Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

Հասնինք Թ.Մ.Մ. Արշակ Տիգրանեան Վարժարանին Սրտագին Կոչ Հայ Դպրոցի Առաքելութեան Հաւատացող Մեր Հայրենակիցներուն

*ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ*

Khachig Janoyan

Ցաւով կը յայտնենք, թէ քանի մը տարիէ ի վեր Թ.Մ.Մ.ի Արշակ Տիգրանեան ամէնօրեայ վարժարանի լուրերը լաւ չեն: Մեր լսածին համաձայն, վարժարանի պատասխանատուները, ծնողներուն նամակ մը  ղրկելով, անոնց իմացուցած են, որ եկող կրթական տարեշրջանին դպրոցը պիտի փակուի, եւ թէ ղեկավարները պիտի աշխատին վարժարանը աւելի հայահոծ շրջան մը փոխադրել: Մեզի ծանօթ էր, որ վարժարանը հսկայական պարտքերու տակ է. այս պարտքերով ծանրաբեռնուած, վերջին տարիներուն աշակերտութեան թիւն ալ նուազած է՝ վարժարանէն ներս տիրող անհիմն ըսի-ըսաւներուն պատճառաւ:

Վարժարանը, որ քանի մը քայլ հեռու է Հոլիվուտի սրտին վրայ գործող Ս. Յովհաննու Կարապետ մայր տաճարէն, եւ բազմամիլիոն տո-լարներ արժող Դաղլեան մշակութային կեդրոնէն, երեսուն տարի շարունակ գործեց, թէ՛ աշակերտութեան թիւը եւ թէ որակը նախանձելի վիճակ մը ունէր: Բայց վերջին տարիներուն, ինչպէս յիշեցինք, վարժարանը անկումի մէջ է, աշակերտութեան թիւը զգալիօրէն նուազած է, դպրոցը նիւթապէս անմխիթար վիճակ մը ունի, հոգաբարձութիւնը շուարումի մատնուած է՝ ուրկէ՞ շարունակ պարտք առնել դպրոցի տարրական ծախ-սերը հոգալու համար:

Այս գրութեամբ նպատակ չունինք յանցաւորներ փնտռելու, եւ ոչ ալ քննադատելու այն բոլոր աշխատանքները եւ առնուած սխալ որո-շումները, որ քանի մը տարի առաջ առնուեցան հոգաբարձութեան œ Թ.Մ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ցկեանս անդամներուն կողմէ:

Այս բոլորին վրայ խոստովանինք, որ վարժարանի բարերարնե-րուն փառասիրութիւնը եւ զանոնք հաշտեցնելու հոգաբարձութեան ան-կարգութիւնը ժխտական դեր խաղաց դպրոցի համերաշխ ղեկավարութիւնը պառակտելու:

Խոստովանինք նաեւ, որ Թ.Մ.Մ.ի ԱՄՆ.ի եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ անոր ծնունդ տուող Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան միջեւ գոյութիւն առած լարուածութիւնը եւ անհնազանդութիւնը, մեծապէս ազդեցին վարժարանի բարոյականին վրայ, պատճառ դառնալով որ մեծաթիւ բարերարներ դադրեցան այս վարժարանին նիւթապէս նպաստելէ:

Այս բոլորը պատճառ եղան, որ վարժարանի հոգաբարձութիւնը , ճարահատ, դպրոցը ծախելու նպատակ ունենայ եւ գոյացած գումարով հայահոծ ուրիշ տեղ մը տեղափոխէ վարժարանը:

Անշուշտ այս որոշումին մէջ ոչ մէկ առարկութիւն եւ մտահոգութիւն պէտք է ունենաք, քանի որ կրթական կամ որեւէ հասարակական հաստատութիւն, պէտք է որ ծառայէ մեր ժողովուրդին հոն, ուր որ կա-րիքը կայ: Բայց այս պարագային այդպէս չէ:

Թ.Մ.Մ.ի Արշակ Տիգրանեան վարժարանը կը գտնուի շատ հայահոծ շրջանի մը մէջ: Բայց ինչպէս ըսինք, մեր նպատակը քննադատել կամ յանցաւորներ գտնել չէ, այլ դժուարութեան մատնուած մեր ղեկավարները սթափեցնել եւ կոչ ընել, որ Թ.Մ.Մի Արշակ Տիգրանեան  վարժարանը բաց մնայ, իր պատուական անունով եւ մեր միութեան եւ կազմակերպութեան սեփականութեամբ եւ նոյն վայրին մէջ:

Նախ հաստատենք, որ Լոս Անճելոսի հայոթիւնը ոչ թէ փակելու œ նման նախընթաց ստեղծելու, այլ՝ տասնեակ վարժարաններ բանալու կարիքը ունի: Այո նիւթական մեծ գումարներու կարիքը կայ, բայց անոնց լուծումն ալ ՊԷՏՔ Է որ գտնուի:

 Այսօր մեր կազմակերպութիւնը եւ Թէքէեանի ղեկավարութիւնը մարտահրաւէրի մը առջեւ կը գտնուին: Մեր շարքայինները, մեր բարեկամ եւ համակիր միութիւնները եւ հայրենակիցները, բոլորը միասնաբար պէտք է որ աշխատին այս դպրոցը բաց պահելու համար:

30 տարիներու քրտինքով եւ ամբողջանուէր զոհողութիւններով, Թ.Մ.Մ.ի Արշակ Տիգրանեան վարժարանը դարձած էր մեր գաղութի պարծանքը, իր հայաբոյր մթնոլորտով, իր տուած սքանչելի հայատրոփ սերունդով, այս վարժարանը փայլուն կերպով արդարացուցած է իր վրայ դրուած յոյսերը:

Այսօր մեր կազմակերպութիւնը եւ Թ.Մ.Մ.ի ղեկավարութիւնը պէտք չէոր վհատին եւ ոչ ալ հրաժարանին այս կալուածէն եւ Թ.Մ.Մ.ի Արշակ Տիգրանեան վարժարանէն: Այլ սիրով ու համերաշխութեամբ ձեռք-ձեռքի տալով, մեր շրջանակի առողջ ուժերը շարժման ենթարկելով, պէտք է (եւ վստահ եմ, որ դժուար չէ մեզի համար) աշխատին պահել տարիներու այս վարժարանը:

Մեր կազմակերպութիւնն ու շրջանակը անցեալին նման դժուա-րութիւններ ունեցած են, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ մեր կեանքին մէջ պատերազմներու, արտագաղթի պատճառով դպրոցներ եւ հաստատութիւններ փակուած են, բայց ոչ Լոս Անճելոսի պէս հայահոծ գաղութի մէջ: Հոս պէտք է որ աշխատանք տարուի այս վարժարանը պահելու համար:

Կոչ կ’ընենք մեր ղեկավարութեան եւ շրջանակին ու մանաւանդ մեր կրթասէր հայրենակիցներուն ու մանաւանդ մեր վարժարանի շրջա-նաւարտներուն, որ հասնին Թ.Մ.Մ. Արշակ Տիգրանեան վարժարանին, փրկելու համար զայն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին