Սպահանի հայոց թեմի (Իրան) Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Կեդրոնական յանձնախումբի Համալսարանական ենթայանձնախումբի նախաձեռնութեամբ Հինգշաբթի՝ 2015 թուականի Մայիս 21-ին, Նոր Ջուղայի Հայ Մ.Մ. «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն, պատմութիւն, դատապարտում եւ փոխհատուցում» խորագիրով: Գիտաժողովին որպէս ունկնդիրներ ներկայ էինª Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեանը, թեմի հոգեւորականաց դասը, Իրանի Իսլ. Խորհրդարանին մէջ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոբերտ Բեգլարեանը, Սպահան քաղաքի հինգերորդ շրջանի քաղաքապետ ճարտ. Ասարզադեգանը, Իրանի կրօնական փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները, պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, թեմի ազգային մարմիններու, միութիւններու եւ հայոց ազգ. դպրոցներու ներկայացուցիչները եւ տարբեր համալսարններու հայ ու պարսիկ դասախօսներ եւ ուսանողներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալիք» օրաթերթը:
Ծրագրի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ առաւօտեան ժամը 10-ին, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ, ապա կազմակերպիչ յանձնախումբի խօսքը ընթերցեց դոկտ. Սիլվա Ալլահվերդեանը, որմէ ետք Սպահանի հայոց թեմի Հայոց Ցեղսապանութեան 100-ամեակի Կեդրոնական յանձնախումբի անունէն արտայայտուեցաւ յանձնախումբի ատենապետ Նոէլ Մինասեանը£ Պրն. Մինասեան իր խօսքին մէջ անդրադառնալով Հայոց Ցեղսապանութեան մարդկային կորուստներուն, Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայ ժողովուրդին պատճառած նիւթաբարոյական ահռելի վնասներուն եւ «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» նշանաբանի պատգամին, աւելացուց. «Այս գիտաժողովի կազմակերպման նպատակն էª տարբեր երկրների մտաւորականների եւ դասախօսների գիտութեան եւ փորձի փոխանակման միջոցով կատարել փոքր բայց հաստատուն քայլեր գիտական հետազօտութիւնների համար, օգտւելով ժամանակակից մեթոտները՝ ախտորոշում, յանցագործութիւնների պատճառների քննարկում, կանխարգելում եւ որ ամենակարեւորը դատապարտումն է»:
Որպէս զեկուցաբեր սոյն գիտաժողովին ելոյթ ունեցան ազգութեամբ պարսիկ, հայ եւ թուրք 10 մտաւորականներ Իրանէն, Հայաստանէն եւ Լիբանանէն: