*ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ*
Վաչէ Համասեանը կու գայ Հալէպէն: Անոր հանդիպեցայ Աթէնք Յունաստան, հոկտեմբերի 2014-ին: Եկած էր Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ երիտասարդաց հանդիպում-պաշտամունքին` ինք ալ մասնակից դառնալու յունահայ իր տարեկիցներուն եւ հաղորդակցելու անոնց հետ:
Վաչէն «դուրս» եկած է Հալէպէն: Եւ ի՞նչ ձեւով հասած է Աթէնք, ուր իր բախտը պիտի փորձէ` թակելով եւրոպական այլ դեսպանատուներու դռները`ապաստանեալի իրաւունք ձեռք ձգելու համար: Ո՛չ հարազատ եւ ո՛չ ալ ընտանեկան պարագաներ ունէր Յունաստանի մէջ: Իր պահեստի քիչ մը դրամը դրած էր կեցութիւնը ապահովելու համար Աթէնքի մէջ, որպէսզի կարենայ ելք մը գտնել Հալէպի ու իր երկրին դժուար կացութենէն:
Նայեցայ Վաչէին ու անոր երիտասարդ հայու աչքերուն մէջ սկսայ տեսնել ապրելու իր տենչը, որ շատ հարազատ զցացում էր: Երիտասարդ էր եւ կ՛ուզէր իր կեանքը «ապրիլ», ինչպէս` իր տարիքի ոեւէ մէկ երիտասարդ: Հանդարտ էր եւ զգալի էր իր մէջ արժանապատուութեան գիտակցութիւնը: Չկար «խեղճի» զգացումը, որ պիտի շարժէր «գութը» մեր եւ իրեն հանդիպողներուն: Յստակ էր իրեն համար, թէ իր կեանքի սեմին ու իր երկրի դժուար պայմաններուն մէջ «ընտրանք» ընելու պարտաւորութեան դէմ յանդիման էր, այս պարագային` երկիր մը ապաստան գտնելու եւ իր կեանքը շարունակելու:
Եւ Վաչէին նայելով, կրցայ նաեւ տեսնել «իմ» ապրելու տենչս` լիբանանեան պատերազմի այդ բոլոր արհաւիրքին օրերուն: Բայց չէ՞ որ ես ալ ժամանակին Վաչէին նման ապրած էի պատերազմին ու անոր պատճառած վախին, անորոշութեան տագնապը, բայց նաեւ` մահուան ճիրաններէն դուրս գալու ամէնօրեայ տատանումները: Այս բոլորը ինծի համար «երէկ» էին, արդէն անցաւ մօտաւորապէս երեսուն տարի, որ ես ալ անցայ Վաչէին ներաշխարհի փոթորկալից վիճակներէն:
Ես ալ ուզեցի դուրս գալ Լիբանանէն եւ ապրիլ կեանքը, ինչպէս` իմ տարիքիս շատ մը երիտասարդներ, որոնք ապրեցան հոս-հոն աւելի «նպաստաւոր» պայմաններու մէջ: Բայց ես ապրեցայ անորոշութիւնը անյստակութիւնը, վախը, յուզումը, անարգանքը, աւելի՛ն պատերազմի պատճառով հարազատներու եւ բարեկամներու նահատակութիւնը.: Արձակազէնի փամփուշտը, որմէ միայն քիչ մը վրիպելով մեր կեանքերը խնայելու առանձնաշնորհումները «կը վայելէինք»: Ռումբերու տեղատարափը ու անոր պատճառած հոգեկան ընկճուածութիւնը, եւ քանիցս մեղմ ու բարձրաձայն պոռթկումները`«ա՛լ չեմ ուզեր Պէյրութ մնալ…»:
Բայց մնացի: Հաւանաբար այդպէս պէտք էր ըլլար: Չյաջողեցայ դուրս գալ Պէյրութէն, եւ կամ առիթը ու «բախտը» չներկայացան ինծի:
Ու պատերազմի այդ երկար տարիները մէկ-մէկ պիտի գլորէին, եւ մենք մեր կեանքերը պիտի պատշաճեցնէինք` կերտելով պատերազմական ապրելակերպի «մշակոյթ» եւ «կենցաղ», որ եղաւ նաեւ դաստիարակութիւն եւ իր նկարագրային դրոշմը ունեցաւ մեր կեանքերուն վրայ, նաեւ` մինչեւ հիմա: Արդարեւ, շատ անգամ կը փորձուիս հաշուեյարդար ընելու, թէ «պէ՞տք էր մնայինք Լիբանան թէ՞ պէտք էր դուրս գայինք »: Եւ հաշուեյարդարը դուն քու անձիդ հետ է միայն, քանի որ ոեւէ մէկը պարտական չէ մեր ապրած կեանքին, այսպէս ըսած`«զրկուած օրերու» հաշիւը փակելու…
Եւ հիմա Աթէնքի մէջ կը նայիմ Վաչէին: Ան «դուրս եկած է Հալէպէն»: Չյաջողեցաւ իր ընտրանիքին մէջ, հաւանաբար իր պոռթկումը` «ա՛լ չեմ ուզեր Հալէպ մնալ» կրցած էր տնօրինել իր կեանքը, եւ մղել զինք գտնելու ելք մը` դուրս գալու արհաւիրքէն:
Երեւի Յունաստան այս օրերուն դիւրին դարձած է «մուտք» գործել, եւ գաղթականներ Սուրիայէն եւ Իրաքէն`Թուրքիոյ վրայով եւ ծովու ճամբով կը հասնին հոս, ներառեալ հայեր: Եւ պատմութիւնն ու արկածախնդրութիւնը, բազմաթիւ քայլերը հասնելու Յունաստան`լաւ ցուցանիշեր են մարդուն ստեղծագործական հնարքներու ծնունդին, մանաւանդ` տագնապալի վիճակներու մէջ, հոն կայ նաեւ ճամբորդատար նաւը յունական ջուրերոււն մէջ ընկղմիլ-չընկղմելու մտայղացուած փորձերը, ապա ջուրերէն դուրս գալով`ապաստանեալի իրաւունք ստանալու միջոցառումները:
Եթէ Յունաստանի մէջ կը ստանան որոշ ժամանակ մը մնալու յատուկ կարգավիճակ, բայց նաեւ կը սկսին փնտռել եւրոպական դեսպանատուներ` ապաստանեալի դիմումնագիրներ ներկայացնելու համար:
Տեղւոյն տէր հօր եւ վերապատուելիին ամէնօրեայ մտահոգութիւններուն առանցքը կը կազմէ Յունաստանի սուրիահայ գաղթականներու եւ ապաստանեալներու այս կացութիւնը: Եթէ մէկ կողմէ յոգնած եւ սպառած են, բայց նաեւ շատ առիթներով «անկարող» ըլլալու կացութիւնը աւելիով կը չարչրկէ զիրենք:Եւ ասոր վրայ պէտք է նաեւ աւելցնել յունական եւ տեղական տնտեսական տագնապը, ինչ որ աւելիով կը դժուարացնէ բոլոր կարիքաւորներուն օգնութեան ձեռք երկարելու պարագան:
Եւ շարունակեցի նայիլ Վաչէին… Կը զգայի Վաչէին հետ, եւ իր «զգացումները» հարազատ էին ինծի: Երկուքս ալ ապրած ենք (ու տակաւին) պատերազմական կեանքի փորձառութիւնը: Թէեւ սուրիական պատերազմին ու տագնապին խորքը տարբեր է լիբանանեան մեր փորձառութենէն (պատերազմող կողմերու եւ տարողութեան ու գաղափարապաշտական-ծայրայեղականութեան իրականութենէն մեկնելով), սակայն այս տուեալները աւելի մտահոգիչ երեւոյթներ ստեղծած են Սուրիոյ պարագային, բայց պատերազմի «ցաւը», որ երկուքիս սրտերուն վրայ ճնշած է, նոյնն է:
Բաժնուեցայ Վաչէէն` լռելեան կիսելով մեր այս «ցաւը», անկէ ետք Վաչէն չտեսայ, միայն գիտցայ, թէ Վաչէին ընտրանքը եղած է Շուէտ ապաստանեալի իրաւունք խնդրել: Եւ կը փորձէ այդ մէկը իրագործել:
Բայց Վաչէին եւ իմ «լռելեան ցաւիս» մէջ կայ մէկ հասարակ յայտարար` իր (ոչ) հաւասարէ իրավիճակով…
Լիբանանեան պատերազմի ժամանակ մենք ունէինք հայրենիք, բայց` ոչ անկախացած կարգավիճակով: Այսօրուանը պետականութիւն է, անկախացած, որ կը ներշնչէ «ապահովութիւն»: Եւ «ապահովութիւնը» եթէ մէկ կողմէ անցագիրի շնորհումն է`բոլոր հայերուն, բայց նաեւ ինքնութեան եւ յենելու կռուան: Սեփական հողի`քուկդ ըլլալու հասկացողութիւն եւ գիտակցութիւնն է, եւ հայուն համար «անտէր» չզգալու ապահովութիւն ներշնչող իրականութիւն:
Վաչէին, բայց նաեւ` հայուն ընտրանքը…
«Ապահովը տուն է»…
Բայց ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս է «ապահովը»…
Հապա՞ «տունը»…