Հինգշաբթի 20 Նոյեմբերի 2014ին՝կեսօրէ ետք ժամը 5ին՝ Պէյրութի Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանին մէջ՝տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը՝«Քրիստոնէական Ներկայութիւնը Արաբական Ծոցի Երկիրներու մէջ՝անցեալէն մինչեւ այսօր» խորագրով՝եւ Անգլերէն լեզուով։ Դասախօսն էր՝Դոկտ. Հրայր ճէպէճեան՝Ընդհանուր Քարտուղարը Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեանը։
Դասախօսը նախ հակիրճ նկարագրականը տուաւ Արաբական Ծոցի տարածաշրջանի՝մեկնելով անոր պատմա-քաղաքական ու աշխարհագրական տուեալներէն՝ նեռարելով բոլոր զգայնութիւնները թէ շրջանը կը ճանչցուի որպէս Պարսից՞ թէ Արաբական Ծոց՝եւ կամ պարզապէս՝Ծոց։ Որմէ ետք՝ան ներկայացուց տնտեսական-ընկերային ու կրօնական իրավիճակները՝վիճակագրական տուեալներով՝ Ծոցի վեց երկիրներու (Քուէյթ,Պահրէյն, Սէուտական Արաբիա,Քաթար,Օման եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)բնական հարստութիւնները՝արտադրողական կարողականութիւնները ու ընկերային կեանքի մէջ ձեռք բերուած բարգաւաճումի ծրագիրները։
Հրայր Ճէպէճեան ապա անցաւ տարածաշրջանի ընկերա-կրօնական բնոյթին՝սկսելով Ք.Ե. Չորրորդ դարէն՝ուր քրիստոնէական հաւաքականութիւնները եւ եկեղեցիները սկսած էին ծաղկիլ շրջանին մէջ։ Ան պատմական ու արխիւային տուեալներէն մեկնելով՝ցոյց տուաւ թէ ինչպէս Ք.Ե. Չորրորդ դարէն սկսեալ՝եկեղեցիներ եւ վանքեր արդէն գոյութիւն ունէին շրջանին մէջ՝եւ թէ Նիկիոյ Տիեզերական ժողովին՝Ք.Ե. 325 թուականին՝ուր երեք հարիւր Եպիսկոպոսներ մասնակցած էին՝անոնց երեքը կ՚ուգային Արաբական Ծոցի տարածաշրջանէն։Ան նշեց թէ առաջին քրիստոնեայ հաւաքականութիւնը Ծոցի տարածաշրջանին մէջ կազմուած է Արաբ Քրիստնոնեաններէ՝որոնք եկած եւ կայք հաստատած կեդրոնական Իրաքէն՝ինչպէս նաեւ Արաբ հաւաքականութիւններ որոնք արդէն կ՚ապրէին ներկայ օրերու Պահրէյնի եւ հիւսիս-Արեւելեան Արապիայի մէջ։Պատմական արձանագրութիւններ նաեւ կը հաստատեն թէ Նեսթորական եկեղեցին՝որ հալածուած էր Պարսկաստանի մէջ՝նաեւ կայք հաստատեց Արաբական Ծոցի տարածաշրչանին մէջ։
Դոկտ. Հրայր ճէպէճեան ապա անդրադարձաւ Իսլամական ծամանակաշրջանին՝երբ Ք.Ե. 629 թուականին՝անոնք տիրապետեցին ամբողջ տարածաշրջանը։ Քրիստոնեայ եկեղեցին եւ հաւաքականութիւնները շարունակեցին մնալ շրջանին մէջ՝եւ մինչեւ 9րդ դար։Քրիստոնեաններ՝Իսլամական տիրապետութեան տակ դասուեցան որպէս երկրորդ դասակարգի հաւագականութիւն՝եւ պարտադրուեցաւ իրենց վրայ «Ճիզէն» (Տուգանքի դրութիւն ոչ Իսլամ հաւաքականութիւններու համար եւ ըստ Իսլամական օրէնքին)։ «9րդ դարէն ետք՝Քրիստոնեայ եկեղեցիին ու հաւաքականութիւններուն մասին չկան որեւէ պատմական արձանագրութիւն եւ անդրադարձ» ըսաւ Հրայր Ճէպէճեան։ Ան յիշեց մի քանի պատճառներ թէ ինչու՞ եւ ինչպէս՞ Քրիստնոեայ եկեղեցին անյայտացած է շրջանէն։Առաջին՝հալածանք Իսլամներու կողմէ՝բայց նաեւ եկեղեցական ներքին տագնապներ եւ պառակտումներ՝ուր մարդիկ աւելի ճիշդ գտած էին Իսլամական հաւատամքը որպէս կեանքի հիմք եւ դաւանափոխ եղած։ Երկրորդ՝ տնտեսական տուրքը՝«Ճիզէն»՝որը պատճառ դարձած է Քրիստոնեաններու կամ արտագաղթին եւ կամ դաւանափոխութեան դէպի Իսլամական կրօնք։
Քրիստոնեայ ներկայութիւնը վերստին մուտք գործեց Արաբական Ծոցի տարածաշրջանը՝Փորթուքալական գաղութատիրութեան ժամանակ՝ որ սկսաւ 1506 թուականին։Կաթողիկէ Գարմելական Միաբանութիւնը ունեցաւ գործօն մասնակցութիւն այս ժամանակաշրջանին…։ «Փորթուկալական գաղութատիրական ժամանակաշրջանը նաեւ յատկանշուեցաւ որպէս բռնատիրական՝ուր տեղացի Արաբներ ծանր եւ դժուառ կեանքեր ունեցան այդ տարիներուն՝ըստ պատմական տուեալներուն» ըսաւ Հրայր Ճէպէճեան։
Քրիստոնեայ ներկայութիւնը շարունակուած է Անգլիական գաղութատիրութեան ժամանակ՝ուր յարաբերաբար աւելի ջերմ յարափերութիւններ եւ մթնոլորտ տիրած է շրջանին մեջ՝Քրիստնեայ-Իսլամ համակեցութեան իմաստով։Իսկ Քրիստնոէական աշխուժ առաքելութիւնը եղած է 19րդ դարուն՝երբ «Արաբիա Առաքելութիւնը» կազմուած է Ամերիկայի Բարեկարգեալ Եկեղեցիին կողմէ 1889 թուականին՝որ հոգեւոր-եկեղեցական, կրթական եւ բժշկական մեծ ներդրումներ ունեցած է։ «Միսիոնարները սակայն չի յաջողեցան տեղական Արաբներէ կազմուած քրիստոնեայ հաւաքականութիւն կազմել եւ իրենց ներդրումը եղաւ առաւելաբար կրթական եւ բժշկական կեանքերու մէջ մեծ նպաստներ բերելով եւ հիմնարկներ յառաջացնելով՝որ մինչեւ այսօր տակաւին կը գործեն» ըսաւ ան։ « եթէ Միսիոնարներ չի յաջողեցան Քրիստոնեայ տեղական համայնք գոյացնել՝բայց կարեւոր ներդրում ունեցան համակեցութիւն եւ հարդուրժողութիւն յառաջացնել երկու կրօններու միչեւ»։
Իսկ ներկայ օրերուն անդրադարնալով՝ Արաբական Ծոցի երկիրներուն մէջ այսօր կ՚ապրին մեծ թիւով օտարականներ՝աշխատանքային պատճառներով։ Եւ այս իմաստով՝ ան նշեց թէ այսօր մօտաւորապէս հինգ միլիոն Քրիստոնեաններ կ՚ապրին տարածաշրջանին մէջ՝ որոնք կ՚ուգան տարբեր երկիրներէ։ Եկեղեցին օտարազգի է՝տարբեր եկեղեցական համայքներէ կազմուած՝որոնք իրենց գործունէութիւնը կ՚ունենան իրենց եկեղեցաշէնքերուն մէջ։ « Եկեղեցին Արաբական Ծոցի երկիրներու մէջ՝կարեւոր դեր կը կատարէ միչ-համայնքային եւ միչ-կրօնական երկխօսութեան եւ հասկացողութեան ու զիրար ընդունելու գործընթացքին մէջ» ըսաւ ան։« ՈՒՐԻՇԸ հասկնալը եւ զայն ընդունիլը Քրիստոնէական հաւատամքին մէկ գլխաւոր առաքելութիւնն է՝եւ եկեղեցին Արաբական Ծոցի տարածաշրջանին մէջ այս մէկն է որ կը փորձէ իրագործել» եզրաբակեց Դոկտ.Հրայր Ճէպէճեան։
Դասախօսութենէ ետք՝տեղի ունեցաւ նաեւ հարց-պատասխան եւ նիւթին հետ առընչուած հարցերու քննարկում։