Շաբաթ, 17 Յունուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ Պատարագ եւ կղերիկոսական առաջին աստիճաններու տուչութեան արարողութիւն, որուն ընթացքին կղերիկոսական առաջին աստիճանները շնորհուեցաւ 12 թեկնածուներու: Սոյն արարողութեան նախագահեց եւ պատարագեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը:Թեկնածուներն էին` Այվազեան Ժորժ, Ագրապեան Աւետիս, Այվազեան Ռաֆֆի, Թադէոսեան Յովիկ, Թորիկեան Լեւոն, Խայաթ Ժան Գլօտ, Հապէշեան Պօղոս, Հարպոյեան Յարութ, Ունճեան Սարգիս, Պետրոսեան Եղիկ, Քէշիշեան Պօղոս եւ Քիլաղպեան Յակոբ, որոնք արժանացան Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ կղերիկոսական առաջին աստիճաններուն:12 թեկնածուները կատարեցին իրենց հաւատքի դաւանումը, ստացան սաղմոսերգութեան եւ աւելածուի պաշտօնը, ապա դռնապանութեան, ընթերցողութեան եւ ջահընկալութեան փոքր կարգերը: Այս առիթով Հոգեւոր Տէրը ներկաներուն փոխանցեց օրուան իր պատգամը:
«Ամէն կարգ իր յատուկ պաշտօնը ունի (եկեղեցւոյ կը յայի, սուրբ սեղանին կը յայի, հաւատացեալներուն ծառայութեան համար) եղած են: Ընթերցումները՝ սաղմոս, ընթերցուած, մարգարէութիւնները ≠ կարդալ, այլ հռչակել, յայտարարել կարեւոր լուր մը, փրկութեան խօսքը տարբերութիւնը՝ կարդալ լուր մը, տեղեկութիւն մը հռչակել, յայտարարել՝ յայտարարել՝ հաղորդել կարեւոր բան մը՝
գիտէ՞ք Աստուած ինչ ըրաւ իր ժողովուրդին
գիտէ՞ք Ս. Պօղոսը ինբ ըսաւ կորնդ.ուն, հռոմայեց.՝
Կարեւոր բան ըսաւ, լաւ մտիկ ըրէք՝ պրօսխումէ – ուշադրութիւն ըրէք. ինչո՞ւ Սաղմոս, Սուրբ Պօղոսի խօսքէն առաջ → Աստուծոյ խօսքն է:
1- Ժամանակին, երբ թագաւորը կամ կառավարիչը կարեւոր լուր պիտի հաղորդէր՝ յատուկ պատրաստուած մարդիկ ունէր, որոնք փողով լուրերը կը հաղորդէին ժողովուրդին:
– Դուն քեզի հարցուր ընթերցում մը հռչակելէն ետք, արդեօ՞ք 1. ամէն մարդ լսեց, 2. լաւ՞ եւ շիտակ կարդացի, 3. յստակ ձայնով եւ հանդարտ առաքութեամբ հռչակեցի, որ ամէն ներկայ հաւատացեալ լսէ եւ հասկնայ … թ՛է պաշտօն մըկատարեցի, առագ առագ ըրի, հոգս չէ եթէ ներկաները բան մը հասկցան: → Առաջուց լաւ պատրաստել ընթերցումը:
2- Ձեզ տեսնողները պիտի սորվին աղօթել, պիտի սորվին յարգանքով շարժիլ կեղեցւոյ մէջ՝ չխօսիլ, չխնդալ, լուրեր չպատմել, լաւ մտիկ ընել. եւլն.
3- Ամէն պաշտօն խնամքով կատարել՝ Եկեղեցւոյ դուռը բանալ, եկեղեցին մաքրել:
– գինիի եւ ջուրի ամանները մաքրել եւ խնամքով լեցնել:
– մոմերը ժամանակին վառել պատարագէն առաջ:
4- Նկատի առած որ կարգերը եկեղեցական են եւ ոչ աշխարհիկ պաշտօն՝ որեւէ գործ ընելէն առաջ՝ աղօթել, որպէսզի ձեր ըրած գործը ընդունելի ըլլայ նախ՝ Աստուծոյ առջեւ:
5- Խոնարհութեամբ եւ Աստուծոյ երկիւղով կատարել ամէն կարգ, առանց վազելու եւ ձեր այս դպիրի շապիկը հագած ըլլայ եկեղեցի չմտած, կամ խորան չելած:
6- Ասկէ վերջ պէտք է կանուխ հասնիլ, շապիկ հագուիլ եւ պատշաճ կերպով ամէն բան կատարել:
7- Ձեր հաւատքի դաւանութիւնը յաճախ կարդացէք, գոց սորվեցէք եթէ կարելի է:
8- Խորանին առջեւ միշտ խոնարհութիւն ընել, եւ երկիւղածութեամբ շարժիլ:
9- Ս. Սեղանն է. ուստի, կարելի չէ անոր առջեւ քալել, ինչպէս կը քալէք տան մէջ, կամ սրահին մէջ:
10- Այսպէս, ամէն գործին մէջ, կարգին իմաստ կու տաք, Աստուծոյ փառքին համար կը կատարէք, ժողովուրդին ծառայելու համար կ’ընէք:
Աստուած ձեզ պիտի օրհնէ՝ եթէ ձեր մտահոգութիւնը ըլլայ Աստուած միայն. Ամէն» :
Սուրբ Պատարագի երգեցիկ քառաձայն կատարողութիւնը կատարեց Պատրիարքական «Կռունկ»երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Դոկտ. Էտուարտ Թորիկեանի: Սուրբ Պատարագէն յետոյ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, նորընծաները եւ անոնց հարազատները շնորհաւորանքներ ընդունեցին աթոռանիստ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ նաեւ կոկիկ հիւրասիրութիւն: