Շաբաթ, 28 Մարտ 2015-ին տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի կազմակերպած “Հրանդ Տինք” միջ-դպրոցական շարադրութեան Ե. մրցանքի մրցանակաբաշխութեան հանդիսութիւնը, որ եկաւ անգամ մը եւս վերահաստատելու Հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան տէր մնալու հայ նոր սերունդին կեցուածքը եւ անոր հաւատարմութիւնը՝ Հայ դատի պաշտպանութեան համար ինկած նահատակներու կտակին: Այս առիթով Պէյրութ ժամանած էր յայտնի գրող եւ մտաւորական, Հրանդ Տինքի դատապաշտպան տիկին Ֆեթհիէ Չեթին. անոր արտասանած խօսքը իւրայատուկ դրոշմով կնքեց հանդիսութիւնը, որուն ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, լիբանանահայ դպրոցներու տնօրէններ եւ ուսուցիչներ, մամուլի եւ միութենական ներկայացուցիչներ, մրցանքին մասնակից աշակերտներ, ծնողներ եւ մեծ թիւով բարեկամներ: Հանդիսութիւնը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմնին:
Հրանդ Տինքի կեանքին ու գործունէութեան մասին տեսաերիզի ցուցադրութենէն ետք, բացման խօսքը կատարեց Մեսրոպեան վարժարանի Աշակերտական խորհուրդի ներկայացուցիչ Նայիրա Պաղտասարեան: Աշակերտուհին ըսաւ. “Հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը կանգ պիտի չառնէ. Հրանդ Տինքի արեան կաթիլներէն նոր Տինքեր պիտի ծնին, նորերը պիտի գան ու Հայոց Ցեղասպանութեան արդար հատուցման ի խնդիր պիտի պայքարին մինչեւ ամբողջական յաղթանակ”:
Հանդիսութեան առաջին բանախօսն էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմնի ատենապետուհի տիկին Սեդա Խտշեան, որ ներկայացուց Ֆեթհիէ Չեթինի մեծ հռչակի տիրացած “Մեծ Մայրիկս” վէպը, որուն մէջ հեղինակը կը պատմէ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած իր մեծ մօր ոդիսականը եւ անձնապէս ապրած ցնցումը՝ իր հայկական արմատներու անակնկալ բացայայտման առիթով: Տիկին Խտշեան ըսաւ, որ այս վէպը կ՛արտացոլացնէ ճակատագիրը թէ Ցեղասպանութեան պատճառով բռնօրէն թրքացուած հայորդիներու եւ թէ անոնց ժառանգներուն, որոնց թիւը Թուրքիոյ մէջ ներկայիս կը գնահատուի մօտ երկու միլիոն:
Ապա խօսք առաւ “Հրանդ Տինք” մրցանքի նախկին մրցանակակիրներէն Շուշան Քէշիշեան: Ան վկայեց, որ մրցանքին իր մասնակցութիւնը նպաստած է, որ խորհրդածէ Հայ Դատի մասին՝ Տինքի նահատակութեան պարագաներու լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ կարծիքներ ձեւաւորէ հայութեան խնդիրներուն մասին:
Տիկին Ֆեթհիէ Չեթինի խօսքը եղաւ կուռ եւ անմիջական: Յայտնի դատապաշտպանը ըսաւ, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած են բազմաթիւ քաղաքական սպանութիւններ, որոնց դատական թղթածրարները փակուած են հապշտապ: Սակայն Հրանդ Տինքի սպանութեան դատը առ այսօր կը շարունակուի, եւ հակառակ ամէն տեսակի խարդաւանքներու եւ ճնշումներու, Տինքի կտակին հաւատարիմ մարդիկ վճռած են զայն հասցնել իր արդար եզրափակումին, երեւան բերելու համար ամբողջ ճշմարտութիւնը եւ բացայայտելու ոճիրին մասնակից բոլոր կողմերը: Ֆեթհիէ Չեթին ըսաւ, որ իր մէկ կողմը հայ է, մէկ կողմն ալ՝ թուրք, եւ իր թուրք կողմով ինքը պատասխանատու կը զգայ Հայոց Ցեղասպանութեան: Տիկին Չեթինի խօսքը հայերէնի թարգմանեց հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան:
Խօսք առաւ “Հրանդ Տինք” մրցանքի դատական կազմի ներկայացուցիչ պրն. Ժիրայր Դանիէլեան, որ ընդհանուր բացատրական մը տալէ ետք մրցանքի կայացման պայմաններուն մասին, գոհունակութեամբ դիտել տուաւ, որ այս տարուան մրցանքի շարադրութիւնները նկատառելիօրէն կը գերազանցէին նախորդները՝ իրենց լեզուական, շարահիւսական եւ ստեղծագործական մասերով: Պրն. Դանիէլեան այս առիթով գնահատեց աշակերտները՝ իրենց լրջութեան, դպրոցները՝ իրենց մասնակցութեան ոգիին եւ ուսուցիչները՝ աշակերտներու պատրաստութեան համար կատարած աշխատանքին համար:
Հրանդ Տինք շարադրութեան Ե. մրցանքի մասնակից 39 աշակերտներուն մէջ առաջին հանդիսացաւ Շանթալ Ատաճեան (Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարան), երկրորդ հանդիսացաւ Սէրլի Կարապետեան (Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Գ. Հարպոյեան Վարժարան), երրորդ հանդիսացաւ Լորի Գորէսեան (Համազգայինի Մ. Եւ. Հ. Արսլանեան Ճեմարան): Յիշատակութեան արժանացան Հերա Տէտէեան (Համազգայինին Մ. Եւ. Հ. Արսլանեան Ճեմարան) եւ Թամար Կանիմեան (Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Գ. Հարպոյեան Վարժարան): Մրցանակակիրները ստացան դրամական պարգեւներ եւ գիրքեր, իսկ բոլոր մասնակիցները՝ վկայագիրներ: Մրցանքի նշանակը յանձնուեցաւ առաջնութիւնը շահած աշակերտին՝ որպէսզի հանգրուանէ իր ներկայացուցած վարժարանին մէջ՝ մինչեւ յաջորդ մրցանակաբաշխութիւն:
Հանդիսութեան փակման խօսքին մէջ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց դատական կազմի անդմաներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին մրցանքի կայացման: Ան գոհունակութեամբ ըսաւ, որ այս տարի մրցանքին մասնակցեցան մինչ այժմ արձանագրուած առաւելագոյն՝ թիւով 15 լիբանանահայ վարժարաններ:
Հանդիսութեան գեղարուեստական մասով երգեր կատարեցին Մեսրոպեանի աշակերտներ Կարինէ Ներսէսեան եւ Գրիգոր Գարատէլեան:
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ