Լիոնի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ կայացած է Գրիգոր Նարեկացիին նուիրուած դասախօսութիւն, որուն մասնակցած են ոչ միայն տեղացի հայերը, այլեւ բազմաթիւ օտարներ: Ասիկա նմանատաիպ 4-րդ դասախօսութիւնն է, որուն միջոցով ֆրանսացիներուն կը ներկայացուի հայ հոգեւոր արժէքները, միջնադարեան գրականութիւնն ու արուեստը: Դասախօսութիւնները կարդացած է Զաւէն Եկաւեանը:
«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Զաւէն Եկաւեանը ըսած է, որ դասախօսութիւններուն նպատակն է, որպէսզի ոչ միայն ֆրանսահայերու 5-րդ սերունդը, այլ նաեւ ֆրանսացիները ճանչնան հայկական եկեղեցին, այն հարուստ մշակութային եւ հոգեւոր արժէքները, որոնք փոխանցուած են դարեդար:
«դասախօսութեան ներկայ էի բազմաթիւ ֆրանսացիներ, փորձագէտներ, որոնք հետաքրքրութեամբ կը լսէին Նարեկացիի մասին: Նարեկացիի նկատմամբ աշխարհի հետաքրքրութիւնը առաւել մեծցած է յատկապէս, երբ Կաթոլիկ եկեղեցին հայ սուրբը հռչակեց Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ»,- ըսած է Եկաւեանը` աւելցնելով, որ նմանատիպ դասախօսութիւնները շարունակական պիտի ըլլան:
Եկաւեանը շեշտած է, որ դասախօսութիւններու իրականացման առումով շատ կարեւոր է նաեւ վայրի ընտրութիւնը, քանի որ Լիոնը ֆրանսական այն քաղաքն է, ուր առաջին անգամ տպագրուած է Նարեկացին ֆրանսերէնով: «60 տարի առաջ Հայր Իսահակ Քեշիշեանի նախաձեռնութեամբ Լիոնի մէջ առաջին անգամ ֆրանսերէնով տպագրուեցաւ Նարեկացիի Մատեան ողբերգութիւնը: Հետեւաբար լաւ զուգադիպութիւն է ոգեկոչելու թէ Նարեկը, թէ Քեշիշեան վարդապետը, թէ Լիոն քաղաքը, որ ֆրանսախօս աշխարհի համար բացայայտեց Նարեկացին»,- ըսած է Զաւէն Եկաւեանը:
Ան շեշտած է, որ յատկապէս Ապրիլին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած պատարագէն ետք հետաքրքրութիւնը շատ մեծցած է Նարեկացիի հանդէպ, սակայն ցաւալին այն է, որ սփիւռքի մէջ դեռ չեն կրնար լիարժէք կերպով ներկայացնել Նարեկացին, հոգեւորականները նոյնպէս խորամուխ չեն եղած լաւագոյն կերպով սուրբը ներկայացնելուն համար: «Այս առումով դեռ շատ գործ ունինք ընելու, քանի որ յատկապէս սփիւռքի մէջ մեզի հայ պահողը մեր կրօնն է, մեր հայ ըլլալու միակ փաստաթուղթը մկրտութեան վկայականն է, հետեւաբար, առաջին հերթին մեր կրօնով եւ հոգեւոր արժէքներով պէտք է ներկայանանք աշխարհին»,- ըսած է Եկաւեանը:
Ապրիլ 12-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Հռոմի Ֆրանսիս պապը մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած պատարագ: Այս պատմական իրադարձութեան ներկայ էին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոս, ինչպէս նաեւ հայ կաթողիկներու պատրիարք Ներսէս Պետրոս XIX-ը: Պատարագի ժամանակ Ֆրանսիս պապը նշեց, որ 20-րդ դարուն տեղի ունեցած է Ցեղասպանութիւն, որուն զոհ գնացած են հայեր, յոյներ ու ասորիներ: Պատարագի ընթացին Հայ եկեղեցւոյ սուրբերու շարքը դասուեցաւ Գրիգոր Նարեկացին հռչակուեցաւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ տիեզերական վարդապետ: