Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան 10-րդ դասարանի աշակերտ էի այդ տարին: Լիբանան՝ կրակի տակ, ես՝ գիշերօթիկ Կիպրոսի մէջ, իսկ հայրս պանդուխտ՝ Ճետտա, Սէուտական Արաբիա: Նամակը կը կրէ 12 Մարտ 1985 թուականը: Կ’արտագրեմ ինչպէս որ է, դուրս ձգելով միայն ընտանեկան նեղ ու չնչին մանրամասնութիւններ, որոնք այլապէս ոչինչ պիտի փոխէին նամակին բովանդակութենէն:
Օրերս, պատահաբար, երբ այլ թուղթեր կը փնտռէի, գտայ այս նամակը: Վերընթերցեցի ուղիղ երեսուն տարի ետք, եւ մէջս ցանկութիւն յառաջացաւ պատասխանելու… 30 տարի ետք: Ահաւասիկ նամակը, եւ… անոր պատասխանը:
Հ.Ա.Ս.
[divide width=»medium»]
- ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅՈՒ ՄԸ ՆԱՄԱԿԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԻՐ ՈՐԴՒՈՅՆ
Ճետտա, 12 Մարտ 1985
Շատ սիրելի ու թանկագին տղաս, Հրա՛չ,
Երկու օր ետք, ծրագրած եմ Պէյրութ վերադառնալ ու միանալ մեր ընտանեկան պարագաներուն:
Այժմ, գործերուս դասաւորումէն ետք, երբ լիբանանեան քաղաքացիներուն համար վիզայի եւ աշխատանքի արտօնութեան արգելք մը կայ, այլեւս անիմաստ կը գտնեմ հիւրաբար այստեղ մնալս: Սակայն, լաւ եղաւ որ երեք շաբաթով այցելեցի եւ յետնեալ հաշիւներս փակեցի ընկերութեան հետ: Այժմ, պէտք է Պէյրութ վերադառնամ եւ կեդրոնանամ այնտեղի գործերուս վրայ: Այսքանը իմ մասիս:
Յուսամ, լաւ ու հանգիստ ես:
…Այժմ, կը զգամ թէ դուն ալ հասուն պատանիի մը ու երիտասարդութեան սեմին գտնուող ուսանողի տրամադրութիւնները ունիս:
…Հակառակ անոր որ ֆիզիքապէս հեռու կը գտնուինք իրարմէ, բայց մտածումներով եւ զգացումներով, ամէն վայրկեան դուն իմ մօտս ես, ու ես քեզի հետ կը զրուցեմ թէ հայրաբար, եւ թէ իրբեւ երէց բարեկամ եւ ուսուցիչ: Մեր ամբողջ յոյսն է, որ տարի առ տարի, ուսումնական ընթացքդ հեզասահօրէն հասնի իր բարձրագոյն հանգրուաններուն:
Մենք, ես ու մաման, …մեր կեանքին նպատակը դարձուցեր ենք մեր երեք զաւակներուն, եւ առաջին հերթին, քու ամբողջական զարգացումդ, աճումդ, յաջողութիւններդ կրթական դաշտին մէջ, ջանալով ըլլալ լա՛ւ մարդ, լա՛ւ հայ, հայրենասէր երիտասարդ մը, օգտակար՝ նախ իր անձին եւ ապա՝ իր ընտանիքին, ընկերային շրջապատին եւ ազգին: Դանիէլ Վարուժան, երբ ինքնակենսագրութիւնը կը գրէր, զայն կ’աւարտէ հետեւեալ խօսքով. «Կ’ուզեմ ըլլալ այնպիսի մէկը, որ ազգս չզղջայ, զիս ծնած ըլլալուս»: Ու եղաւ այնպիսի մէկը, որ փառքերէն է մեր գրականութեան: Անշուշտ, այս չի՛ նշանակեր որ ամէն պատանի կրնայ վարուժաններ ըլլալ, սակայն, կ’արժէ ըլլալ որեւէ ճիւղի մէջ, պատուաբեր դիրքի վրայ:
Այժմ, Դ. դասարանի ուսանող ես եւ որոնումի մէջ ես հաւանաբար: Քու լաւ ու սիրելի դաստիարակներուդ հետ խորհրդակցաբար, «Ծանի՛ր զքեզ»: Տե՛ս թէ ինչ ճիւղի մէջ կրնաս խորանալ, զայն սիրելով եւ քու կարողութիւններդ նկատի առնելով, ընդունիլ իբրեւ ճիւղ:
…Լաւ է որ մարդ ազատ ասպարէզի ծառայէ եւ յաւելեալ ժամերուն գրական-մշակութային գործունէութիւն ունենայ, քան թէ, միշտ իր կեանքը կախում ունենայ ազգային-կազմակերպչական մեր սնտուկէն:
…Վերջերս, երբ Պէյրութ էի, Հուրիկը (քոյրս – Հ.Ա.Ս.) կարդաց քու երգիծական ոտանաւորներդ: Հոյակապ էր: Ազատ ժամերուդ այդպիսի «մարզանքներ» կրնաս կատարել:
Մեր այս բոլոր յիշածները անիմաստ են, եթէ առողջութեանդ հոգ չտանիս…
Սիրելի Հրաչ, ինչպէս կը տեսնես, գրաւոր այս զրոյցը, որ մենախօսութիւն մըն է իր իսկութեան մէջ, այստեղ կրնայ կանգ առնել, սակայն ան պիտի շարունակուի մեր հոգիներուն մէջ:
Թերեւս, այս նամակիս մէջ, քիչ մը լուրջ հարցեր ներկայացուցի քեզի, սակայն, եթէ պահես այս նամակս, կրնաս յետագային, երբ աւելի՛ հասուննաս, բանալ ու կարդալ զայն: Գիտե՛ս, տղաս, որ ծնողք ու զաւակ հոգեկան ամբողջութիւն մըն են, ամենասուրբ հիմնաքարը մարդկային ընկերութեան:
Համբո՛յր, քու պատանեկան վառ այտերուդ եւ իմաստնացող ճակատիդ: Թող օրերդ ըլլան գարնանագեղ եւ վարդաշող, եւ ներկայութիւնդ սիրելի քու անմիջական շրջապատիդ համար:
Սրտագին բարեւներս ինծի բարեկամ քու ուսուցիչներուդ: Հայրական սիրոյ սրտագին զգացումներով՝
պապադ՝ Արամ
Յ.Գ. – Գրեթէ իր աւարտին հասցուցի հրատարակելի վիպակս, զոր Պէյրութ վերադարձիս, կ’ուզեմ տպարան յանձնել: Խորագիրը գիտե՛ս «Ես սեւ եմ… բայց գեղեցիկ»
Ցտեսութիւն՝ Նոյն
- 2015. ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՆԱՄԱԿ… 30 ՏԱՐԻ ԱՆՑ
Սիրելի հայր,
Որքան տարօրինակ, սակայն եւ նոյն ատեն սովորական պատասխան նամակ մըն է այս, որ կը գրեմ երեսուն տարի անց: Կը գրեմ, ոչ թէ այն պատճառով, որ վերընթերցեցի նամակդ տարիներ յետոյ, այլ՝ կը գրեմ դուրս գալով մեր ներանձնական հայր եւ որդի յարաբերութենէն: Նամակդ թող ըլլայ խայծ մը միայն, որպէսզի աշխարհիս վրայ ապրող մարդոց, տակաւին զգացում ունեցող մարդոց անգամ մը եւս հարցնենք, թէ ինչո՞ւ քու մեծ հայրերդ ու մայրերդ ամբողջ կեանք մը պիտի ապրէին հայկական Կիլիկիոյ տարածքին, այսօրուան Թուրքիոյ մէջ, ինչո՞ւ քու հայրդ իր ընտանիքով պիտի հասնէր մինչեւ սուրիական անապատ՝ Հոմս, ինչո՞ւ երկրորդ տարագրութիւն մը տեղի պիտի ունենար 1930-ականներուն՝ Տէօրթ-Եօլէն եւ Ալեքսանտրէթէն (Իսքէնտէրուն), ինչո՞ւ հայրդ պիտի հասնէր Լիբանան, ինչո՞ւ նոր կեանք մը պիտի սկսէիր եղբայրներուդ եւ քոյրերուդ հետ Պէյրութի մէջ, ինչո՞ւ ես պիտի ծնէի հոն՝ Միջերկրականի այդ ափին, եւ վերջապէս, քու թոռնիկներդ ինչո՞ւ հասակ պիտի առնեն այսօր Խաղաղական ովկիանոսի ափին… եւ ոչ թէ հայրենի Կիլիկիոյ մէջ, Միջերկրականի հիւսիս-արեւելքը, մեր պապենական հողին վրայ:
Որպէս գաղթական Լիբանան հաստատուելէ եւ քաղաքացիութիւն ստանալէ ետք, 1970-80-ականներու քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, բոլոր լիբանանցիներուն նման, դուն ալ օրուան հացին համար բռնեցիր պանդուխտի ցուպը, արաբական եւ ափրիկեան երկիրներու մէջ ամիսներ ու տարիներ վազեցիր այդ հացին ետեւէն, որովհետեւ 1915-ը դաս չէր եղած մարդկութեան: Լիբանանի մէջ անցաւ մանկութիւնս, ուր մարդը մարդ կը սպաննէր, իսլամը՝ քրիստոնեայ, քրիստոնեան՝ իսլամ, իսլամը՝ իսլամ եւ քրիստոնեան՝ քրիստոնեայ: Աչքիս դիմաց կու գան ահաւոր պատկերներ, որոնք տասը-տասնհինգ տարեկան հասակիս պէտք չէր տեսած ըլլայի… Եւ զիս ղրկեցիք Կիպրոս, որովհետեւ հոն կը գտնուէր հայկական գիշերօթիկ դպրոց մը: Այնտեղ նոր կեանք ապրեցայ, խաղաղ եւ առողջ մթնոլորտի մէջ:
Երեսուն տարի առաջ, երբ ես ուրախ պատանեկութիւն մը կ’անցընէի, քեզի աշխատանքի իրաւունք չէր տար արաբ պետութիւն մը, որովհետեւ լիբանանցի էիր, արաբական այլ երկրի մը քաղաքացի, «վտանգաւոր» տարր մը՝ այդ անցագիրովդ: Երկրորդ ապտակ մը կեանքիդ մէջ, այս անգամ ոչ թէ որովհետեւ հայ էիր, այլ՝ լիբանանցի:
Սիրելի հայր, խրատական նամակդ կ’ուզէր զիս տեսնել մասնագիտութեան մը տէրը, որուն համար ալ ուղղուեցայ Սովետական Հայաստան, որ շուտով պիտի դառնար ազատ եւ անկախ: Ուզեցի բռնել քու ուղիդ, չեղաւ: Նախ, իմ մէջս չկար ճարտարագէտ դառնալու կրակը, երկրորդ, հայ հողին վրայ ապրեցայ 1988-ն. Ղարաբաղեան շարժում եւ երկրաշարժ: Հողին ուժը ամէն ինչէ զօրաւոր է: Եւ ուսումս շարունակեցի հայոց լեզուի եւ գրականութեան մէջ, մանկավարժութեան մէջ, ապրելով եւ շնչելով հայկականը ամէն օր, ամէն ժամ: Կը մտածէի, Սփիւռքը պէտք ունի ինծի պէս տղոց, ուսուցիչի, խմբագիրի, ղեկավարի…: Եւ ժամանակը ցոյց տուաւ, որ ճիշդ էի:
Դուն Սէուտական Արաբիա նստած ինծի կը գրես Ցեղասպանութեան զոհ Դանիէլ Վարուժանի մէկ տողը՝ «Կ’ուզեմ ըլլալ այնպիսի մէկը, որ ազգս չզղջայ, զիս ծնած ըլլալուս»: Այո, իւրաքանչիւր ինքզինք յարգող անձ պիտի փափաքի ստորագրել այս տողին տակ: Մեր ժողովուրդը կը ծնի նոր մեծութիւններ, կու գան նորերը եւ լրացնեն, երբեմն ալ կը գերազանցեն նախորդ սերունդին կատարածը: Այս հաւա՛տքն է որ երբեմն կը պակսի ղեկավար պաշտօններու վրայ բազմած միջակութիւններուն քով: Կը վստահեցնեմ քեզի, որ սփիւռքի նոր պայմանները նոր ձեւեր ու միջոցներ պիտի բերեն հայը հայ պահելու մեր ճիգին մէջ:
Նամակս կ’աւարտեմ նոյն հարցումով. ինչո՞ւ այսօր մենք մեր պապենական տունը չունինք Կիլիկիոյ մէջ, ինչո՞ւ հոն չենք ապրիր որպէս մարդ, հոն հայկական դպրոց եւ եկեղեցի չենք յաճախեր, որովհետեւ 100 տարի առաջ մարդկութիւն եւ խիղճ կորսնցուցած թուրքը ուրիշ բան կ’ուզէր… եւ այսօր, հայ-թուրք դրացնութեան, բարեկամութեան բաժակը կոտրած է, որքան ալ փորձենք զայն նորոգել, սարքել, բան մը պակաս է հոն, որ կը կոչուի Վստահութիւն…:
Սիրելի հայր,
Այսօր կը լրանայ 81-ամեակդ: Կը շնորհաւորեմ տարեդարձդ եւ Կապուտիկեանի բառերով կ’ըսեմ՝ «դու պիտի վրէժ առնես ապրելով»: Եւ թող ձեր սերունդին գործը շարունակեն ձեր թոռներն ու թոռնորդիները… հոս, հոն եւ անպայմա՛ն Հայաստանի մէջ…
Սիրով եւ կարօտով՝ Հրաչ
Լոս Անճելըս, 22 Փետրուար 2015