*ՕՀԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ*
70 տարի անցաւ այն օրէն, երբ խաղաղութեան թշնամի նացիական Գերմանիան, ի շարս այլ երկիրներու յարձակում գործեց նաեւ Խորհրդային միութեան վրայ եւ խորհրդային միւս ժողովուրդներու շարքին մեր ժողովուրդն ալ ներքաշեց Երկրորդ համաշխարհային աւերիչ պատերազմին մէջ բայց ձախողեցաւ:
Սակայն խորհրդային ժողովուրդը փայլուն քննութիւն մը տուաւ եւ անոր զինուած ուժերը պատմական-համաշխարհային յաղթանակ մը կերտեցին Ֆաշիզմի դէմ: Այդ պատերազմին մէջ բոլոր հակա-ֆաշիստ ժողովուրդները ուս-ուսի տուած` ոչ միայն պաշտպանեցին իրենց հայրենիքներուն պատիւն ու անկախութիւնը, այլեւ ամբողջ մարդկութիւնը փրկեցին ֆաշիստական ստրկութենէն, ինչպէս նաեւ խաղաղութիւն շնորհեցին ողջ աշխարհին:
Այս պատերազմին գործօն մասնակցութիւն բերաւ ամբողջ հայ ժողովուրդը, մասնաւորաբար հայրենի մեր եղբայրներն ու քոյրերը: Մեր փոքրիկ Հայրենիքը հաստատապէս իր մարտական արժանի տեղը գրաւեց ընդհանուր պայքարին մէջ:
ՙՀայ ժողովուրդը առաւել ու խորապէս զգաց մեր երկրին վրայ կախուած մահացու վտանգը, այն պատճառով, որ ան իր բազմադարեան պատմութեան մէջ քանիցս ենթարկուած է օտար բռնակալներու յարձակումներուն: Ան գիտէ, թէ ի՞նչ բան են կոտորածը, աւերը, սովը, բռնատիրութիւնները: Հայ ժողովուրդը չէ մոռցած հայերու ֆիզիքական ոչնչացումը, որ կազմակերպուած էր արիւնառուշտ Հիթլերի նախորդը` Վիլհեմ կայսրը` Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն…՚ գրած է ՙՓրաւտա՚ն իր 1941 Օգոստոսի 25ի թիւին մէջ:
Պատերազմի առաջին օրերէն, հայրենի ժողովուրդը ՙԱմէն բան յաղթանակի համար՚ նշանաբանով ձեռնամուխ եղաւ պայքարի, իր մարդկային ուժերով ու նիւթական եւ թեքնիքական միջոցներով:
Թշնամին վիթխարի կորուստներ ունենալով հանդերձ, կատաղութեամբ կը յարձակէր Կովկասի եւ Ատալինկրատի վրայ: Ահա այդ օրերուն ստեղծուեցան ազգային զօրամասեր, որոնց կարգին` հայկական զօրախումբեր:
Այդ օրերուն հայրենի երկրին մէջ սկսան գործել երեսուն նոր գործարաններ եւ 110 արդիւնաբերական կեդրոններ: 1943 թուականին զգալիօրէն սկսաւ աճիլ Հայաստանի ռազմական արտադրութեան տեսակարար կշիռը, որ ռազմաճակատին փոխանցեց մեծ քանակութեամբ տեսակաւոր առարկաներ:
1943 թուականին նոր հիմնադրուած հայկական գիտութեանց կաճառին գիտնականները` մեծ նուաճումներով իրենց կարելին չզլացան այս յաղթանակին իրագործման համար:
Հայրենի ժողովուրդը չսահմանափակեց իր աշխատանքը միայն թիկունքային աշխատանքով, այլ մասնակցեցաւ կռիւներուն ռազմաճակատի ամենատաք կէտերուն վրայ: Պատերազմի սկիզբէն իսկ խիզախ անուն վաստակեցան, թշնամիին առաջին հարուածները իրենց վրայ ընդունած, արեւմտեան սահմաններու վրայ կռուող բազմաթիւ ռազմիկներ ու հրամանատարներ, գնդապետ Աշոտ Սարգսեանը զօրավար Ալավերտեանը, Խորհրդային միութեան կրկնակի հերոս, ֆաշիստական Գերմանիոյ ՙսարսափ՚ը նկատուող օդաչու Նելսոն Ստեփանեանը, հեծելագունդի հրամանատար Մուշեղ Կարապետեանը, ՙՊրեստի՚ ամրոցին անօրինակ հերոսական պաշտպանութեան մասնակիցներ Սամուէլ Մատթէոսեանը, Վահան Գրիգորեանը եւ ուրիշներ:
Հայ ժողովուրդի անվեհեր զաւակներուն մասնակցութիւնը ճակատամարտերու ընթացքին աւելի ցայտուն կերպով դրսեւորուեց’աւ, երբ 1942ի Օգոստոս-Սեպտեմբեր ամիսներուն ռազմաճակատ մեկնեցան հայկական 89րդ, ապա 408րդ զօրախումբերը: 1943ին Կովկասի ազատագրութեան ճակատամարտերուն, յատկապէս աչքի ինկաւ 89րդ հրաձգային հայկական զօրախումբը` զօրավար Նուէր Սաֆարեանի հրամանատարութեամբ: Այս զօրախումբը որ կը կոչուէր նաեւ ՙԹամամեան Զօրախումբ՚ իր մարտական գործողութիւնները աւարտեց Էլպա գետի ափին: Այս զօրախումբը արժանացաւ երեք շքանշաններու, եւ այս զօրախումբի ռազմիկներէն 7333ը պարգեւատրուեցան շքանշաններով, 9 հոգի արժանացան խորհրդային միութեան հերոսի կոչումին:
Մեծ թիւով ռազմիկներ մասնակցեցան Պերլինի գրաւումին, տարբեր միաւորումներու մէջ: Այդ մարտերու ընթացքին աչքի զարկին հրամանատարներ, Խորհրդային միութեան հերոսներ, Բաբաջանեանը, Գասպարեանը եւ ուրիշներ:
Վերոյիշեալ հերոսներու կողքին կարելի չէ մոռնալ անունները Խորհրդային միութեան մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեանի, ռազմա-ծովային ուժերու ծովակալ Իսակովին, օդային ուժերու մարաջախտ Արմենակ Խանփերեանին, ինչպէս նաեւ Չեխոսլովաքիոյ ազատագրիչին` Սարգիս Մարտիրոսեանին, եւ անշուշտ կան բազմաթիւ ուրիշներ:
Ճափոնական ռազմամոլներու ջախջախման մասնակցեցան հրամանատարներ Բարսեղովը, զօրավար Չայլախեանը եւ ուրիշներ:
Ֆաշիստական Գերմանիոյ դէմ մղուած պայքարին մէջ անմասն չմնաց նաեւ սփիւռքահայութիւնը: Ան հայրենասիրաբար միջոցներ գտաւ ՙՍասունցի Դաւիթ՚ եւ ՙԲաղրամեան՚ հրասայլային շարասիւններ կառուցելու համար:
Սփիւռքի հայերէն շատեր զէնքը ձեռքին կռուեցան դաշնակիցներու բանակներուն (ամերիկեան եւ ֆրանսական) մէջ:
Այսպէս, համաշխարհային Բ. Պատերազմին պատիւով կատարելով իր պարտքը, հայ ժողովուրդը խորհրդային բանակի շարքերուն մէջ ունեցաւ վաթսուն զօրավարներ, իսկ խորհրդային միութեան հերոսի կոչման արժանացան հարիւր ռազմիկներ: