Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայ Գրականութեան մէջ զգայուն բանաստեղծութիւններով ճանչցուած վաղամեռիկ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի օրագրութենէն բաժին մը, ուր ի յայտ կու գայ ազգացաւ Մ. Զարիֆեանը, շատ կարեւոր թուականի մը՝ 1919-ին իր ականատեսի վերլուծութիւնները կատարելով յետեղեռնեան արեւմտահայոց իրավիճակին մասին:
Հայ Գրականութեան արեւելահայ թեւի զգայուն բանաստեղծը ճանչցուած, բայց յեղափոխական յանդգնութեամբ ազգասիրականօրէն գործած ըմբոստ, Վահան Տէրեանէն ետք ծանօթանանք անոր ճակատագրակից գրչակիցին՝ Մատթէոս Զարիֆեանի առարկայական ազգային խոհերուն, որոնց մէջ այնքան ուսանելի կարծիքներ կան նաեւ այսօրուան համար:
Խմբ.
[divide]
Պոլիս, 3 Յուլիս 1919
Վաղը առաւօտ կը սկսի ճամբորդութիւնս, իբրեւ թարգման անգլիական բանակին մէջ: Պուլտուրի հակակշռի մարմինը, որուն կը պատկանէի առաջ, ջնջուեցաւ, ու հիմա մաս կը կազմեմ Էտրէմիտի քննիչ յանձնախումբին, որուն հրամանատարն է հարիւրապետ Ուիթհըլ: Էտրէմիտ կ’երթանք՝ այդ կողմերուն թրքօ-յունական ընդհարումներուն մասին տեղեկագիր ղրկելու կեդրոնը, Պոլիս, ընդհանուր բանակատեղիին տեղեկատուութեանց դիւանի սպայակոյտին: Հիմա շոգենաւին մէջ եմ, մինակ: Ինծի յանձնուած է պահակութիւնը երեք քննիչ յանձնախումբերու պաշարներուն: Բացօդեայ բարձր տեղ մը նստած եմ, զինուորական վերարկուիս մէջ փաթթուած, եւ ականջ կու տամ Ղալաթիոյ քարափին գիշերային խուլ աղմուկներուն: Թեթեւ մշուշ մը կայ ծովուն վրայ, ու գրեթէ ցուրտ է: Անբացատրելի տրտմութիւնը նորէն լեցուցած է հոգիս…:
Պալըքէսիր, 9 Յուլիս 1919
Հինգ օրէ ի վեր այս քաղաքը կը գտնուինք: Սպաները առաջին օրէն գացին հիւր ըլլալու հոս գտնուող անգլիական քննիչ մարմնին բնակած շէնքը. իսկ մենք ձգուեցանք կայարանը, բեռի վակոնի մը մէջ: Չորս հոգի ենք, երկու անգլիացի զինուոր եւ երկու հայ թարգման: Քաղաքը ցած ու չորս կողմէն շրջապատուած ըլլալուն՝ անտանելի տաք կ’ընէ: Կարելի չէ մնալ վակոնին մէջ, որուն թիթեղէ ձեղունը աւելի կը սաստկացնէ ջերմութիւնը: Ուստի, միշտ հոս կու գամ, այս հայկական պզտիկ սրճարանը, որ ճիշդ մեր դէմն է եւ ուր խմելու զբաղած կ’ըլլան միշտ ֆրանսացի շէնշող զինուորներ: Հոս հայերը ընդհանրապէս հայերէն չեն գիտեր եւ կամ՝ շատ կոտրած թափած բան մը: Իսկ գիտցողները իբրեւ պահեստ պահած են իրենց մայրենի լեզուն եւ շատ բացառիկ պայմաններու տակ միայն կը յօժարին այդ աւելորդ բանէն օգտուիլ: Պանտրմայէն հոս՝ հինգ ժամ է միայն. հոն գրեթէ մաքուր հայերէն կը խօսին. իսկ հոս թրքախօսութիւնը հայ ժողովուրդին նկարագրին մաս կը կազմէ գրեթէ: Տարօրինակ է որ լեզուի կորուստը կ’ենթադրէ նաեւ, որոշ չափով, ազգային բարքերու եւ ազգային կենցաղի կորուստ: Կը թուի թէ թրքախօս հայ բնակչութեան մը համար, որ բնականաբար շրջապատուած է զանգուածային չափով թուրքերէ, շատ աւելի հեշտ է ճամբան՝ սահելու դէպի թուրք մռայլ կենցաղը: Նոյն երեւոյթը դիտած եմ ժամանակին՝ Ատանայի եւ շրջականերուն մէջ: Ասոր համար մանաւանդ՝ հայ զանգուածային տարրերու թրքախօսութիւնը կը կազմէ ամենալուրջ վտանգ՝ ցեղին հոգեպէս վատասերման տեսակէտէն: Թրքախօս հայը շատ աւելի տրամադիր եւ ընդունակ է անբարոյականութիւններու, քան իր առաքինի պապերուն լեզուն խօսող հայը: Թրքախօս հայը աւելի ծոյլ է, աւելի մօտ է հայհոյանքի եւ բրտութեան: Իսկ ազգային իտէալ փնտռել այս տեսակ ժողովուրդի մը ծոցը՝ գրեթէ միամտութիւն է: Ժողովուրդ բառը անշուշտ ամբոխային իմաստով կը գործածեմ հոս, եւ խօսքս անոնց համար չէ – հազուագիւտ բացառութիւններ – որոնք մշակութային որոշ բարձրութեան հասած են: Պէտք է բաղդատութիւնը ընել հայաստանցի անուս հայ գեղջուկին եւ անատոլուցի անուս հայ թրքախօսին միջեւ, եթէ նոյնիսկ այս վերջինը եղած ըլլայ հարուստ վաճառական կամ ճարտար արհեստաւոր. ու թերեւս մանաւանդ այդ պարագային է որ կը շեշտուի առաւելապէս նկարագրային վատասերումը, հոգիի թրքացումը: Անշուշտ, թրքախօս հայութիւնը շատ բան կը պահէ դեռ իր տոհմային ազնուականութենէն. դիւրին չէ ցեղի մը հոգին կատարելապէս այլասերել, անոր մէջէն խլելով ինչ որ դարերը կերտած են, հոն ներմուծելու համար նո՜րը, օտա՜րը, մանաւանդ երբ խլուած կ’ըլլայ լոյս եւ ներմուծուածը՝ թոյն, ժահր: Դիւրին չէ, բայց կարելի է: Դարերու ընթացքին կերտուածը կրնայ դարերու ընթացքին փլչիլ, երբ փլուզումի պայմանները ներկայ են անդադար ու կը գործեն: Նկարագրի թրքացման այս վտանգը կրնար աղէտ մը ըլլալ ազգին գլխուն, եթէ ժամանակները չփոխուէին: Համացեղային վերածնունդի ճիգին մէջ, խիստ կարեւոր բաժին մը պէտք է տալ՝ հայ զանգուածներուն վրայէն այս արատը բառնալու: Թրքախօսութեան շարունակումը պէտք է նկատուի ոճիր՝ ցեղին դէմ: Այն քաղաքին կամ գիւղին հայերը որոնք կը յամենան մայրենի լեզուն իւրացնելու մէջ, պէտք է որ նկատուին հայ վերազարթումը յամեցնողներ եւ անարգուին, նոյնիսկ պատժուին: Այս ճիգը պէտք է որ ըլլայ առաւելապէս անհատական, ինչու որ՝ ազգին դաստիարակող, ուսուցանող ուժերը երկար ատեն անբաւական պիտի ըլլան ամէն քաղաքի, ամէն գիւղի մէջ փափաքուած գործը կատարելու, փափաքուած ժամանակամիջոցին մէջ: Ընդհանրապէս, ամէն հայ որ հայերէն չի գիտեր, ու մասնաւորաբար թուրքերէն միայն գիտցող հայերը, պէտք է որ ազգային պարտք նկատեն իրենց սեփական ուժերով – որչափ ասիկա հնարաւոր է – հայերէն խօսիլ, գրել, կարդալ, սորվիլ: Պէտք է ժամ առաջ մաքրուիլ թրքական ախտէն՝ չեղծանելու համար հին Հայրենիքին հնամենի սրբութիւնները: Պէտք է նոր թափով ու նոր ոգիով վերադառնալ հայկական, հին, անարատ, առոյգ կենցաղին:
Այս գործը կարծուածին չափ դիւրին պիտի չըլլայ, բայց պէտք չէ ճիգ խնայել՝ միալեզու եւ միահոգի հայութիւն մը ստեղծելու համար աւերակներուն մեր հայրենիքին մէջ, որուն վերականգնումին համար ամէն հայ իր բազուկը կը խոստանայ խանդավառօրէն:
………….
Երէկ, ձիով Հայոց թաղը գացինք, որ քաղաքին վերի ծայրն է, ամէնէն բարձրադիր եւ օդաւէտ թաղը, Յոյներու թաղին անմիջապէս ետեւը, բայց գրեթէ խառնուած անոր ու կարգ մը թուրք թաղերու հետ: Առաջնորդ քահանային տունը գացի, բայց քահանան հոն չէր: Կ’ուզէի տեղեկութիւններ առնել տեղացի հայերուն մասին, թէեւ չեմ կարծեր թէ այդ մարդուկը – անշուշտ տարիքը առած, դինդին ծերուկ մը, վախկոտ ու տգէտ – կարող պիտի ըլլար բացառիկ բաներ մը ըսել ինծի: Հայերը գրեթէ կը սոսկան հետս տեսակցելէ, թուրք չէթէներուն արհաւիրքովը լեցուած: Հայաստանցի անվախ եւ հաստամարմին ձմերուկավաճառ մը արդէն իմ ուզած բոլոր տեղեկութիւններս տուաւ քանի մը օր առաջ: Բացի զինուորի ընտանիքներէն եւ քանի մը «ազդեցիկ»ներէ, բոլոր հայերը աքսորուեր են: Աքսորէ վերադարձողներ կան, թէեւ ցանցառ թիւով: Ներկայ ժողովուրդին նիւթական վիճակը գրեթէ գոհացուցիչ է. չքաւորութիւնը քիչ համեմատութեամբ է, բաղդատմամբ ուրիշ տեղերու: Եւ սակայն, տարօրինակ խռովք մը սկսած է վրդովել հայ թաղը. չէթէներուն վախն է այդ, որ վերջերս մանաւանդ մեծ չափով աւելցած է: Յունական խժդժութիւններու զրոյցները մեծ գրգռում առաջ բերած են թուրքերուն մէջ, ընդդեմ յոյներուն, եւ հայերը կը խորհին թէ՝ յոյներուն դէմ կազմակերպուած ջարդի մը պահուն, մոլեռանդ եւ կատղած միւսլիմանը հազիւ թէ պիտի ուզէր խնայել իրենց: Այս պատճառով է որ ունեւոր դասակարգը հետզհետէ կը քաշուի կ’երթայ Իզմիր կամ Պոլիս, իսկ չունեւորը կը սպասէ բախտին, վիզը ծռած: Իսկ վերապրող աքսորականներու ստուար թիւ մը, որ կը գտնուի Պոլիս, Գոնիա կամ Իզմիր, կը վախնայ վերադառնալու իր ծննդավայրը եւ տէր դառնալու իր ստացուածքին (մնացորդին) ու կ’ապրի թշուառ կեանք մը, սպասելով լաւագոյն օրերու: Անշուշտ շատ բանաւոր է այդ սպասումը: Իմ կարծիքովս, պէտք էր ամիսներ առաջ մասնաւոր յանձնախումբեր կազմել Պոլսոյ եւ Իզմիրի մէջ, ժողվելու եւ այս երկու քաղաքներուն մէջ տեղաւորերլու համար Պոլսոյ շրջակայքի գիւղերուն եւ Փոքր Ասիոյ մէջ ցրուած կիսակոտոր եւ գրեթէ անճարակ հայութիւնը, ամէն հաւանական վտանգէ զերծ պահելու համար զանոնք: Իսկ վերադարձող աքսորականներու հոսանքը դէպի իրենց ծննդավայրը, որ Հայաստանի սահմաններէն շատ հեռու կ’իյնայ, պէտք էր բացարձակապէս արգիլել: Ոչ մէկ լուրջ ճիգ թափուեցաւ այս ուղղութեամբ: Թրքական վտանգէն դուրս, իր գիւղը կամ քաղաքը հասնող հայը, որ նորէն գործի կը սկսի, նորէն իր հողին կամ խանութին կը փարի, շատ դիւրութեամբ պիտի չուզեր ձգել նորէն ամէն բան եւ փութալ իր աւերուած Հայրենիքին անստուգութիւններուն: Պէտք չէ շատ մեծ յոյսեր դնել հայուն ազգասիրութեան վրայ. այդ զգացումը, հակառակ իր բոլոր խանդավառութիւններուն, բացարձակապէս մակերեսային է, խորունկ արմատներ չէ ձգած հայուն սրտին մէջ: Ամէն մարդ իրարու նայելով կ’ըսէ թէ Հայաստան պիտի երթայ, անգամ մը որ կարգը վերահաստատուի հոն: Բայց այդ կարգը ո՞վ պիտի վերահաստատէ: Մենք մեր տեղը ծալապատիկ պիտի նստինք, ու եսամոլ ու հաշուախնդիր օտարը – այս բառին մէջ են բոլորը, առանց բացառութեան – պիտի կտրէ անցնի ծովերը, երթալ տքնելու, քրտնելու մեր հողին վրայ, մեզի համար, ու երբ ամէն բան պատրաստ ըլլայ, մեզի «հրամմեցէք» պիտի ըսէ:
Առանց իրերը չափազանցելու, ա՛յս է մտայնութիւնը մեր ամբոխին, որուն յոյսը ուղղակի իր ահաւոր տառապանքէն կը բխի.-
«Օտարը պիտի աշխատի մեզի համար եւ ամէն բան պիտի ընէ մեզի համար, ինչու որ մենք շատ տառապեցանք»:
Օ՜, անշուշտ, իրենք ալ պիտի վազեն երթան ու լծուին աշխատանքի սայլին, բայց պէտք է որ նախ Գոմէշը լծուի անոր ու ճամբան հարթէ: Իսկ այն պարագային, երբ այդ երանելի կարգը հաստատուած հռչակուի մեր պաշտպան ու վաստակաւոր Գոմէշին կողմէ, կասկածելու շատ պատճառներ կան որ կրկին տուն-տեղ եղած հայերը միահամուռ թռչին դէպի հայրենի սարը-ձորը: Շատ հաւանաբար, այն ատեն ալ իրարու պիտի սպասեն. «թող անոնք երթան. եթէ կարգը իրապէս վերահաստատուած է, եթէ թուրքը ալ չի կտրեր, չի փշրեր, եթէ թափած քրտինքը հաց կ’ըլլայ այդ հողին վրայ, այն ատեն մե՛նք ալ կ’երթանք»: Հայուն հոգիին գլխաւոր յատկանիշներն են վախկոտութիւնն ու եսասիրութիւնը. վատասերած հայութեան մասին է խօսքս, ու դժբախտաբար շատ խոշոր հատուած մը կը կազմէ այդ մասը: Ձեռներէցութեան հզօր ոգիով մը առաջ նետուելու եւ ընդհանրական ճիգերով աշխատելու, պայքարելու յատկութիւնը չունինք եւ կամ կորսնցուցած ենք: Ստրուկ, լճացած կեանքը, զոր ապրեր ենք այսքան ատեն, ուրիշ արդիւնք չէր կրնար տալ: Նուիրումի մեր չափանիշը շատ ցա աստիճանի մը վրայ կը գտնուի: Եղա՞ւ մինչեւ այսօր հայ հարուստ մը որ իր հարստութեան գէթ կէսը տար՝ հայ վերածնունդին սատարած ըլլալու փառքին համար:
Վաղը, Հայաստան փութացող հայուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը՝ այդ քայլը պիտի առնէ, կա՛մ անոր համար որ դուրսը անօթի մնացած է եւ կը յուսայ իր Հայրենիքին մէջ պատառ մը հաց ճարել, եւ կամ ունեւոր է եւ ապագայի փայլուն հեռանկարներ ունի իր անձին համար, մայրենի հողին վրայ: Այսպէս պիտի կազմուին հայ քաղաքացիներու երկու գլխաւոր դասակարգերը – հայ չքաւոր եւ բախտախնդիր պրոլետարիան եւ հայ ընչաքաղց ու շահախնդիր պուրժուազիան: Այս տեսակ տարրերով կազմուած երկրի մը համար, որոշ է թէ անհրաժեշտ է չափազանց զօրաւոր բրոբականտ ազգային իտէալի:
Այս երկու դասակարգերէն դուրս ու բարձր՝ պիտի գտնուի նաեւ, անշուշտ հայ իտէալիստ եւ ինքնազոհ երիտասարդութիւնը, միշտ պատրաստ թափելու իր քրտինքը կամ արիւնը մայրենի հողին վրայ, բայց հերոսներու այդ խումբը, առաջին տասնեակ մը տարիներուն, բաւական ստուարաթիւ պիտի չըլլայ, կարենալու համար իր իտէալներովը սնուցանել հայ զանգուածը եւ իր երակներէն կամք ու կորով ժայթքեցնել հայ դարաւոր թմրութեան վրայ: Իր պայքարը ահաւոր պիտի ըլլայ:
ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ
«ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐ (Քերթուածներ, օրագրութեան էջեր, նամակներ)», Մատենաշար «ԱՆԻ» Ամսագրի – թիւ 8, Պէյրութ, 1956:
«ԶԱՐԹՕՆՔ» Օրաթերթ