Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՌԱԿ-ի Նամակ Զոյգ Կրօնապետերուն

Յունուար 12, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք և Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց Ի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին,

Նորին Ամենապատուութիւն Տէր Նուրհան Արքեպիսկոպոս Պատրիարք Հայր ի Երուսաղէմ,

 

Վեհափա՛ռ եւ Ամենապատի՛ւ Տէրեր,

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնս կը հաւատայ, որ Դուք՝ որպէս Հայ Ազգին եւ մարդկութեան հաւատք եւ հմայք մատուցող սրբավայրերու Իշխանաւորներ անկասկած, որ կը հանդիսանաք Հայ Ազգի Պատմութիւնը կերտող վսեմ անձնաւորութիւններու շարքին կարեւորագոյն դէմքերէն:

Դուք քաջ գիտէք, որ ողջ Հայութեան հաւատացեալ դասը կը խոնարհի հաւատք բուրող եւ ներշնչող Ձերդ Փիլոններու եւ Վեղարներու առաջ: Այդ դասը, երկիւղածութեամբ եւ հոգեկան անբասիր յարգանքով կ’ուզէ մտաբերել կամ արտայայտուիլ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ Երուսաղէմի Ս. Աթոռի մասին:

Այս բոլորին կողքին, մենք կը հաւատանք, որ ողջ Հայութիւնը կ’ուզէ արժեւորել Ձեզ, Ձեր փառահեղ դիրքերու եւ հեղինակութեանց մէջ:

Ի տես սակայն Ձեր երկու մեծութեանց մէջ վերջերս յառաջ եկած անհամաձայնութեանց եւ փոխադարձ մեղադրանքներուն, ինչպէս նաեւ չափազանց մտահոգ անոր ժխտական զարգացումներուն հաւանական անբաղձալի եւ վտանգաւոր հետեւանքներէն, մեզ համար անհանդուրժելի է լուռ մնալ այս ուղղութեամբ, որովհետեւ Դուք անգամ վստահ ենք հաստատ համոզուած էք, որ մեզմէ ոչ ոք կրնայ ընդունիլ, որ մեր Սրբութիւններն ու այդ Սրբութեանց աստուածատուր Իշխանաւորները գտնուին նման վիճակներու մէջ:

Դուք քաջ գիտէք թէ, Հայ ժողովուրդը կ՛ուզէ միշտ տեսնել, որ իր Առաջաւորները ամենայն համերաշխութեամբ լաւագոյնս կը կառավարեն, կը ղեկավարեն եւ կը տնօրինեն հաւատք ներշնչող մեր կառոյցները: Այդ կառոյցները որոնք պահած են եւ կը պահեն մեր ինքնութիւնը եւ հպարտօրէն Հայ կոչուելու մեր նշանաբանը: Նշանաբան մը, որ կ’իմաստաւորէ Հայ Ժողովուրդին կեանքը, մեր Հայրենիքը եւ մեր նկարագիրը:

Ձերդ մեծութիւնները քաջ գիտեն եւ մեզ սորվեցուցած են, որ բոլորս հաշուետու ենք նախ Աստուծոյ ապա պատմութեան առաջ, հետեւաբար՝ պէտք է իմանանք, որ իւրաքանչիւրիս վստահուած իրաւասութիւնները անսահման չեն, այլ՝ ենթակայ են քննադատութեանց եւ հաշուետուութեան թէ՛ երկրի եւ թէ՛ երկինքի մէջ:

Հետեւաբար եւ ամենանայն յարգանքով ու սրատափուխ փափաքով կոչ կ՛ուղղենք Ձերդ երկու մեծութիւններուն, որ Մ.Տ. Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ օրինակով, համերաշխութեան եւ սիրոյ ու փոխ հասկացողութեան եզրեր գտնէք Ձեր նուիրական յարաբերութեանց մէջ, որպէսզի արդարացուած ըլլայ Ձեր՝ որպէս հաւատքի Առաջաւորներ եւ մեր Նուիրապետական Աթոռներու ընտրեալ Մեծամեծեր, ողջ Հայութեան կողմէ վայելած վստահութիւնը:

Թող որ Ամենակարող Տիրոջ հովանին պահէ եւ պահպանէ մեր հաւատքի Սրբագոյն Աթոռներն ու անոնց արժանաւոր Աթոռակալները:

Մնամք աղօթարար,

Ի դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

 Իւճին Քարաճեան          Մայք Խարապեան

 Ատենադպիր                    Ատենապետ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին