ըստ աշխատանքին կը տարուբերի 600էն 3.000 եւրոյի միջեւ։
Այս տօնավաճառի պատրաստութեան իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերած էին RepatArmenia-էն Վարդան Մարաշլեան, IdeA հաստատութենէն Սէրգէյ Թանթուշեան, եւ 100Lives-էն Արէն Ապիկեան։ Շուրջ յիսուն ներկաներուն առիթը տրուեցաւ ուղղելու հարցումներ, որոնք կը վերաբերէին Հայաստան հաստատուելու կարելիութիւններուն։ RepatArmenia յայտարարեց, որ առաջին Ֆրանսահայը որ գործի կ՚ընդունուի Հայաստանի մէջ, կը ստանայ դէպի Հայաստան թռիչքի տոմսը՝ «մէկ ուղղութեամբ», իբր նուէր։