Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Յարութ Գնդունի Դարձեալ Բեմի Վրայ

*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*

toros-toranian

«Թիւով 16 երիտասարդ երիտասարդուհիներ 2013ին, համախմբուելով Յարութ Գնդունիին շուրջ կը հիմնեն նոր թատերախումբ մը Պէյրութի մէջ, անուանելով Մհեր Մկրտիչեան: Անուն, որուն արժանի ըլլալ պէտք էր:

Լիբանանահայ գաղութը հարուստ եղած է իր թատերական խումբերով, մեզի յիշել տալով անունները արհեստավարժ բեմադրիչներու – Ճորճ Սարգիսեան, Վարուժան Խտըշեան, Պերճ Ֆազլեան, Գրիգոր Սաթամեան, Վաչէ Ատրունի, Մուշեղ Մուղալեան եւ ուրիշներ:

Ուրիշներու շարքին կը յիշենք Յարութ Գնդունիի անունը 70-90ական թուականներէն՝ երբ վերոյիշեալ անուններէն ոմանք արդէն բեմերու վրայ չեն:

Եւ ահա այսօր յոգնիլ եւ յուսահատիլ չգիտցող այս արհեստավարժ բեմադրիչն ու դերասանը բեմի վրայ է:

Իր իսկ 2013ին հիմնած Մհեր Մկրտիչեան թատերախումբը չաճապարեց բեմ բարձրացնել ու միայն տարի մը յետոյ՝ 2014ին բեմ մղեց այս խումբը երգիծական թատերախաղով մը.- Ռէյ Գունիի «Երկու Կին Մէկ Ամուսին» յորջորջեալ թատերախաղով:

Շատեր հրաշքներ կը սպասէին այս խումբէն, խումբ որուն մասնակիցներէն քիչեր բեմ ելլելու առիթներու ունեցած էին:

Այս խումբին բեմելին մասին մամուլը արձագանգեց թեր ու դէմ կարծիքներով, գնահատանքի բաժինով մը սակայն:

Յարութ Գնդունի արհեստավարժ բեմադրիչն ու դերասանը, ընդունեց սիրով թէ՛ քննադատութիւնը թէ՛ շնորհաւորանք ու խումբին վերագրուածները ի բարին դարձնելու համար լծուեցաւ ծանր աշխատանքի՝ խումբը մարզել անքուն գիշերներ անցնելով, իր շուրջ ունենալով 11 նուիրեալ հայորդիներ որոնցմէ ոմանք գրելու փորձեր ալ կ’ընեն: Թատրոնի իրա՛ւ սիրահարներ, որոնց համար ապրիլ կը նշանակէ՝ թատրոնի բեմ բարձրանալ գիտակցական ուժականութեամբ:

Արդի՞ւնք, 2015ի Մարտ 21 (կալա), 22, 27, 28 եւ 30ին Ակաթա Քրիսթիի «Անկոչ Հիւրը» բեմադրութիւնը:

Երբ Ակաթա Քրիսթի կ’ըսեն, մենք կը յիշենք, որ այս հեղինակը Հալէպի Օթէլ Պարոնի թերասին վրայ նստելով իր մէկ գործը հեղինակած է:

Հիմա 28 Մարտի երեկոյեան կը հասնինք Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահ տեսնելու, ծանօթանալու համար «Անկոչ Հիւրը» ներկայացնողները:

Բեմին վրայ ականատեսը եղանք այս 16 հոգիներէն ութը դերասաններու: Չերեւցող նուիրեալները բեմին ետին էին:

Թատերգութեան նիւթը ոճիրի մը մասին էր եւ ահա ամբողջ երեւցող խումբը՝ ութը հոգի, կը փնտռէին  գտնել ոճրագործը: Դժուարին աշխատանք, ոստիկանական ճարպիկութիւն, մինչեւ անգամ պետական փնտռտուք, խաբէութիւն, ինքնախաբութիւն, նոյնիսկ ձեւաւորուած մահ, զոր լաւագոյնս ներկայացուց խաղցոցղներէն թատրոնի փորձով հարուստ Յովակիմ Քէշիշեանը՝ մահացած մարդու համբերութիւն պահանջող դերով:

Հարուստ է թատերական այս խումբին ծրագիրը.- կապ հաստատել արաբական խումբերուն հետ, ինչ որ բարձրօրէն գնահատելի է երբ իրողութեան վերածուի: Ուժեղ կապի մէջ ըլլալ հայրենի խումբերու հետ, նոյնպէս ջերմապէս գնահատելի: Օտար խումբերու հետ եւս գործակցիլ:

Ու այս բոլորին հասնելու համար խումբը մղել բարձրորակ արուեստի:

Ահա այդ փորձին մէջ գտանք այս խումբը լեցուն սրահի մը առջեւ:

Գրեթէ անթերի պատրաստութիւն հոգեբանական ցնցիչ ապրումներու եւ վիճակներու յայտնութեամբ, ուր Սիմոն Եափուճեանը հանդէս եկաւ մերթ բարկաճայթ, մերթ քաղաքավարութեան օրէնքներով՝ կարենալ ծածկելով իր արարքը նոյնիսկ որպէս խաբեբայ:

Խումբին որպէս թէ խելագար ու հիւանդ դերասանը Վիգէն Քէօշկէրեանն էր, որ կրնանք ըսել լաւագոյնս կատարեց իր հիւանդի դերը՝ յաճախ ատրճանակ ցոյց տալով, ընդմիջումներով բայց յաճախակի բեմ գալով որպէս սարսափ տարածող:

Երբ աւարտին հարց տուի, թէ ինչո՞ւ չկրակեց, խնդալով պատասխանեց.- Արիւն թափել չէի ուզեր:

Սարինէ Խաչատուրեանը, որ կը ներկայացուէր որպէս ոճրագործ, նոյնպէս Յարութ Գնդունին որպէս կասկածելի, կրցան դիմել ինքնապաշտպանութեան:

Այտա Սրապոնեանը աւելի համբերատար, իսկ Քրիսթինա Սրապոնեանը որպէս թէեւ ջղագրգիռ բայց համարձակ տրամաբանող քննիչ, վճռականօրէն կրցաւ ըմբերանել իր դէմ հակաճառող Գնդունին:

Դալար Խաչատուրեանը բոլոր գաղտնիքները որպէս իմացողի հանդէս եկաւ յաճախ մեղմախօսութեամբ:

Խումբը հանդէս եկաւ կատարեալ հասկացողութեամբ: Բեմը յարմարաւէտ դասաւորում ունէր, նոյնպէս երաժշտութիւնը:

Քիչ մը բարձր էին ձայները. կատարուածը ճիգ մըն էր, ով որ կ’ամբաստանուէր որպէս ոճիրը իրագործող ինչպէս չդառնար բարկացայթ:

Ներկաները ծափողջոյններով դիմաւորեցին բեմադրիչն ու դերասանները:

Այս խումբը խոստումնալի է: Կը սպասենք նուաճումներ, շնորհաւորելով ինչ որ տուին, շեշտելով սպասուելիքը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին