Նոյեմբեր 29-ին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի տօնախմբէ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարդողիմէոս առաքեալներու տօնը: Առաջին Լուսաւորիչներու բերկրառատ տօնին Մայր Տաճարին մէջ, ժամը 10.30-ին պիտի մատուցուի Սուրբ եւ անմահ Պատարագ: Այս մասին կը յայտնէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգը:
Այս առիթով Մայր Տաճար պիտի բերուի Սուրբ Գեղարդը, որով հնարաւորութիւն պիտի ընձեռուի ուխտաւորներուն երկրպագելու եւ հրաշագործ Սուրբ Գեղարդէն ստանալու բաշխուող օրհնութիւնն ու շնորհները: Ս. Գեղարդը Միածնաէջ Տաճարին մէջ պիտի մնայ մինչեւ նոյն օրուան երեկոն:
Ի գոհացումը բարեպաշտ հայորդիներու եւ օտարազգի ուխտաւորներու, Ս. Պատարագի ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական սրբատառ կոնդակով Հայոց Եկեղեցւոյ հիմնադիրներ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարդողիմէոս առաքեալներու տօնը պիտի հռչակուի Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդի ուխտի օր:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բազմաթիւ սրբութիւններէն ու մասունքերէն մէկը Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդն է, որով նաեւ կ՛օրհնուի Հայոց Եկեղեցւոյ Սրբալոյս Միւռոնը: Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը այն նիզակի ծայրն է, որով հռոմէացի զինուորը խաչի վրայ խոցեց մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը: Այդ մասին Ս. Աւետարանը կը վկայէ. “Երբ եկան Յիսուսի մօտ եւ տեսան, որ ան արդէն մեռած էր, անոր սրունքները չկոտրեցին, այլ զինուորներէն մէկը տէգով խոցեց անոր կողերը, եւ իսկոյն արիւն եւ ջուր ելաւ” (Հռոմ. 19:33-34):
Ըստ եկեղեցական աւանդութեան, Գեղարդը առաջին դարուն Հայոց աշխարհ բերած է Քրիստոսի 12 աշակերտներէն Ս. Թադէոս առաքեալը: Համաքրիստոնէական այդ սրբութիւնը դարեր շարունակ պահուած է պատմական Հայաստանի տարբեր վանքերու մէջ, իսկ 13-րդ դարէն` Այրիվանքի մէջ, որ յետագային ի պատիւ Ս. Գեղարդի վերանուանուած է Գեղարդաւանք:
18-րդ դարի երկրորդ կէսին Ս. Գեղարդը բերուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ մինչեւ այսօր կը պահուի համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնին մէջ: Համաձայն պատմական տեղեկութիւններու, Աստուածամուխ Ս. Գեղարդը իր հրաշագործ զօրութեամբ փարատած է հոգեկան ու մարմնական հիւանդութիւններ: Եւ այդ նպատակով 18-19-րդ դարու ընթացքին ան քանի մը անգամ տարուած է Հայաստանի տարբեր գաւառներ, ինչպէս նաեւ ուղարկուած է Թիֆլիս (Վրաստան):