Լիբանանահայ թատերասէր հանրութիւնը 7-էն 10 Մայիսին յաջորդաբար Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահէն ներս առիթը ունեցաւ վայելելու Թէքէեան Մշակութային Միութեան Երուանդ Օտեան թատերախումբի ներկայացուցած «Գարնան Երեք Օրերը» թատերախաղը, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին:
Թատերախաղին Կալա ելոյթը տեղի ունեցաւ Կիրակի 10 Մայիս 2015-ի երեկոյեան ներկայութեամբ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ Պետ. նախկին երեսփոխան ընկ. Յակոբ Գասարճեանի եւ անդամներուն: Ներկայ էին Լիբանանի մօտ ՀՀ հիւպատոս Պրն. Աշոտ Վարդանեանը, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Մայք Խարապեանը, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Միքայէլ Վայէճեանն ու անդամները, Համազգային Մշակութային Միութեան Լիբանանի Շրջ. վարչութեան ատենապետ Պրն. Յակոբ Լատոյեանը, միութենականներ, թատերախումբին բարեկամներ եւ մշակութասէր հանրութիւն մը:
Թատերախաղին հեղինակն ու բեմադրիչն էր ծանօթ բեմադրիչ ու թատերագիր Վաչէ Ատրունի, որ իր խօսքին մէջ կը գրէ, թէ «Ես իմ մեծ հօրս խոստացեր էի բան մը ընել յանուն մեր պահանջատիրութեան: Կրցածս այս թատերգութիւնն է… կրցածս այս թատերախաղն է»:
Թատերախումբը կը բաղկանար 8 դերասաններէ՝ Տիրան Սարգիսեան (Կիւտաւ Մազէ), Յարութիւն Թորոսեան (Շանթ Յովակիմեան), Կասիա Թոփուշեան (Ժասմէն Օքուլ), Սթէֆանի Ղուկասեան (Սօֆի), Պէթի Սարգիսեան (Թուրք հիւպատոս), Մակի Վասիլեան (քարտուղարուհի), Առնօ Ճինանեան (Ոստիկան) եւ Կարօ Պասմաճեան (վկայ):
Թատերախաղը բաղկացած էր երկու արարներէ. նիւթը կը խօսէր թուրք դեսպանի մը մասին, որ Լիւքսամպուրկի այգիին մէջ հայ համալսարանական ուսանողի մը ներկայութեամբ կ’անհանգստանայ ու կ’իյնայ գետին: Հայ համալսարանակին օգնութեամբ կը փոխադրուի հիւանդանոց, սակայն կ’ամբաստանուի որպէս ահաբեկիչ ու կը բանտարկուի: Սակայն կը բացայայտուի, թէ դեսպանը իր շաքարախտին պատճառով անհանգստացած ու ինկած է գետին ու հայ երիտասարդը օգնած է անոր, որպէսզի հիւանդանոց փոխադրուի:
Հայ երիտասարդը կ’օգնէ թուրք վիրաւորը որպէս մարդկութիւն, սակայն իր հայու արժանապատուութիւնը չի ներեր որպէսզի անկէ արժէքաւոր ոսկի մետալ ստանայ յիշեցնելով հայու պահանջատիրութիւնը:
Զարթօնքի հետ կատարած հարցազրոյցի մը ընթացքին Վաչէ Ատրունի խօսելով «Գարնան Երեք Օրերը» թատերախաղին մասին կ’ըսէ. «Թէեւ նիւթը իր մէջ երեւակայական պատկերներ կը ներառէ, սակայն մեծաւ մասամբ հիմնուած է իրական դէպքերու վրայ: Գեղարուեստականօրէն ներկայացուած են դէպքեր, որոնք իրականացած են»:
Թատերգութեան նիւթը ժամանակակից էր եւ լեցուն պատգամներով, իրապաշտութեամբ մօտենալու ճշմարտութիւններուն եւ առարկայականօրէն քննելու թուրքերու դիւանագիտութիւնը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ