Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Ընկ. Վահագնի Յիշատակին

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Sevag Hagopian

Տարիներ առաջ այն միեւնոյն եկեղեցւոյ մէջ, ուր այսօր հրաժեշտ տուինք ընկեր Վահագնին, իր զաւակներուն՝ Թամարին, Սեզային եւ Կարէնին նման, ես ալ իմ կարգիս հօրս հրաժեշտ կու տայի, մտովին վերաքաղը  ընելով անոր խօսքերուն ու խրատներուն:

Հայրս ամենապարզ բացատրութեամբ մը մարդկութիւնը բաժնած էր երկու դասակարգի՝ «Չար Սիրտ» մարդիկ եւ «Բարի Սիրտ» մարդիկ: Երբ շատ երիտասարդ էի՝ այսինքն հաւատացած էի, որ ամէն բան գիտեմ, շատ ալ լուրջի չէի առած համեստ ուսումի տէր հօրս վերոյիշեալ սահմանումը: Ես այն ատեն վստահ էի, որ մարդիկ սեւամորթ կ՛ըլլան կամ ճերմակ, հարուստ կամ աղքատ, երկար հասակ կամ կարճ, խելացի կամ նուազ խելացի, եւայլն: Տարիներ ետք սակայն երբ աւելի մեծցայ, այսինքն անդրադարձայ, որ բան մըն ալ չեմ գիտեր, մարդիկը նման երկու դասակարգերու բաժնելու հօրս միտքը շատ իրաւացի եւ խորունկ սկսաւ թուիլ ինծի: Ընկեր Վահագնը այդ Բարի Սիրտ ունեցող մարդկանց դասակարգին կը պատկանէր:

Բարի եւ ազնիւ մարդ էր ընկեր Վահագնը: Ան ընկեր  էր բառին ամէնէն լայն իմաստով։ Ունէր նկարագրային գիծ մը, որ զինք շուտով մտերիմ կը դարձնէր իր հետ ծանօթացողին։ Ան իրեն յատուկ հիւմըրով ու ժպիտով կը դիմաւորէր ոեւէ նոր բարեկամ, ու քանի մը վայրկեանի զրոյցէ ետք, կը ստեղծէր այնպիսի կապ մը եւ մտերմութիւն մը, որ կարծէք թէ երկար տարիներ բարեկամ էր նորեկին հետ. եւ այդ բարեկամութիւնը կը տեւէր երկար, կը մնար անխախտ։

Ընկեր Վահագնը հայրենասէր ու ազգասէր գլխագիր Մարդ էր: Ան ընտրած էր իր Հայրենիքին ու ազգին ծառայել Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան միջոցաւ:

Գաղափարական կուսակցական էր ան եւ մտահոգ ու հետաքրքրուած Հայ ժողովուրդին, Հայրենիքին ու իր սիրած կուսակցութեան դիմագրաւած մէն մի մանրամասնութեամբ, նոյնիսկ իր հիւանդ օրերու անկողնին մէջէն:

Մօտէն կը հետեւէր ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանակի գործունէութեան ու միշտ գնահատանքի խօսք մը ունէր ըսելիք: Անհանգիստ օրերուն իսկ կը ջանար ձեռնարկներու կամ ժողովներու ներկայ ըլլալ: Իր տարիքին ու փորձին պարտադրած աւանդապաշտ կամ պահպանողական կաշկանդուածութիւն չուներ ընկեր Վահագնը: Ան հպարտ էր կուսակցութեան Լիբանանի երիտասարդ ղեկավարութեամբ եւ անոր զօրավիգ ու կողքին էր միշտ:

Հաւատարիմ ընթերցողն էր ընկեր Վահագնը ՌԱԿ-ի Լիբանանի օրկան՝ ԶԱՐԹՕՆՔին: Վերջին շրջանին իր հեռաձայնային կապերը մեր հետ ցոյց կու տային՝ իր այնչափ կապուածութիւնը մեր թերթին: Զարմանալիօրէն կարդացած կ՛ըլլար մէն մի յօդուածն ու լուրը եւ ըսելիք մը կամ շնորհաւորանք մը ունէր փոխանցելիք անոնց ուղղութեամբ: Կը զարմանայի իր անխոնջ հետեւողականութեան վրայ: Բարձրաձայն գիտէր գնահատել, իսկ բացթողումներու պարագային մեղմութեամբ կը յուշէր: Մինչ մարդկային տկարութիւններէն է միշտ քննադատել մանաւանդ երբ տուեալ քննադատող անձը գործ ընել չգիտնալով խելք կը փորձէ բաժնել, ընկեր Վահագնը անվարան ու անսակարկ կերպով գիտէր ամենափոքր բանը գնահատել: Կը յիշեմ ընդամէնը ամիս մը առաջ՝ երբ մեր անգլերէն յաւելուածի առաջին թիւը հրատարակեցինք, ես ինքս տակաւին անոր տպագիրը չտեսած առտու կանուխ հեռաձայնս հնչեց: Ընկեր Վահագն էր, որ իր հիւանդ վիճակին հակառակ ամենա աշխոյժ ձայնով ու խանդավառութեամբ շնորհաւորեց այս նախաձեռնութիւնը եւ անսահման ուրախութին յայտնեց ըսելով, որ իր Կարէնն ու կարէնները յետայսու «ԶԱՐԹՕՆՔ» պիտի կարդան իրենց ծանօթ լեզուով:

Ընկեր Վահագնի մեկնումով, տակաւին երկար պիտի կարօտնամ իր առաւօտեան հեռաձայնները:

Ընկեր Վահագնը Լիբանանի ապահովութեամբ ու ապագայով մտահոգ հայրենասէր լիբանանցի մըն էր նաեւ: Որպէս հայր մտահոգ էր իր եւ մեր զաւակներուն ապագայով: Կը յիշեմ օրուայ մը մեր մէկ մանշէթին  մասին, որ կը վերաբերէր Տաէշի վտանգին, ան որքան երկար եւ խորունկ քննարկեց մեր սիրելի Լիբանանի ճակատագիրը:

Կ’ըսեն՝ անփոխարինելի մարդ չկայ։ Իսկ ո՜վ պիտի փոխարինէ ընկեր Վահագնը եւ իր նմանները, որոնք օրէ օր հրաժեշտ կու տան մեզի՝ մարդու սով ստեղծելով մեր շուրջ, մեր մէ՛ջ. գաղափարակա՛ն, սկզբունքայի՛ն եւ հայրենասէ՛ր մարդու սով։ Իր եւ նմաններուն օրինակները սերունդներու համար պիտի ըլլան ուղեցոյց՝ անսահման զոհաբերութեան, նուիրումի, աշխատասիրութեան եւ յարատեւութեան։

Արդար էր ընկեր Վահագնը եւ արդարներուն յիշատակը միշտ օրհնեալ է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին