Հինգշաբթի 4 Դեկտեմբեր, 2014-ին Վահան Թէքէեան վարժարանի մէջ կը տիրէր խանդավառ մթնոլորտ մը: Աշակերտները դպրոց եկած էին իրենց հետ բերելով գեղեցիկ տարազներ, որոնցմով պիտի ծպտուէին ատենամարզանքի պահուն:
Արդ, վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահը շքեղօրէն յարդարուած էր սոյն տօնը խորհրդանշող ձեռային աշխատանքներով: 6-րդ դասարանէն՝ Շիրազ Սամանլեան իր բացման խօսքով (արաբերէն լեզուով) կատարեց կենսագրականը Սրբուհի Պրպարայի, անդրադառնալով թէ ինչպէ՛ս ան ըլլալով հեթանոս հօր մը դուստրը, քրիստոնեայ դարձաւ հակառակ իր հօր յորդորներուն որ հրաժարի այդ կրօնէն, ինչպէս նաեւ՝ անդրդուելի մնալով հօրը սպառնալիքներուն նահատակուեցաւ իր հարազատ հօր իսկ ձեռամբ: Սրբուհի Պրպարա իր նահատակութեամբ նմանեցաւ այն ցորենի հատիկին, որ իր մահով ծիլ տուաւ, ուռճացաւ եւ վերածուեցաւ պարարտ ցորենի հասկի: Հետեւաբար, այդ իսկ պատճառով այս տօնին առթիւ հատիկ կը ճաշակենք:
Ապա իւրաքանչիւր դասարանի աշակերտները նախշուն տարազներով ծպտուած բեմահարթակ բարձրացան, որմէ ետք դատական կազմի անդամ՝ արաբերէն լեզուի ուսուցչուհիները, իւրաքանչիւր շրջանէն ընտրեցին երեք լաւագոյն տարազները կրող աշակերտները:
Նոյն օրը մանկապարտէզի աշակերտները նաեւ մասնակից դարձան լիբանանեան այս աւանդական տօնին, ծպտուելով տարբեր տեսակի կերպարներ: Ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ տարազի ցուցադրութիւն, փոքրիկները պարեցին, երգեցին, զուարճացան եւ անշո՛ւշտ համտեսեցին համեղ հատիկը: Ապա այցելեցին նախակրթարանի եւ միջնակարգի դասարաններու աշակերտներուն երգելով «Հաշլի Պրպարա»:
Այդ օր աշակերտները թէ՛ զուարճալի ժամանակ մը անցուցին եւ թէ՛ ալ ծանօթացան այս տօնին խորհուրդին: Վարձքը կատար արաբերէն լեզուի ուսուցչուհիներուն: