*ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ*
Արդէն իսկ կը գտնուինք սահմանագծային իրավիճակի մը մէջ, երբ կը պատրաստուինք Նորը դիմաւորելու իսկ հինը նետելու ալ անվերադառնալի պատմութեան էջերուն մէջ: Մարդկային պատմութեան մէջ մամուլի ճամբով թէ բերանացի ճառերու մէջ, յաճախ հանդիպած ենք երկու հակառակ կարծիքներու. ոմանք ուրախ են Նորին գալուն, իսկ ուրիշներ դժբախտ՝ Հինը կորսնցնելուն պատճառով:
Մարդկութիւնը ձեւով մը Նորի եւ Հինի շփոթին մէջ կը խարխափէ, միշտ Հինը Նորով փոխելով, որոշ ժամանակ ետք այդ նորը եւս հինցնելու եւ նորանոր Նորերու ետեւէ իյնալու անհիմն երազներով:
Տարին հինցնելով մարդ անհատը պէտք է գիտակցի, որ ինքզինք եւս տարիով մը հինցուցած կ’ըլլայ այս աշխարհի մէջ. նոր նուաճումները, նոր յաղթանակները, նոր ինքնաշարժներն ու հաճոյքները ուրախութիւն կրնան պատճառել, սակայն Նոր Տարուայ մը պարագային այդ մէկը կը մնայ անորոշ, որովհետեւ անոր միայն Նոր ըլլալն է որ գիտենք, սակայն ինչ ըլլալը անծանօթ է մեր բոլորին: Գնուած տան մը նոր ըլլալը միշտ ալ լաւ է, առարկաներուն նոր ըլլալը միշտ ալ լաւ է, սակայն տարուայ մը նոր ըլլալը կրնայ միշտ ալ լաւ ըլլալու յոյսն ու փաստը չներշնչել, որովհետեւ ամէն նոր տարի իր հետ կը բերէ նաեւ նոր փորձութիւններ, նոր էջեր եւ նոր ճիգեր կը պահանջէ մեզմէ:
Սակայն ինչպէս միշտ ալ ըսուած է, առեղծուած մըն է հայը. միշտ նորի փնտռտուքի մէջ, սակայն նոյնքան եւ աւելի կապուած հինին՝ փորձել մնալով ներկայի մէջ: Նպատակ չհետապնդող ժողովուրդներու համար Նոր Տարին անցման շրջանի պէս կու գայ ու կ’երթայ, առանց ոչ մէկ բան փոխելու իրականութենէն, սակայն Հայութիւնը զուրկ է ատկէ:
Հայ ժողովուրդին համար՝ որպէս նպատակ հետապնդող ազգ, հինէն նորին անցնիլը ժամանակին յառաջանալը ցոյց կու տայ, իսկ ժամանակին յառաջացման հետ ազգութեան մը նոյն տեղը մնալը, անոր ճահճացումի ճամբան բռնել կը խորհրդանշէ. այդ իսկ պատճառով նորերուն նայելէ առաջ քննենք հիները, նայնին այդտեղ չկատարուած պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները, որպէսզի դիմաւորելով նորը՝ նոյն հինին պէս չվարուինքանոր հետ, այլապէս եթէ նոյնը պիտի կատարուի ինչո՞ւ փոխել հինը նորով:
Նորը որքան ալ հին ըլլայ, այդ չի նշանակեր, թէ կը մոռցուի, ինչ որ ոմանք կը փորձեն քարոզել ու համոզել, թէ գոյութիւն ունի մոռնալ բառը. անցեալը երբեք չի մոռցուիր, իր դրական ու ժխտական բոլոր իմաստներով ու կողմերով: Ինչպէս որ նախկին սէրը ձգելէ ու նորին հասնելէ ետք՝ դարձեալ հինը չի մոռցուիր, նոյնն է պարագան տարիներու թաւալման:
Իրողութեան մէջ տարուան նոր կամ հին ըլլալը ոչ մէկ նշանակութիւն ունի, այլ անոր լաւ կամ գէշ ըլլալն է, որ կարեւոր է, որուն նիշը իւրաքանչիւր անձ ինքնիրեն է որ կրնայ տալ: Տարիները ոչ անակնկալներ կը բերեն, ոչ ալ սերունդները մարդկութիւնը մարդկութենէ կ’ամայացնեն: Յաճախ կը լսենք նոր սերունդի ձուլումը եւ նօսրացումը կ’առնչուի տարիներուն ու մանաւանդ 21-րդ դարու վիզը կը նետուի, սակայն պէտք է գիտնալ, թէ տարիները գոյութիւն մը չեն, որ բան մը կատարեն կամ ընեն. տարուան թիւներն են որ պարզապէս կը փոխուին, իսկ այդտեղ կատարուածներուն իսկական պատասխանատուութիւնը պէտք է գտնել մարդ անհատին մէջ, որովհետեւ մարդը ի՛նքն է, որ թէ՛ դարը եւ թէ սերունդը կը ստեղծէ:
Պահ մը մենք մեզի տանինք դար մը ետք. ի՞նչ կայ նոր. համակարգի՞չը, ինքնաշարժնե՞րը, ժողովուրդն ու սերունդնե՞րը, թէ ոչ իրարու յաջորդող Նոր Տարիները… ո՛չ մէկը, որովհետեւ ամէն նոր դատապարտուած է հագնելու հինը՝ բեմ տալով նորերուն, որոնք նոյնպէս ժամանակի ընթացքին պիտի բռնեն նոյն ճամբան: Տարիները մարդու կեանքի պատմութիւնը ունին՝ մանուկը կը ծնի, իսկ ծերը կը մեռնի… օր մը մանուկը կը ծերանայ ու նոր մանուկներ կը ծնին, իսկ ինք կը մեռնի:
Հաւանաբար նոյն մտածողութեամբ է, որ Պարոյր Սեւակ կը գրէ. «Մի՛շտ հին ու նոր իմ Հայաստան» տողերը իր բանաստեղծութեան մէջ, որովհետեւ սրբազան են անոնք, որոնք հինէն գալով հանդերձ նորին մէջ իրենց ներկայութիւնը կը փաստեն աշխարհին, որոնք հինէն կու գան սակայն երբեք չեն հիննար:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին ենք ահա. այո՛, հարիւր տարուայ պատմութիւն մը՝ ամբողջ մէկ դար, սակայն հայութեան վերյիշումներուն ու ապրումներուն մէջ այնքան նոր՝ որքան նոր գալիք 2015 թուականը, որովհետեւ կան արժէքներ, որոնք որքան հիննան, այնքան աւելի արժէքաւոր ու ազդու կը դառնան: Օրինակ առնենք գինիէն… հին գինիներ նոր շիշերու մէջ որքա՜ն արժէք կը ներկայացնէ: Մեզ ալ նոյնը պէտք է. մեզ պէտք են նոր շիշեր, սակայն ոչ հին գինի, մեզի պէտք են նոր սերունդներ ու երիտասարդներ, սակայն հին սրբազան շունչով ու հոգիով ողողուած, որովհետեւ մենք նորերուն գալով հանդերձ՝ տասնամեակներ նոյն հին ու սրբազան նպատակով է որ կ’ապրինք՝ հասնիլ ամբողջական Հայաստանին:
Թէ նորը Հայութեան հինէն աւելի կենսատու եւ բարեբեր պիտի ըլլայ, բերէ՛ք այդ նորը, նորին հետ միասին նո՛ր մարդ, Նոր հայ դառնալու նուիրական ձգտումով:
Երանի այն ազգին, որ Հինէն սորվելով, Նորէն չխաբուելով կրնայ ապրիլ իր ներկան: