*ԳԱՌՆԻԿ ԳԱԶԱԶԵԱՆ*
ԿԸ ՅԻՇԵՄ
Հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մասնիկս, հարիւրամեայ հեռաւորութենէ, հասունութեան տարիքիս, ցեղասպանութեան ցաւին տարողութիւնը պահած էութեանս մէջ, հարիւրամեակի տարելիցին յանդգնութիւնը ունեցայ գրի առնելու անցեալի այն տխուր դէպքերը, որոնք՝ նոյնպէս իւրաքանչիւր հայի հարազատներուն անցեալին մաս կազմած են:
Վերապրողներու սերունդս օրին չի կրցանք բանաւոր վկայութիւնները գրի առնել: Ծնողներ իրենց կենդանութեան չ’ուզեցին իրենց անցեալի դառն յուշերը երեւան հանել: Փականքի տակ դրած էին դաժան օրերու իրողութիւնը իր ամբողջութեանը մէջ:
Կը յիշեմ այն քարակերտ մէկ մեթր բարձրութեամբ աղբիւրը եզերուած արաբատառ օսմաներենով քանդակուած, զորս տեսած եմ յիսնամեակ մը առաջ, եւ ամբողջ յիսնամեակ մը դարձած էր զիս տանջող մղձաւանջը, կոտտացող ցաւը մինչեւ այսօրս, եւ մնալու ինծի հետ ընդմիշտ:
Յիսնամեակ մը առաջ էր, հօրեղբօրս հետ շրջապտոյտ կամ խորքին մէջ ուխտագնացութիւն էր, գտնելու իր եւ իմ հօր ծննդավայրը եղող Մարաշի մէջ (Գերմանիկ) հօրենական օճախը՝ «Ուզուն Օլուխ» կոչուած թաղամասին մէջ: Տեղացիներու հետ որոշ հարց ու փորձէ յետոյ, կարելի չեղաւ ճշդել վայրը, իսկ հօրեղբօրս վեց տարեկան երեխայի մանկական յիշողութեամբ դժուար եղաւ կողմնորոշուիլ: Յանկարծ մտաբերեց իրենց տան մօտակայքը եղող Գերմանական հիւանդանոցը, ուր իր հօրեղբայրը՝ Յովհաննէս Խօճան, այդ հիւանդանոցին մէջ պաշտօնավարած էր: Հիւանդանոց տանող ճամբուն անկիւնադարձին կանգնած էր վերը նշուած այն քարակերտ աղբիւրը որ եղած էր Մագատ (Մարգարիտ) անունով Մամիկիս սպաննութեան վայրը: Ահա այդ աղբիւրը որ դարձաւ ականատեսի վաւերական վկայագիրը իմ յիշողութեանս մէջ Մագատ մամիկիս մահուան վայրը: Թէեւ ծերունազարդ Մագատ մամիկիս սպաննութեան շուրջ շատ քիչ տուեալներ կցկտուր եւ քողարկուած մանրամասնութիւններ լսած էի մեր տարեցներէն:
Մարաշի Վերջին Աղէտը կամ «պէօյիւք ղըթալ» թրքերենով մեծ ջարդը, սկսած էր 1920 Յունիս 21-ին: Դաշնակից ուժերու մաս կազմող ֆրանսական բանակը մօտ երեք հազար զինուոր, որոնց հետ գումարտակ մը հայ լէգէոնականներ մօտ չորս հարիւր զինուոր կը փոխարինէին Անգլիական ուժերը 1914 Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր ամիսներուն, հոգատարութեան տակ առնելով ամբողջ Մարաշը:
Թրքական ազգայնական ուժերը, Իթթիհատական երեւելի պարագլուխները՝ Տոքթ. Մուսթաֆա, Գատը Րիզա, Քէօր օղլու Ալի Պէյ, Հասիպ Էֆենտի սկսած էին կազմակերպել զինեալ շարժումներ, մեծաթիւ հրոսակ «չէթէ»ներ լաւապէս զինուած, օժանդակութեամբ Քեմալականներու միացեալ ջանքերով, պահանջելով անյապաղ ֆրանսական հոգատար ուժերու հեռացումը ամբողջ Կիլիկիոյ շրջանէն: Յատկապէս Քեմալականները մեծ ջանք կը գործադրէին տիրանալու Մարաշին, որ հարուստ էր ցորենի պաշարներով, իսկ մօտակայ Մալաթիա եւ շրջակայքը մատնուած էր սովի:
Աղէտի ազդանշանը տրուած էր Յունուար 21-ին զինարձակումով: Հայութիւնը խուճապի մատնուած էր, զարկ, կրակոց, պայթիւն, հրդեհ ամէն շրջան: Ժողովուրդը կը ջանար ապաստանիլ առաւելաբար եկեղեցիներու մէջ: Մեծ մայրս իր երեք որդիներով, մեծը տասներկու, միջակը տասը, փոքրը վեց տարեկան կը ջանար կողմնակի փողոցներով հասնիլ մօտակայքը եղող Ֆրանչիսկեան հայրերու վանքի եկեղեցիի շրջափակը, ուր արդէն տեղակայուած էին ֆրանսական զինուորներ, եւ հայ լէգէոնականներ: Վանքի համալիրը գտնուելով բարձունքի վրայ, երեք կողմերով ապահով շինութիւն, բացի ճակատամասը, որ թիրախ դարձած էր անդադար զինարձակութեան: Ըստ տուեալներու Մարաշ եւ շրջակայքը իր գիւղերով, կը հաշուէր մօտ ութսունվեց հազար հայութիւն, իսկ քաղաքամասի կեդրոնի հայութիւնը մօտ քսաներկու հազար: Աղէտեն ետք ողջ մնացած էր միայն մէկ երրորդը:
Ծերունազարդ Մագատ Մամիկը, որ տունը մնացած էր առաջին օրը, յաջորդ առտու ցաւարով պատրաստած եղինձը (փիլավ) սափորի մէջ լեցուցած, արմուկին անցուցած կապոցով կը ջանար ամայի փողոցներով հասնիլ եւ միանալ հարազատներուն: Ահա ճիշդ այդ աղբիւրին մօտ, հեռուէն մինարեթի բարձունքէն արձակուած փամբուշտը ծանրօրէն կը վիրաւորէր Մագատ մամիկը, իսկ երկրորդ փամբուշտը (տըմ-տըմ) կը խրուէր սափորին մէջ, դուրս գալով յատակէն: Ի դէպ այդ սափորը, որ յետագային դժբախտաբար նորոգուած, կը մնայ որպէս յուշ: Արիւնլուայ Մագատ Մամիկը, կը հասնէր Ֆրանչիսկեան եկեղեցւոյ շրջափակը, ու կը մահանայ տեղւոյն վրայ առանց կարենալ ներս մտնելու: Ուշ գիշերին մթութեան մէջ հայ լէգէոնական մը, գետնէն սողալով քաշկռտելով ներս կը բերէ անշունչ դիակը եւ արիւնոտած սափորը: Յաջորդ օրերուն այդ արիւնլուայ եղինձը լուացուելէ յետոյ եղած էր մի քանի օրուայ ուտելիք հարազատներուս: Յատկապէս այդ յուշը մնացած էր հօրս յիշողութեան մէջ անջնջելի:
Որոշ լրացումներ կարելի եղաւ գտնել, Անգլերէնով գրուած «Մարաշի Առիւծներ»ը գիրքին մէջ: Հայասէր, մարդասէր, ծառայասէր Ամերիկացի հեղինակ տօքթ. Սթենլի Քըրր, ականատեսի վկայութիւնները կարդալով նոր լոյս կը սփռէր միտքս չարչրկող անլոյծ հարցերուն: Պրն. Սթենլի Քըրր երիտասարդ տարիքին նշանակուած էր Ամերիկեան նպաստամատոյցի (Նիր Իսթ Րըլիֆ) Մարաշի շրջանի կեդրոնի վարիչ 1919-1922 տարեշրջանին: Յետագայ մի քանի տարիներուն ուսումը կը շարունակէր Փենսիլվանիայի համալսարանը, 1925-ին կը վերադառնար Լիբանան, նշանակուելով Ամերիկեան Համալսարանի դասախօս, Քիմիայի բաժանմունքի, մօտ չորս տասնամեակ: Առի ի վարձատրութիւն իր երկարամեայ ծառայութեան կ’արժանանար Լիբանանեան պետութեան կողմէ Մայրենիներու Արժանեաց շքանշանին: Նիւ Եորքի մէջ, 1973-ին, հեղինակած է իր յուշերու գիրքը «Մարաշի Առիւծներ»ը Կիլիկիոյ եւ յատկապէս Մարաշի վերջին աղէտին ականատեսի վկայութիւնը:
Գիրքին մէջ նշուած Ֆրանչիսկեան վարդապետներէն, հայր Մարթէն Միւրէ, կը նկարագրէ սոսկալի տեսարանները իր դիտարանէն դիտուած, այրուող Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Գէորգ, եւ Աւետարանական առաջին եկեղեցիներու բոցերը, մինարեթներու աշտարակներէն նշանառու թուրք չեթեներու անմարդկային մահացու անխնայ կրակոցները փախչողներու վրայ:
Ահա ճիշդ այդպէս, մինարեթի բարձունքէն կրակած էին Մագատ մամիկին վրայ, հեռուէն պոռալով՝ «Մագատ էրզախ մը կէօթիւրիորսուն» զինամթերք կը տանիս՞, մահացու վիրաւորելով: Ֆրանչիսկեան վանքին մէջ ապաստանած հայուհի Մագրուհի Տէր Օհանէսեան իր օրագրութեան մէջ նշած էր «վանքին ծայրամասի հողատարածքը դարձած էր գերեզմանը զոհուած հայերու, եւ յատկապէս առաջին օրուայ զոհերը՝ ֆրանսացի գաբիթեն Պենետեթթի եւ չորս զինուոր սուրհանդակներու»: Միայն 95 տարի վերջ կրցայ բացայայտել, թէ ուր է հէգ Մագատ մամիկիս աճիւնները: Ան կը հանգչի Ֆրանչեսկեան հայրերու վանքին ծայրամասի համայնական փոսին մէջ, հետեւելով գիրքի մէջ տպագրուած քարտէզի նշումներուն:
ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ
Մեծ երազի տեսլապաշտը, զէյթունցի արմատներով, Մարաշ ծնած Գերսամ Ահարոնեան ցեղասպանութեան յիսնամեակի առթիւ «ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ» կարգախօսի նախերգանքը հնչեցուցած էր ԳԱԼ ՏԱՐԻ ՎԱՆ գաղափարախօսութեամբ: Այսօր անկախ հայրենիքով, ամրակուռ բանակով, ազատատենչ Արցախով, սփիւռքահայութեան հաստատակամ պահանջատիրութեան անկոտրում կամքով, ազատագրական պայքարի ծնունդ հայ երեք ազգային կուսակցութիւններու առաջնորդութեամբ, պայքարի նոր կարգախօսով, սրբազան զոհողութեան պատրաստ նոր սերունդով, օժտուած բարձրագոյն կրթութեամբ պիտի կրնան թակել աշխարհի որեւէ իրաւական եւ քաղաքական ամբիոն, ոչ թէ աղերսելու, այլ ՊԱՀԱՆՋԵԼՈՒ ցեղասպանութեան հետեւանքներու հաշուետուութիւնը, արդար հատուցումը, վերատիրանալու մեր պապենական պատմական հայրենիքին, որ հազարամեակներ եղած է մեր ժողովուրդի օրրանը:
Վեց դարի անցեալ ունեցող եկուոր Օսմանեան, Քեմալական, կամ Արդի Թուրքեր, դուք ժառանգորդներն էք Ձեր նախինիներուն, դուք պատասխանատու էք մեր պապերուն դէմ կատարուած եղեռնագործութեան, ցեղասպանութեան: Պիտի հատուցէք անպայման, եթէ կ’ուզէք քայլ պահել քաղաքակիրթ աշխարհի մարդկութեան հետ: Հայ ժողովուրդի արդար դատը անժամանցելի է:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին առիթով, Երեւանի հեռատեսիլէն ցոյց տրուող յայտագրին, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի անմառ կրակին առջեւ, ծնրադիր գլուխ խոնարհող, ազնիւ մարդ, համամարդկային արժէքներու հաւատացող, հայրենիքէն վտարանդի, երկար տարիներու քաղբանտարկեալ, ազգութեամբ թուրք, ներկայիս Գերմանիա բնակող, հայոց ցեղասպանութեան ներողութիւն հայցող, քաղաքական գործիչ, Ռեճեփ Մարաշլը, Ձեր վերաբերմունքը խորապէս յուզեցին, մխիթարեցին, թեթեւցուցին ցաւիս փոքր մասը: Սակայն ըսէ ինծի կրնա՞մ չի ՅԻՇԵԼ, մոռնալ հէգ մամիկիս, մեծ քեռիիս տիկնոջ սպաննութիւնը, Մարաշի զօրանոցի դրան առջեւ, եւ նաեւ հարազատներ որոնց մասին երբեք չենք գիտցած: բայց եւ այնպէս քեզի «թեշեքքիւր»:
Հարիւրամեակի առթիւ Ռեճեփ Էրտողան փաշան ի լուռ աշխարհի կը յայտարարէր «տխուր դէպքեր», «հասարակաց ցաւ»-ի մասին եւ ոչ թէ ցեղասպանութեան իրողութեան: Ինք թող յիշէ իր ցաւը Կալիփոլիի, կամ արեւելեան ճակատի Սարիղամիշի սառնամանիքին մահացած հազարաւոր պատերազմող զինուորներու կորուստը, եւ ոչ թէ հայ անզէն քաղաքացիի, անմեղ զոհերու միջեւ հաւասարութիւն դնելը որպէս «երկուստէք ցաւ»: Գձուձօրէն կը խօսի պատմական փաստաթուղթերու առկայութեան: Արդեո՞ք կրնայ ըսել ինծի՝ Ատանայի մարդահամարի տոմարներու մէջ արձանագրուած մօրս հարազատները ու՞ր են, ովքեր են: Մայրական տոհմածառի վրայ երեւցող, միայնակ մնացած անուն մը՝ տարաւ իր հետ անդենական խոր ծերութեան մէջ:
Օ’ն յառաջ, նոր մեկնակէտ, նոր երթ յետ ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին, նոր մարտավարութեամբ, քաղաքակիրթ աշխարհի առաջ նոր առաջադրանքներով՝ բարձրաճակատ ըսելու աշխարհին՝ ԿԸ ՅԻՇԵՆՔ ՈՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ: