Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Յուշերու Շարքէն` Յիսուսի Նկարը

*ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ*

Սկզբնական շրջանի ցուցահանդէսներէս մէկն էր, Նիկոսիոյ «Հիլթըն» պանդոկի ցուցասրահին մէջ: Հաւաքածոյիս մէջէն ընտրած էի մեծ իւղաներկ պաստառներ, վառ գոյներով, որոնց մէկ մասը բնութենէն աւելի մարդկային տարրը շօշափող թէմաներով:

Պաշտօնական բացումին յաջորդ օրը, առաւօտուն, սրահ մտաւ անսովոր թիփ մը: Փոխադարձ բարեւէն եւ քանի մը բառ փոխանակելէն ետք հասկցայ, որ Յունաստանցի մըն էր եւ պանդոկը կը մնար: Սեղանիս վրայ շարուած գիներու ցանկէն օրինակ մը վերցուց եւ սկսաւ ուշի ուշով նկարները դիտել ամէն մէկուն առջեւ բաւարար ժամանակով եւ տեղ-տեղ դէմքն ալ լաւ մը մօտեցնելով պաստառին՝ քիթը դպցնելու աստիճան:

Առաւօտեան յարաբերաբար կանուխ ժամի լռութիւնը խզողը պատերուն անտեսանելի բարձրախօսներէն հոսող մեղմ երաժշտութիւնն էր, հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծելով պանդոկի միջանցքներուն մէջ: Օրուան թերթը ձեռքիս մէջ, գաւաթ մը սուրճին հետ, աչքիս ծայրէն մերթ ընդ մեթր կը հետեւէի մարդուն տարօրինակ, չըսելու համար չափազանցեալ շարժուձեւերուն: Այսպէս, բաւական ատեն տնտնալէն ետք վերադարձաւ եւ քարացած մնաց պաստառներէն մէկուն առջեւ: Խաչուած Յիսուսը ներկայացնող կէս մը արդիական նկար մըն էր, մեծ չափով, մութ գոյներով, ցաւի ու տառապանքի արտայայտչութեամբ եւ արիւն խորհրդանշող հեռամասով:

Երբ պահ մը գլուխս թերթէն վեր առի նորէն, նկատեցի, որ մարդը չկար: Այնպէս կը թուէր, որ ցուցասրահին երրորդ դռնէն կամացուկ մը սպրդած էր դուրս:

Կէսօրէն ետք, այս անծանօթը նորէն եկաւ, շիտակ քալեց դէպի Յիսուսին նկարը եւ դարձեալ խորասուզուեցաւ պաստառը «ըմբոշխնելու» իր մտածումներուն մէջ, բոլորովին անտարբեր՝ շուրջի այցելուներուն: Յետոյ, անշշուկ, մտածկոտ՝ ծնօտը ափին մէջ, սգաւորի մը լրջութեամբ հեռացաւ:

Երեկոյեան, ցուցասրահին կից պանդոկի ընդարձակ պարասրահին մէջ, ճաշկերոյթ-պարահանդէս մը կար: Հրաւիրեալներէն շատեր մեզի ծանօթ, առիթէն օգտուելով եկան նկարները դիտելու, շնորհաւորելու եւ լսելու հարկ եղած բացատրութիւնները: Ճաշասրահը բացուելէն ետք, տիկինս ու ես ա՛լ մեկնեցանք տուն:

Հետեւեալ առտուն, Յիսուսի նկարին վարի ձախ անկիւնը հաստ շրջանակին վրայ այցետոմս մը աչքիս զարկաւ: Կիպրոսի հանրածանօթ փաստաբաններէն մէկուն անունը կար վրան: Յետագային Հանրապետութեան Նախագահին Յանձնակատարը եղաւ: Անունին կից կարմիր փոքր պիտակը կը հաստատէր, որ փաստաբանը նկարը վերապահած էր իրեն, պարահանդէսէն ելլելէն ետք:

Յունաստանցին այդ օրն ալ գնաց-եկաւ առօրեայ իր «աղօթք»ը մրմնջելու Յիսուսի նկարին առջեւ: Կէսօրուան դադարէն ետք երբ ցուցասրահ եկայ, այս անգամ փաստաբանին այցետոմսին փակած թուղթ մը նշմարեցի, վրան հետեւեալ գրութեամբ:

«I admire this painting very much and congratulate Mr. Polakis Sarris for his excellent choice».

«Կը հիանամ այս նկարին վրայ եւ կը շնորհաւորեմ Պրն. Բոլաքիս Սարրիսը իր սքանչելի ընտրութեան համար»:

Տարակոյս չկար, որ խորհրդաւոր այցելուն իր խորհրդածութիւնները միմիայն ինքզինքին չէր ուզած պահել:

Երկար չտեւեց հասկնալու թէ ո՞ւր պիտի յանգէին շարունակական այս այցելութիւնները:

Վերջընթեր օրը առաւօտուն, երբ «Հիլթըն»ի ապահովութեան պաշտօնեան ցուցասրահը բացաւ, պատէն կախուած պաստառներու շարքին պարապութիւն մը ուշադրութիւնս գրաւեց:

Յիսուսի նկարը չկար:

Քննութիւն բացինք անմիջապէս: Սարրիսի գրասենեակէն պատասխան եկաւ որ նկարը վերցուցած չեն: Լուր տուինք պանդոկի պատասխանատուներուն: Կասկած չկար մտքիս մէջ, որ Յունաստանցիին մատը կար այս «գողութեան» մէջ, բայց կը պակսէր փաստը: Իսկական անտրամադրութիւն մը պատեց զիս, եւ անկարելի եղաւ մեղմել այդ անհանգստութիւնը, հակառակ արուեստասէրներու եւ բարեկամներու այցելութեան եւ դրուատական արտայայտութիւններուն: Ուղեղս քերթող հարցականը այն էր, որ ի՜նչ համարձակութեամբ, ինչպէ՜ս, բանուկ պանդոկի մը միջանցքներէն կրնար աննկատ անցնիլ մեծկակ նկարի մը անհետացումը:

Վերջին օրը առաւօտուն երբ ցուցասրահ մտայ, հաճելի անակնկալ մը դիմաւորեց զիս, երբ Յիսուսի նկարը վերստին կախուած գտայ իր տեղը, տակաւին փաստաբանին այցետոմսն ալ վրան:

Հարցը չուզեցի երկարել: Ուրախ լուրը «Հիլթըն»ի տնօրէնութեան հաղորդելէն ետք, խնդրեցի, որ վերջ տան հետապնդումին, աւելորդ տաղտուկէ մը խուսափելու սիրոյն, յիշելով Ամերիկացի իմաստասէր Dale Carnegie-ի մէկ խօսքը: «The best way of winning an argument is to avoid it». «Բանավէճ մը շահելու լաւագոյն ձեւը անկէ խուսափիլն է»:

Այդ օրէն 35 տարի ետք, խաչելութեան այս նկարը կը գտնուի Պրն© Սարրիսի գրասենեակին մէջ, աչքի առջեւ շարունակ: Շաբաթ մը առաջ, երբ բարեկամական այցելութիւն մը տուի իրեն եւ յիշեցուցի այս դէպքը, հետեւեալ պատասխանը տուաւ:

– Փորձանք մը անցուց, այո՛, բայց հաւատա՛, որ ինծի բախտ բերաւ այս նկարը, կարելի չէ փոխարինել ասիկա, հետս պիտի մնայ շարունակ…

Կը լսէինք յաճախ յայտնի գործերու թալանումը մեծ թանգարաններէն կամ սեփական հաւաքածոներէն, բայց երբեք չէի ակնկալեր, որ համեստ մէկ գործս պիտի արժանանար նոյնանման ճակատագրի, ապահով կղզիի մը երկնքին տակ: Ո՞ւր կրնայ եղեր առաջնորդել արուեստի սիրահարութիւնը: Արժէ՞քն էր: Նի՞ւթը, գոյնե՞րը, թէքնի՞քը: Մարդկային տկարութի՞ւնը, բնա՞զդը: Պատեհապաշտական փորձութի՞ւնը: Ներքին հիւանդութի՞ւն մը:

Եւ այո՛ եւ ո՛չ:

Արուեստի եւ կամ մշակոյթի հասկացողութիւնը կարեւոր մտածողութիւն մըն է, հոգեբանութիւն մը, որ արմատացած է մարդ արարածի էութեան մէջ: Առաքելութիւն մըն է, վճի՛ռ մը, ըմբռնո՛ւմ մը, որ ոչ միայն արուեստագէտը այլեւ արուեստասէրը կ’առաջնորդէ ճշմարտութեան: Այս նպատակի առարկայացումն էր, որ հաւանաբար ցոլացած երեւաց Յունաստանցիին, Յիսուսի նկարին մէջ, եթէ հարկաւ ի՛նքն էր «չարագործ»ը: Անտարակոյս, այս մարդը արուեստի «խենթ» մըն էր, այլապէս ինչ պատճառ ունէր երկար ժամեր յատկացնելու նկարներուն առջեւ: Միշտ գնահատած եմ այցելուներ, որոնք հարեւանցի դիտելէն աւելի՝ յատուկ հետաքրքրութեամբ եւ կեդրոնացումով պտտցուցած են իրենց աչքերը պաստառի մը մէկ անկիւնէն միւսը, միշտ ալ հարցում մը կամ երկու կախուած իրենց բերնէն: Ասիկա ինծի համար մարդս իր բնութեան վերամիացնելու փորձ մըն է, ա՛յն արժէքներուն, որոնք մեր ընկերութիւնը, մեր միջավայրը հոգեպէս, իմացականապէս եւ ինչու չէ ֆիզիքապէս առողջ, հասուն եւ ազնիւ կը պահեն, մարդ-մարդու, միտք-մտքի ամուսնութիւնը կը ստեղծեն իբրեւ բարոյական պատրաստութիւն, իբրեւ Աստուածա՛յին արարք:

Խաչուած Յիսուսի նկարը պոռթկում մըն էր, ըմբոստութիւն մը, անգթութեան եւ անարդարութեան հետեւանքով ստեղծուած ողբերգական վիճակ մը, դառն ճակատագրի եւ լեղի ճշմարտութեան ներկայացում մը, որոնք դուռ բացին յանկարծական փորձութեան եւ ապա գուցէ՝ մեղանչումի:

Նկարը սրահէն հանելով ու տանելով, մարդը ա՛լ աւելի հաղորդուեցաւ անոր հետ, իր մենութեան ու միայնութեան մէջ, թերեւսՙ արցունք, արիւն եւ ցաւ կիսեց տառապակոծ Յիսուսի հետ, իւղաներկին գոյներէն եւ գիծերէն անդին, պաստառին մակերեսէն վեր, խաչափայտի հակած գլխէն ա՛լ աւելի խոր՝ թափանցում մը զգաց, ուղեղը քերթեց, սիրտը հալեցուց եւ վերջապէս, ամէնէն կարեւորը՝ ապրեցաւ այն ներշնչումը որ կլանած էր զիս արտադրելու նկարը, մատիտի առաջին գիծէն մինչեւ վրձինի վերջին հարուածը:

Նկարչական կեանքի երփներանգ փորձառութիւններէս այս մէկը մասնաւորաբար իմ առջեւ կը փռէ երկու հարցում, որոնց պատասխանը չեմ գիտեր եւ ոչ ալ պիտի գիտնամ:

Ինչո՞ւ համար այս մարդը նկարը չգնեց, երբ քանի մը օրուան պանդոկի ծախսով կրնար դիւրաւ հատուցել գինը եւ յետոյ, ինչո՞ւ համար ես ինծի՛ չվերապահեցի զայն, ինչպէս ըրած եմ կարգ մը այլ գործերուս պարագային:

Յիսուսի նկարին ճակատագիրը նժար նժարի բերաւ մեզ՝ երկուքս, Յունաստանցին եւ զիս, մեր ճաշակի՛ն, մեր գնահատումի՛ն, մեր հասկացողութեա՛ն, մեր մտածելակերպի՛ն, մեր մեկնաբանութեա՛ն, այլ մանաւանդ՝ ափսո՛ս… մեր կորուստին մէջ…

Նիկոսիա

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին