Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

ԿԲՎ-ի Շրջանաւարտից Միութիւնը 25 Տարեկան Է

25 տարիքը բոլորած աշխատասէր երիտասարդ է Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Շրջանաւարտից Միութիւնը: 25 տարուան հետեւողական աշխատանքով սնունդ առած ու աճած է եւ դարձած է բոլոր ժամանակներու հայ աշակերտները գրկաբաց ընդունող վարժարանին հարազատ նեցուկը:

1990-ին ամերիկաբնակ 11 շրջանաւարտներ վարժարանին մնայուն նեցուկ կանգնելու գաղափարը կը յղանան եւ կ’որոշեն անմիջապէս գործի լծուելով հիմնել Շրջանաւարտից Միութիւն:

Որոշում տալը մեծ աշխատանքի մը առաջին քայլն է, որ սակայն խօսքի սահմաններու մէջ կը մնայ, եթէ անոր մղում չտայ ի՛նքը՝ շօշափելի գործը: Այդպէս ալ եղած է. հայ ժողովուրդին, այսպէս ըսուած Սփիւռքի «երկրորդ հայրենիքին» մէջ 1922 թուականին կառուցուած Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանին նիւթական ու բարոյական օժանդակութեան ձեռք երկարեցին այս մեծ գաղութին մէջ հաստատուած հարազատ զաւակները վարժարանին:

Ուրբաթ, 27 Փետրուար 2015-ին Phoenicia ճաշարանին մէջ 260 ներկաներով նշուեցաւ Միութեան 25 ամեակը: Յատուկ հրաւէրով Պէյրութէն ժամանած էր վարժարանի տնօրէնուհին՝ Տիկ. Մարալ Տէյիրմէնճեան: Ներկայ էին նաեւ նախկին տնօրէններէն Արամ Պուլղուրճեան, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներ՝ Հայկազ Չալեան եւ Անի Յակոբեան:

Օրուան հանդիսավար Մէյրի Գոնիալեանի բարեգալուստի խօսքէն ետք վեր. Պերճ Ճամպազեան, Արա Գուրույեան եւ Րաֆֆի Քերպապեան երգեցին Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները: Ապա, վեր. Կալվին Սաղըրեան առ Աստուած ուղղած իր խօսքով փառք տուաւ հայ դպրոց մը հիմնելու տեսիլքը ունեցող ԿԲՎ-ի հիմնադիրներուն համար, որոնց գերագոյն նպատակը եղած է հայրենիքէն հեռու օտար երկրի մը մէջ հայ մանուկին հայ լեզուն ջամբել, զինք Քրիստոսի ճշմարիտ ճամբան առաջնորդել եւ այդ ձեւով տիպար հայն ու քաղաքացին կերտել: Ան նաեւ փառք տուաւ, որ այս ափերուն վարժարանին հանդէպ երախտագէտ հայորդիներ իրենց սրտի պարտքը կը համարեն վարժարանին աջակցիլն ու անոր յառաջդիմութեամբ խնդակցիլը:

Միութեան հիմնադիրներէն Գաբրիէլ Ալպարեան եւ Արա Գալֆայեան ցուցադրեցին կարճ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն ներկաները Գօգօ Պալեանի ձայնով ականջալուր եւ ականատես եղան միութեան գործունէութեան եւ սիրով տարուած աշխատանքին, որ կարելի է բացատրել միայն «We care for CHS» նշանաբանով:

Միութեան ատենապետ Վարուժ Չարխըտեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն  յայտնեց հեռուէն ու մօտէն ներկայ գտնուող շրջանաւարտներուն, վարչականներուն, կազմակերպիչ յանձնախումբին, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Լեւոն Ֆիլեանին եւ Ազգային Առաջնորդարանի վաժարաններու Խնամակալ Մարմնի անդամ Մակի Սարգունիին: Ապա, փոխանցեց, թէ վարժարանին նիւթական օժանդակութիւնը տարուէ տարի վերելք արձանագրած է եւ այժմ կը ծածկէ վարժարանի տարեկան պիւտճէին 15 առ հարիւրը: Պէտք է ընդգծել, որ 25 տարուան ընթացքին Ամերիկայի Շրջանաւարտից Միութեան նիւթական ներդրումը մէկ միլիոն տոլարի սահմանը անցած է արդէն: Միութեան գոյացուցած գումարին առիւծի բաժինը իբրեւ նուիրատուութիւն կը տրամադրուի 1953 թուականին շրջանաւարտ Ճերի եւ տիկնոջ Փաթ Թրփէնճեաններուն կողմէ: Այս առիթով ատենապետը կարդաց ներկաներուն ուղղուած Թրփէնճեանին նամակը:

Հակիրճ խօսքով հանդէս եկաւ Լեւոն Ֆիլեան, որ ընդգծեց, թէ Աւետարանչական առաքելութեան ծիրին մէջ կ’իյնայ նաեւ աւետարանական վարժարաններուն նիւթական օժանդակութեան ձեռք երկարելու կարելիութիւնը, որոնց շարքին է ԿԲՎ-ը:

«Չորրորդ անգամն է, որ ձեր մէջ կը գտնուիմ եւ արդէն բոլորդ հարազատներ էք» բառերով սկսաւ իր խօսքը ԿԲՎ-ի տնօրէնուհին տիկ. Մարալ Տէյիրմէնճեան, աւելցնելով որ վարժարանի մանկապարտէզի աշակերտներն անգամ ծանօթ են իրենցմէ մղոններ հեռու ապրող անծանօթ, բայց հոգատար եւ յուսատու Շրջանաւարտից Միութեան անդամներուն: Տիկ. Մարալ ցուցադրեց յատկապէս այս ձեռնարկին համար պատրաստուած եւ ԿԲՎ-ի բոլոր աշխատանքներուն օգտակար հանդիսացող Ճան Սաղըրեանի ձայնով արձանագրուած տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն ներկաները ականատես եղան վարժարանի տարածքին կատարուած նորոգութիւններուն եւ նոր բաժիններու շինարարական աշխատանքներուն, որոնց նիւթականը տրամադրուած է Շրջանաւարտից Միութեան կողմէ: Ներկայիս 328 աշակերտ պարփակող այս վարժարանի յաջողութիւններուն, դաստիարակութեան մասին շրջող խօսքերէն տիկ. Մարալ Լիբանանի երեք հայ հանրայայտ անձնաւորութիւններու համադրուած եւ հասարակաց միտքը վկայակոչեց, ըսելով՝ «կրթուած, յարգալիր, հասկցող աշակերտներ, որոնք կը վայելեն սիրոյ մթնոլորտը եւ կը մեծնան հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութեամբ»:

Ան մեծ ուրախութեամբ թուեց աշակերտներուն ներդպրոցական եւ արտադպրոցական յաջողութիւնները, ինչպէս նաեւ ուսուցչական կազմին ներկայացուած վերաորակաւորման դասախօսութիւնները: Խօսքի աւարտին ներկայացուց  վարժարանը բարելաւելու համար անհրաժեշտ ապագայ ծրագիրները, նշելով որ անոնց իրագործումը կը կարօտի նիւթականի:

Տիկ. Մարալ Տէյիրմէնճեան յատուկ յուշանուէրներով պատուեց Գաբրիէլ Ալպարեանն ու Արա Գալֆայեանը, տարիներու իրենց անսակարկ աշխատանքին համար:

Ներկաները վայելեցին գեղարուեստական հիանալի պահ մը, երբ ջութակահար եւ սոփրանօ երգչուհի Լուսինէ Ֆիլըն (Ֆըյելոն) մեներգեց “Je Veux Vivre” (Րոմիոյ եւ Ճիւլիէթ) եւ Alyabyev-ի “Solovey”-ը, դաշնակի ընկերակցութեամբ Սիրարփի Զիրեքեանցի: Ապա, ջութակահար Լուսինէն հիանալի ձեւով նուագեց Վիվալտիի «Ամառ»ը եւ Արա Գէորգեանի «Արցախ»ը:

Աւանդութեան վերածուած հաճելի սովորութիւն մըն է պատուել «տարուան ուսուցիչը»: Այս իմաստով, Յակոբ Տէր Կարապետեան ներկայացուց 2015 տարուան ուսուցիչը՝ Հայկազ Չալեանի կենսագրականը: Ան 1961-1973 եղած է ԿԲՎի ուսուցիչ, ինչպէս նաեւ տնօրէնի օգնական: «Ուսողութիւն եւ բնագիտութիւն դասաւանդած եւ աշակերտներէն սիրուած պրն. Չալեան եղած է հոգատար ընկեր մը բոլորին, որուն պատճառով մենք՝ բոլոր սերունդներու աշակերտները անքակտելի կապով մը միացած ենք մեր վարժարանին», ըսաւ ան: Ապա, Տէր Կարապետեան զինք պատուեց գնահատական անկեղծ խօսքերու յուշատախտակով մը:

Հայկազ Չալեան յուզումով շնորհակալութիւն յայտնեց իր աշակերտներուն եւ հոծ ներկայութեան եւ ըսաւ, որ երեսուն տարիներ ետք միայն կրցած է այցելել ԿԲՎ եւ տնօրէնուհիին հրաւէրով բարեբախտութիւնը ունեցած է շրջանաւարտներու հանդէսին ներկայ գտնուելու: Խօսքը ուղղելով ձեռնարկին ներկայ գտնուող «աշակերտներուն», ըսաւ. «Ապրի’ք, տակաւին լաւ աշակերտներ էք, հոս ներկայ էք, որովհետեւ կը հաւատաք ձեր սիրելի վարժարանի առաքելութեան»:

Երաժշտական դադարով ելոյթ ունեցաւ 1962-ի շրջանաւարտներէն Յակոբ Քիւփէլեան, որ ներկաներուն հրամցուց հայ դասական ու ժողովրդական երգերու փունջ մը, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Եսթեր Ասիլեանի:

Մէյրի Գոնիալեան ներկայացուց  գիտութեան, մարդկութեան եւ հայութեան ծառայող տարուան շրջանաւարտ Ճոն Թիթիզեանի բեղուն գործունէութեան կարելի եղած չափով հակիրճ կենսագրականը: Թիթիզեան 1963-ին ԿԲՎ-էն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք hաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր 1972 USC համալսարանէն ստացած է Ելեկտրական ճարտարագիտութեան (Electrical Engineering) Մագիստրոսի (MS) աստիճանը: Ելեկտրագիտութեան տարբեր մարզերու մէջ կատարած իր գիւտերու կողքին, նշուեցաւ որ ան գիւտարարն է նաեւ “Power transistor for the ARSR4-Radar system”, որուն համար արժանացած է “Distinguished fellow of technology” տիտղոսին: Տիկ. Գոնիալեան նշեց, որ գիտական միտք ունենալն ու գիտութեան աշխարհին ծառայելը երբեք Թիթիզեանը հեռու չեն պահած հայութենէն: Ան մինչեւ այսօր հայ ժողովուրդի կարիքներուն գործնական նեցուկ կանգնող հայորդի մըն է: Ճոն Թիթիզեան պարգեւատրուեցաւ Շրջանաւարտից Միութեան պատրաստած յատուկ յուշատախտակով:

Ապա, Ճոն Թիթիզեան խօսք առնելով յիշեց իր ուսուցիչներէն Հայկազ Չալեանին, Բարսեղ Անանեանին, պրն. Թութիկեանին անունները, որոնք խոր ազդեցութիւն ձգած էին իր վրայ: Ան տուաւ մեղուին իր փեթակին կապուած ըլլալու ու հեռանալէ ետք միշտ իր տունը վերադառնալու օրինակը, ընդգծելով որ մենք հայերս ալ նոյնը պէտք է ընենք եւ մեր նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւններով վերադառնանք մեր փեթակին՝ Հայաստանին ու հայութեան, այս պարագային նաեւ մեր վարժարանին:

Տեղի ունեցաւ անձայն աճուրդ մը, Լեւոն Թրավըլի տրամադրած Հայաստան երթ ու դարձի տոմսին համար:

Ուրախութեամբ կը նշենք, որ Հայկազ Չալեան, Ճոն Թիթիզեան եւ Գաբրիէլ Ալպարեան վկայագրեր ստացան Քոնկրէսի անդամ Ատամ Շիֆէն, Գալիֆորնիոյ Օրէնսդիր ժողովի անդամներէն՝ Մայք Կաթոյէն եւ Ատրին Նազարեանէն: Իսկ ԿԲՎ-ի ուսուցչակազմը իրենց սիրելի տնօրէնուհիին իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու համար, առանց ներկաներուն յայտարարելու,  Մայքըլ Արամի «Արարատն ու Նոյան տապանը» նուիրեցին:  

Նշենք, որ այս առիթով գնահատական եւ շնորհաւորական նամակներ, Միութեան պատմականն ու հարկ եղած տեղեկութիւններ բովանդակող գրքոյկ մը բաժնուեցաւ ներկաներուն: Ներկաները ստացան նաեւ Արա Ասիլեանի կողմէ տրամադրուած գաւաթներ, որոնց վրայ արձանագրուած էր ԿԲՎ անունը:

Ճաշկերոյթի աւարտին վարչական անդամները, տնօրէնուհին եւ Տիգրան Սրապեան հատեցին 25 ամեակի կարկանդակը, որ տրամադրուած էր 1980-ի շրջանաւարտ Տիգրան Սրապեանին կողմէ:

 ԿԲՎ-ի Ամերիկայի

Շրջանաւարտից Միութիւն

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին