Երկուշաբթի, 04. 11. 2024

spot_img

ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Լիբանանի Յանձնախումբին Կազմակերպած Զոյգ Ձեռնարկները

ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Լիբանանի Յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Պէյրութ հրաւիրուեցաւ հանրածանօթ ակադեմական, Հայ ժողովուրդի բարեկամ Ումիթ Քուրթ, լիբանանահայութեան ներկայացնելու իր օգտաշատ աշխատասիրութենէն հատուածներ՝ նիւթ ունենալով «Թրքական Տեղական Իշխանութեանց Պատասխանատուութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Մէջ. Այնթապի Հայութեան Տեղահանութիւնն Ու Բնաջնջումը Եւ Թրքական Պետական Օրէնքով Հայոց Շարժական Եւ Անշարժ Գոյքերուն Գրաւումն Ու Սեփականացումը»:

Հայ ժողովուրդի երախտագիտութիւնը եւ գնահատանքը միշտ անսահման է հանդէպ բոլոր անոնց, որոնք Պրն. Ումիթի նման իրենց անձը նուիրած են Հայկական Դատին նման արդար դատի մը, որուն հետապնդումն ու բարեյաջող արդիւնքը մեծապէս կախեալ է հետեւողական աշխատանքէ ինչպէս քաղաքական, նաեւ գիտական-ակադեմական մարզին մէջ:

Նման ձեռնարկները Լիբանանի մէջ իրենց ինքնուրոյնութեամբ հպարտութիւն պատճառելու կողքին, մեր մօտ կը յառաջացնեն հետեւեալ արդար մտորումը: Անչափ շնորհակալ ըլլալով հանդերձ յարգելի ակադեմականին, առարկայական ինքնաքննադատութեամբ մը  հարց կու տանք մենք մեզի եւ մեր ընդմէջէն հայկական այլ եւ այլ կազմակերպութիւններուն, թէ ինչո՞ւ պէտք է սպասած ըլլայինք 100 տարի մենք ինքներս ձեռնարկելու համար նման օրինական հիմք ունեցող հարցեր յայտնաբերելով՝ Հայ Դատը հետապնդել նաեւ «քայլարշաւներու» մշակոյթէն ալ անդին…:

Խմբ.

[divide width=»medium»]

ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԷՋ

Ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 23 Յունուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Վահան Թէքէեան Վարժարանի «Յակոբ Պարսամեան» սրահին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած տարուան առաջին ձեռնարկն էր: Ձեռնարկը կը վայելէր նախագահութիւնը Լիբանանի Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ հովանաւորուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնին կողմէ:

IMG_9049IMG_9040

Ներկայ էին ՀՀ Հիւպատոս Պրն. Աշոտ Վարդանեանը, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ պետական նախկին երեսփոխան ընկեր Յակոբ Գասարճեանը, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկեր Միքայէլ Վայէճեանը, ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի պատասխանատու ընկերներ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնի ներկայացուցիչներ, Այնթապի Հայրենակցական Միութեան անդամներ, եւ հետաքրքրասէր հանրութիւն մը, որոնց առջեւ ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Լիբանանի Յանձնախումբի անունով՝ բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկեր Լեւոն Բարսեղեան, որ հետեւեալ դրուաքով ներկայացուց Պրն. Ումիթի հայոց հանդէպ ունեցած հետաքրքրութեան ծնունդը.

Ումիթ Քուրթ
Ումիթ Քուրթ

«Պրն. Ումիթ Քուրթ որ բնիկ Այնթապցի մըն է իր պատանեկան տարիներուն նոյնիսկ չէր գիտեր, թէ Այնթապի մէջ հայեր գոյութիւն ունեցած են  եւ թաղամասեր կային ուր հայերը կը բնակէին դարեր շարունակ: Իր վկայութեամբ մեր դասախօսը օր մը իր ընկերոջ կողմէ կը հրաւիրուի Այնթապի սրճարաններէն մէկուն մէջ սուրճ խմելու, կը հրապուրուի սրճարանի գեղեցիկ եւ իւրայատուկ կառոյցով: Կը կարդայ 1894 թուականը, որ փորագրուած էր պատի մը վրայ եւ կը հարցնէ նախորդ սեփականատիրոջ մասին, իրեն կ’ըսուի թէ չէին գիտեր ով է տէրը, միայն մէկ բանէ վստահ էին, որ տէրերը հայեր էին: Ապագային մեր դասախօսը կը յայտնաբերէ թէ այս սրճարանը բնակարանն էր Այնթապահայ Նազարէթ Աղա անունով բարեկեցիկ ընտանիքին»…:

Ապա բեմ բարձրացաւ Պրն.  Քուրթ եւ սահուն հայերէնով նախ ողջունելէ ետք ներկաները, իր նիւթը ներկայացուց անգլերէն լեզուով, խոստանալով յաջորդ այցելութեան ամբողջութեամբ հայերէնով արտայայտուիլ:  Բացատրողական ելոյթով եւ սահիկներու միջոցաւ ան լաւապէս ներկայացուց «Թրքական Տեղական Իշխանութեանց Պատասխանատուութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Մէջ. Այնթապի Հայութեան Տեղահանութիւնն ու Բնաջնջումը» հետաքրքրական խորագիրը կրող իւրայատուկ եւ չափազանց շահեկան դասախօսութիւնը, որուն աւարտին ներկաները իրենց հարցումները ուղեցին յարգելի հիւրին:

ԹԷՔԷԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ՝ ՍԵՄԻՆԱՐ

Շաբաթ 24 Յունուար 2015-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Թէքէեան Կեդրոնի «Գերսամ Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՌԱԿ Լիբանանի Հայ Իրաւանց Խորհուրդի կազմակերպած երկրորդ ձեռնարկը՝ սեմինարը: Ձեռնարկը դարձեալ կը վայելէր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնին հովանաւորութիւնը: Ներկայ էին ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչը՝ Գերշ. Նորայր Եպս. Աշըգեանը, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ պետական նախկին երեսփոխան ընկեր Յակոբ Գասարճեանը, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկեր Միքայէլ Վայէճեանը, Սուրեանի եւ յոյն ուղղափառ համայնքներէն մտաւորականներ, հայկական դատի մարմիններէն ներկայացուցիչներ տարբեր կուսակցութիւններէ, հայկական կուսակցութիւններու, միութիւններու եւ երիտասարդական մարմիններու ներկայացուցիչներ, համալսարանական դասախօսներ, հայկական մամուլի, վարժարաններու եւ ձայնասփիւռի կայաններու ներկայացուցիչներ, Այնթապի Հայրենակցական Միութեան անդամներ, Ռամկավար Ազատական  եւ Լիբանանահայ մտաւորականներ:

seminar 2

Օրուան բանախօսը դարձեալ ակադեմական Պրն. Ումիթ  Քուրթն էր, իսկ սեմինարը վարեց Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանը:  Բացման խօսքը կատարեց ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Լիբանանի Յանձնախումբի ատենապետ՝ ընկ. Սարօ Ասիլեան, որ անգլերէն լեզուով ներկայացուց Ռամկավար  Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան որոշումով եւ հովանաւորութեամբ կազմուած ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Լիբանանի Յանձնախումբի կազմութեան նպատակները, որոնցմէ է՝ օգտակար հանդիսանալ հայկական հարցի յառաջ մղման տարբեր միջոցներով: Ան յայտնեց, թէ ապագային ալ Խորհուրդը պիտի կազմակերպէ այլ ձեռնարկներ մեր ժողովուրդի դատին օգտակար հանդիսանալու համար: Ապա ներկայացնելէ ետք Դոկտ. Տագէսեանը,  խօսքը տուաւ իրեն:

Ձախէն՝ ընկեր Յակոբ Գասարճեան, Պրն. Ումիթ Քուրթ, Դոկտ, Անդրանիկ Տագէսեան, ընկեր Սարօ Ասիլեան, Գերշ. Նորայր Եպս. Աշըգեան
Ձախէն՝ ընկեր Յակոբ Գասարճեան, Պրն. Ումիթ Քուրթ, Դոկտ, Անդրանիկ Տագէսեան, ընկեր Սարօ Ասիլեան, Գերշ. Նորայր Եպս. Աշըգեան

Դոկտ.  Անդրանիկ Տագէսեանը ներկայացուց Պրն. Ումիթ Քուրթը, որպէս գիտաշխատող մը, որ երիտասարդ տարիքէն փորձած է հասնիլ իրականութեան, թէ հայերը ինչո՞ւ լքած են իրենց ունեցուածքը եւ հեռացած իրենց քաղաքներէն ու գիւղերէն: Այնթապը ծառայած է որպէս փոքր օրինակ բացայայտելու համար այն ահռելի ճակատագիրը, որ վիճակուած էր Օսմանեան Կայսրութեան քաղաքացի հայերուն: Ումիթ սորված է հայերէն: Ան վկայուած է քաղաքական գիտութեանց մէջ, ապա ուսանած փիլիսոփայութեան պատմութիւն, ստացած է մագիստրոսի աստիճան Եւրոպական Ուսումնասիրութեանց մէջ: Ներկայիս կը պատրաստէ իր դոկտորական աւարտաճառը ԱՄՆ-ի Քլարք համալսարանին մէջ, որպէս նիւթ ընտրելով «Նոր Հարուստ Դասակարգի Մը Յայտնուիլը Թուրքիոյ Մէջ՝ Հայերու Գոյքերուն Բռնագրաւումն Ու Իւրացումը Այնթապի Տեղական Վերնախաւին Կողմէ»: Պրն Քուրթի թէզին վերահսկող դասախօսն է հանրածանօթ մտաւորական Թանէր Աքչամը:

Դոկտ. Տագէսեան ներկայացուց նաեւ սեմինարի երկրորդ  նիւթը՝ «Թուրք Վերնախաւին Դերը Այնթապի Հայոց  Տեղահանման Եւ Բնաջնջման Մէջ Ու Թրքական «Էմվալի Մեթրուքէ»Ի Օրէնքը»:

Պրն. Քուրթ խօսք առաւ եւ մանրամասնօրէն բացատրեց, թէ ինչպէս Օսմանեան Կայսրութեան Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն Կուսակցութիւնը կրցաւ համոզել Այնթապի տեղական մարմինները՝ նահանգապետ, քաղաքապետ, կրօնականներ, դատաւորներ եւ անոնց միջոցով պարզ քաղաքացիները, որպէսզի օգնեն հայերը տեղահանելու իր ծրագրին: Հիմնական միջոցը քաղաքացիներուն նախանձը շարժելն էր իրենցմէ աւելի բարգաւաճ կեանք վարող հայերու նկատմամբ: Նաեւ տեղական ծայրայեղական շարժումներու ստեղծումն էր, որպէսզի կարենան գործադրել իրենց ծրագիրը: Խոստում տրուած էր տեղական վերնախաւին, որ հայերու տեղահանման պարագային անոնց ունեցուածքը իրենցը պիտի ըլլար: Ան որ չհամաձայնեցաւ գործադրել տեղահանման հրամանը պաշտօնազրկուեցաւ կամ հրաժարեցաւ:  Ուրեմն այն հարուստ դասակարգը, որ յայտնուեցաւ Այնթապի հայութեան բռնագաղթէն ետք, հայութեան գոյքին բռնագրաւման օժանդակող դասակարգն էր:  Տարագրութեան արշաւի աւարտէն ետք 40,000-ի հասնող հայ բնակչութենէն Այնթապի մէջ մնացին մօտ երկու հազար հայեր, որովհետեւ թուրքերը անոնց արհեստներուն պէտք ունէին: Անոնց մեծ մասը իսլամացաւ: Բռնագաղթի եւ սպանութեան նոյն այս ճակատագրին արժանացան ասորիները Մարտինի, Տիգրանակերտի եւ հարաւ արեւելեան այլ շրջաններու մէջ:

Օսմանեան պետութիւնը հայերը քաղաքացիութենէ չզրկեց, ինչպէս որ յետագային կատարեցին գերմանացիները հրեաներու նկատմամբ, որովհետեւ դրուած ծրագիրը զանոնք ոչնչացնելու կը միտէր: Հայոց լքած կալուածները կամ յափշտակուեցան ծրագիրը գործադրող տեղական խաւին կողմէ, որ այդպիսով հարստացաւ, կամ աճուրդով ծախուեցան: Իսկ գոյքերու «Էմվալի Մեթրուքէ»ի օրէնքը, օրինականացուց այդ յափշտակումի գործընթացը: Ըստ այդ օրէնքին, նկատի առնելով որ տէրը բացակայ է, այսինքն գոյքը լքուած է, պետութիւնը կրնար տնօրինել այդ կալուածը: Այս ձեւով ձեռք դրուեցաւ տարագիր հայերու ամբողջ անշարժ գոյքին վրայ: Դասախօսը բացատրեց, թէ կարելի է թուրք փաստաբաններու միջոցով դատ բանալ՝ տիրանալու համար որեւէ կալուածի այսօրուայ արժէքին, որպէս հատուցում: Յաջողութեան հաւանականութիւնը փոքր ըլլալով, ձախողութեան պարագային կարելի է դիմել Եւրոպական Դատարան, նկատի առնելով որ Թուրքիան, որ ժառանգորդն է Օսմանեան պետութեան, անդամ է Եւրոպական Խորհրդարանին: Ան յայտնեց, թէ ճամբան երկար է, սակայն առաջին քայլերը արդէն առնուած են եւ պէտք է շարունակել նոյն կորովով:

Սեմինարի վերջին բաժինին մէջ  դասախօսը պատասխանեց շարք մը հարցումներու, որոնք արծարծուեցան ներկաներուն կողմէ: Աւարտին ընկեր Սարօ Ասիլեան, ՌԱԿ Իրաւանց Խորհուրդի Լիբանանի Յանձնախումբին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Պրն. Ումիթ Քուրթին, Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանին եւ բոլոր ներկաներուն իրենց շինիչ մասնակցութեան համար, օժանդակելով սեմինարի յաջողութեան: Ներկաները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին եւ առաջարկեցին, որ այսպիսի հանդիպումներ յաճախ կազմակերպուին ուրիշ հարթակներու վրայ եւս, մեր պահանջները լուսաբանելու եւ ծանօթացնելու համար նաեւ օտարներուն:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Սեմինարի Մասնակիցներ՝  

   

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին