Քանի մը օր առաջ ըստ իր ազնիւ սովորութեան, խմբագրատունս իր այցելութեամբ մեզ պատուած էր իրաքահայ ընկեր Նշան Պարուտճեանը:
Ընկեր Պարուտճեան ծնած է Պաղտատ: Երիտասարդ տարիքէն՝ 1970 թուին անդամակցած է տեղւոյն ՀԲԸՄ-ին, շուտով նաեւ անցնելու համար ՌԱԿ-ի շարքերը: Ան անցնելով կուսակցական եւ միութենական աշխատանքի պատասխանատուութեանց բոլոր հանգրուաններէն, ներկայիս ատենապետն է ՌԱԿ Իրաքի Շրջանակին եւ փոխ-ատենապետը՝ Պաղտատի ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Վարչութեան: Ընկեր Նշան ամուսնացած է Անահիտ Աւետիսեանին հետ եւ ունի 4 զաւակ՝ 3 դուստր եւ մէկ մանչ: Ան սեփականատէրն է Fuel Injection Pump-երու եւ անոնց կտորներուն առեւտուրով զբաղող ընկերութեան: 2004-էն ի վեր ընկեր Պարուտճեանի ընտանիքը հաստատուած է Պէյրութ: Ինք սակայն գործի բերմամբ մերթ ընդ մերթ կ՛այցելէ Պաղտատ:
Խմբագրատունս իր այցելութենէն օգտուելով իր հետ ունեցանք հետեւեալ օգտաշատ զրոյցը:
[divide icon_position=»center» width=»medium»]
«Խ».- Ընկեր Նշան բարի եկած էք «Զարթօնք»: Կարելի՞ է մեզի հակիրճ տեղեկութիւն մը տալ Իրաքահայոց պատմութեան մասին:
Ն.Պ.- Իրաքի՝ կամ ինչպէս պատմութեան մէջ ծանօթ Միջագետքի մէջ հայեր ապրած են դեռևս Քրիստոսէ առաջ: Ինչպէս Հայոց Պատմութեան մէջ կը յիշատակուի, 17-րդ դարուն Հայաստանը գրաւելէ ետք, Շահ Աբբասը շուրջ 12000 հայ տեխափոխեց Պարսկաստան, Նոր Ջուղայի շրջանը: Շահ Աբբասի մահէն ետք` հետապնդումներու և բռնութիւններու հետևւանքով, հայեր Պարսկաստանէն դէպի Իրաք և Հնդկաստան արտագաղթեցին: Հնդկաստան գաղթողներուն մէկ մասը իրենց ճանապարհին վրայ հաստատուած են Պասրայի մէջ: Աւելի ուշ Իրաքի մէջ, մասնաւորաբար Պաղտատ հաստատուած հայերը, ընդհանրապէս եկած են Տիգրանակերտէն, Ուրֆայէն, Ատանայէն և Իզմիրէն:
1915թ. Հայոց Ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան հետեւանքով՝ տասնեակ հազարաւոր հայեր ապաստան գտած են Իրաքի մէջ: 1920-ականներուն Իրաքի մէջ ապաստան գտած հայերուն թիւը հասած է շուրջ 90 հազարի: Աւելի ուշ անոնց մէկ մասը ձգած է Իրաքը դէպի արեւմուտք կամ ներգաղթած Հայաստան: Աւելի ուշ Իրաքի իրերայաջորդ յեղափոխութիւններու պատճառով, մեծ թիւով հայեր ձգեցին Իրաքը եւ ԱՆՉԱ կոչուող ընկերութեան միջոցաւ Պէյրութի վրայով գաղթեցին Ամերիկա ու այլ արեւմտեան երկիրներ: Մինչև 2003-ի պատերազմը իրաքահայերու թիւը եղած է մօտ 50.000:
«Խ».- Ինչպիսի՞ զբաղումներու տէր եղած են իրաքահայերը ընդհանրապէս եւ ո՞ր քաղաքներուն մէջ կեդրոնացած:
Ն.Պ.- Նախքան վերջին դէպքերը գաղութին մեծամասնութիւնը կը բնակէր մայրաքաղաքին մէջ, սակայն անոր ոչ փոքր հատուածը ցրուած էր երկրով մէկ ինչպէս Մուսուլ, Պասրա, Քիրքուկ և այլն: Իրաքահայերը հիմնականին մէջ զբաղած են առևտուրով և արհեստներով: Անոնց մէջ եղած են նաև բժիշկներ, երկրաչափներ եւ պետական պաշտօնեաներ: Տեղին է նշել, թէ ունեցած ենք մեծ շինարարներ: Նշանաւոր եղած է Իրաքի ՀԲԸՄ-ի ատենապետը իր ճանապարհաշինութեան մեծ գործերով:
«Խ».- Հայկական գաղութը որքա՞ն տուժեց Իրաքի քաղաքական եւ ապահովական վերիվայրումներուն՝ Իրաք-Իրան պատերազմէն մինչեւ ամերիկեան ներխուժում, ապա Տաէշ եւ ներկայի անորոշութիւն:

Ն.Պ.- Իրաք-Իրան պատերազմին իրաքահայութիւնը, ինչպէս ամբողջ Իրաքի ժողովուրդը, մեծապէս տուժեց թէ՛ նիւթապէս եւ թէ ֆիզիքապէս: Պատերազմի գացին գրեթէ բոլոր երիտասարդները, որոնց շարքին նաեւ ես: Իրաքեան բանակին մէջ ունէինք բարձրաստիճան սպաներ, որոնցմէ կը յիշեմ Զէրէցեանը եւ Մասիս Մալխասեանը: Պատերազմը կեանքը խլեց 130 հայ զինուրագրեալներու, որ մեր գաղութին թիւին հետ բաղդատած զոհերու մեծ թիւ է: Եղբայրս ալ՝ Օհանը (Յովհաննէս Պարուտճեան), որ ինծի հետ կը ծառայէր Իրաքեան բանակին մէջ, ուրիշներու շարքին նահատակուեցաւ:
Իրաք-Իրան պատերազմին յաջորդեց կարճատեւ խաղաղ շրջան մը, երբ գաղութը հազիւ ինքզինք կը գտնէր, եկան ամերիկեան իրերայաջորդ պատերազմներն ու ամերիկեան բանակին ներխուժումը եւ անոր յաջորդող անապահով տարիները, որ բաւական ազդեց գաղութին թիւին վրայ: Բազմաթիւ հայ ընտանիքներ լքեցին Իրաքը և բնակութիւն հաստատեցին Լիբանանի, Յորդանանի, որոշ Եւրոպական երկրներու, ԱՄՆ-ու եւ Հայաստանի մէջ, ուր այսօր շուրջ 1000 իրաքահայ ապաստան գտած է:
Իսկ վերջին իրադարձութիւններն ու Տաէշի տիրապետութիւնը կարգ մը հայահոծ քաղաքներու եւ մանաւանդ Մուսուլի վրայ՝ բոլորովին հայաթափեց զայն: Հայեր շատ դժբախտ պայմաններով ձգեցին քաղաքը փախելու դէպի քրտական հիւսիս, ուր այժմ կ՛ապրին շատ գէշ պայմաններու մէջ:
Զանազան պատերազմներու պատճառած վնասներուն կարգին պէտք չէ մոռնալ տնտեսական ծանր պայմանները, որոնք յառաջացան Իրաքեան Տինարի մեծ անկումով:
«Խ».- Ինչպէ՞ս կը ներկայացնէք Իրաքահայութեան ազգային կեանքը:
Ն.Պ.- Իրաքի Հայոց եկեղեցւոյ թեմը Էջմիածնական է և ունի 9 եկեղեցներ, որոնցմէ 4-ը կը գտնուին Պաղտատի մէջ: Իրաքի առաջին եկեղեցին շինուած է ըստ անոր վրայ եղող արձանագրութեան՝ 1639 թուին: Անոր շինութեան օգտակար հանդիսացած է օսմանեան բանակի հայազգի գնդապետ մը:
Առաջնորդարանը կը գտնուի Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին կից, որ Իրաքի ամենամեծ հայկական եկեղեցին է: Առաջնորդարանը մինչեւ օրս լոյս կ՛ընծայէ «Կանթեղ» եռամսեայ պաշտօնաթերթը: Բացի այս երկու տարին անգամ մը լոյս կը տեսնէ «Տաթև» տարեգիրքը:

Իրաքահայութեան ղեկավար մարմինը Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնն է, որ կը համակարգէ համայնքին կրօնական և ազգային գործունէութիւնը: Անոր ենթակայ են Մուսուլի, Քիրքուկի և Պասրայի թաղականութիւնները:
Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան կողքին Իրաքի մէջ կը գործեն հետևեալ հայկական կազմակերպութիւնները.
- ՌԱԿ-ն ու Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ)
- Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀՄԸՄ)
- Հայ Երկսեռ Երիտասարդաց Միութիւնը (ՀԵԵՄ)
- Հայ տիկնանց մշակութային միութիւնը (ՀՏՄՄ)
- Նահատակ Օհան Մարզական Միութիւնը (ՆՕՄՄ)
Վերջինս կը կրէ նահատակ եղբօրս անմեռ անունը:
Առաջնորդարանին կից կը գործէ ամառնային մանկապարտէզ և դպրոց, ուր կը դասաւանդուի հայոց լեզու և գրականութիւն, կրօն, հայոց պատմութիւն:
Ժամանակին դպրոցը կը յաճախէին աւելի քան 700 երախայ, այսօր աշակերտներուն թիւը շատ նուազած է:
2005թ. հաստատուած Իրաքի սահմանադրութեան մեջ նշուաած է, որ հայերէնը կարելի է օգտագործել որպէս մայրենի լեզու։

Տեղին է նշել նաեւ Իրաքի Հայ Կաթողիկէ համայնքին մասին: 1914թ. Պաղտատի հայ կաթողիկէներու թիւը կը կազմէր մօտ 300 մարդ: Առաջին համաշխարհային պատերազմէն յետոյ այդ թիւը աւելացաւ 2003թ. հասնելով մօտ 3000-ի: Համայնքը ունի երկու եկեղեցի, որոնցմէ մէկը կը կոչուի Մայր Վերափոխման եկեղեցի (կառուցուած է 1844թ.), իսկ միւսը Յիսուս Ս. Սիրտ եկեղեցի (կառուցուած է 1937թ.): 1997թ. վերակառուցուեցաւ Հայ կաթողիկէ Մայր տաճարը:
Այսօր Իրաքի մէջ մնացած Հայ կաթողիկէ համայնքի անդամներուն թիւն ալ նոսրացած է:
Այստեղ նաեւ տեղին է նշել, թէ Իրաքի ամբողջ ժողովուրդին ծառայող համալիր մը կայ Պաղտատի մէջ, մեծ իրաքահայ Գալուստ Կիւլպէնկեանի անունով:
«Խ».- Ի՞նչ ունիք ըսելիք իրաքահայութեան ներկային մասին:
Ն.Պ.- Բազմաթիւ իրաքահայեր ներկայիս տեղափոխուած են և բնակութիւն հաստատած համեմատաբար անվտանգ՝ Իրաքի հիւսիսային շրջաններուն մէջ։ Քիւրտիստանի մէջ ներկայիս հայերուն թիւը կը բազմանայ մանաւանդ Մուսուլի անկումէն ետք:
Հայերու նոր հոսք դէպի հիւսիսային շրջաններ և արտասահման տեղի ունեցաւ վերջին տարիներուն քրիստոնեայ համայնքներուն դէմ ուղղուած ահաբեկչական յարձակումներէն ետք:
Իրաքի ամբողջ տարածքին այսօր ապրող հայերու թիւը չ’անցնիր 12000-ի սահմանը:
«Խ».- Այս շահեկան զրոյցին աւարտին ի՞նչ ունիք աւելցնելիք ընկեր Նշան:
Ն.Պ.- Կ՛ուզեմ սրտակցութիւնս յայտնել իրաքահայ եւ սուրիահայ ճակատագրակից մեր հոգեհարազատներուն, որոնք գաղթականութեան դժուարին պայմաններուն մէջ կ՛ապրին: Կ՛ուզեմ գիտնան, որ մեր սիրտն ու միտքը միշտ իրենց հետ է եւ փափաքս է, որ բոլորիս մղձաւանջները շուտով հասնին իրենց աւարտին եւ բոլորը ապահով վերադառնան իրենց սիրեցեալ քաղաքները, դարձեալ ծաղկեցնելու համար զանոնք եւ բարգաւաճելու հոն ինչպէս անցեալին նաեւ ապագային:
«Խ».- Շնորհակալութիւն ընկեր Նշան ձեր տրամադրած ժամանակին համար: Ձեզի բարի ճանապարհ կը մաղթենք դէպի Իրաք, ուր կ՛ուղղուիք եւ ապահով կեցութիւն ու բարի վերադարձ ձեր ընտանիքին մօտ:
«Խմբ.»
Յղում «ԶԱՐԹՕՆՔ»էն