*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Բոլորիս ծանօթ հոգեպարար պատմութիւն մըն է Ֆաթիմայի Սուրբ Աստուածածնի երեւումը Առաջին Աշխարհամարտի վերջին տարիներուն: Պատմութիւնը կ’ըսէ, թէ Սուրբ Կոյս Մարիամ Փորթուկալի Ֆաթիմա գիւղին մէջ երեւցած է երեք անմեղ փոքրիկներու, անոնց երկնային երեք գաղտնիքներ փոխանցելով, որուն որպէս արդիւնք շատեր Առաջին Աշխարհամարտի աւարտը կը վերագրեն այս երեւումին եւ երեք անմեղ փոքրիկներուն աղօթքներուն:
Քանի մը օրեր առաջ Լիբանան բախտը ունեցաւ հիւրընկալելու Ֆաթիմայի Սուրբ Կոյսի արձանը, որ առիթ մը հանդիսացաւ բարեպաշտ ժողովուրդին իր հաւատքն ու երախտագիտութիւնը յայտնելու, այցելելով այն բոլոր կրօնական վայրերը (ներառեալ Զմմառ), ուր շրջագայեցաւ արձանը:
Այցելութեան վերջին հանգրուանը Լիբանանի խորհրդարանն էր: Հաւատացեալ ամբոխը` կազմակերպիչներով միասին Սուրբ Աստուածածնի արձանով մուտք գործեց Լիբանանի խորհրդարան աղօթելով, որ Սուրբի մուտքը Լիբանանին նոր նախագահ մը պարգեւէ:
Յարգելով բարեպաշտներու անկեղծ հաւատքը, մեզ կը մնայ հարց տալ, թէ որքանո՞վ ճիշդ է իր ամենատագնապալի օրերը ապրող տարածաշրջանին մէջ տակաւին կրօնքը խառնել պետութեան գործերուն: Ինչպէ՞ս կրնայ ընկալուիլ այս երեւոյթը այլակրօն լիբանանցի մեր միւս եղբայրակիցներուն կողմէ: Ի՞նչ կրնայ ըլլալ քրիստոնեայ համայնքին կեցուածքը` եթէ նոյն պետական հաստատութեան շէնքէն ներս ուրիշ առիթով կատարուի ոչ քրիստոնեայ կրօնական ծէս եւ պաշտամունք:
Արդեօք աւելի իրապաշտ, գործնական, քրիսոնէավայել եւ ի շահ քրիտոնեաներուն պիտի չըլլա՞ր, փոխանակ այս կրօնական ցուցական երեւոյթին, Լիբանանի 64 քրիստոնեայ երեսփոխանները (որոնց շարքին վեցը Հայ) պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ, խղճմտօրէն եւ ոմանց պարագային առանց ենթակայ ըլլալու իրենց աշխարհական տիրոջ անձնական քմահաճոյքին, անյապաղ ուղղուէին խորհրդարան` ամբողջ տարածաշրջանին միակ ամենաբարձր պատասխանատու քրիստոնեայ դիրքը հանդիսացող նախագահի ընտրութիւն կատարելու՝ վերջ տալով երկիրը անգլուխ պահելու վտանգաւոր երեւոյթին եւ Սուրբ Աստուածածինը հեռու պահելով նման քաղաքական ողբերգակատակերգութենէ: