Յունիս 13-ին Մարսէլի 4-րդ եւ 5-րդ շրջաններու ղեկավարութեան եւ Մարսէյլի հայ համայնքի միասնական ջանքերով, ինչպէս նաեւ Մարսէյլի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան աջակցութեամբ «Սիթի-Պրահիմ» պուրակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարի բացման արարողութիւն, որուն յաջորդեց օրհնութեան ու օծման կարգ` Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ քահանաներու ձեռամբ: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Ձեռնարկին ներկայ էին 4-րդ եւ 5-րդ շրջաններու ծերակուտական-քաղաքապետ Պրունօ Ժիլը, Մարսէյլի մէջ ՀՀ հիւպատոս Սամուէլ Լալայեանը, փոխքաղաքապետներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, ֆրանսական եւ հայկական կազմակերպութիւններու նախագահներ, լրագրողներ, հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:
Մարսէյլի 4-րդ եւ 5-րդ շրջաններու հայ փոխքաղաքապետ Արթուր Օհաննիսեան իր խօսքին մէջ բացատրեց խաչքարի խորհուրդը հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթի եւ հոգեւոր կեանքին մէջ` միաժամանակ նշելով, որ խաչքարը նուիրուած է ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն, այլեւ արեւելեան քրիստոնեայ այլ փոքրամասնութիւններուն, որոնք սարսափելի փորձութիւններու միջէն անցած են:
Մարսէյլի 4-րդ եւ 5-րդ շրջաններու ծերակուտական-քաղաքապետ Պրունօ Ժիլ իր խօսքին մէջ նշեց, որ խաչքարի կանգնեցման նպատակը Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը վառ պահելն ու գալիք սերունդներուն իրազեկելն է 1915-ի հայերու հանդէպ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան մասին` յիշատակելով, որ 100 տարի առաջ հայ ժողովուրդին նկատմամբ տեղի ունեցած է ցեղասպանութիւն պարզապէս այն պատճառով, որ հայ էին եւ քրիստանեայ: Ան նշեց նաեւ, որ որեւէ խաչքարի, յուշարձանի եւ, ընդհանրապէս, պատմութեան էջերը յիշատակող եւ լուսաբանող կառոյցներու առկայութիւնը ապագայ սերունդներուն դաստիարակելու եւ ոգեկոչելու ամենագլխաւոր միջոցներէն մէկն է:
Մարսէյլի մէջ ՀՀ հիւպատոս Սամուէլ Լալայեան իր ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետին խաչքարի տեղադրման առիթով` կարեւոր համարելով վերջինիս հետեւողական գործունէութիւնը Ցեղասպանութեան ժխտման դէմ պայքարին: Այնուհետեւ ան անդրադարձաւ հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ հայ համայնքի ու տեղական իշխանութիւններու արդիւնաւէտ ու լայնածաւալ աշխատանքներուն` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարներու իրականացման ծիրէն ներս:
Ձեռնարկի աւարտին «Սահակ Մեսրոպ» երգչախումբի կատարմամբ հնչեցին Ֆրանսայի եւ Հայաստանի պետական օրհներգները, որուն յաջորդեց ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւնը: