Արհամարհելով դիպուկահարներու կրակն ու շրջակայ գնդակոծութիւնները` Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի ամենահին ու շքեղ հիւրանոցին` Hotel Baron-ի սեփականատէր Արմէն Մազլումեանը մռայլ կը ծխէ իր յայտնի հիւրանոցի լայն պատշգամին վրայ: Հիւրանցը, որ ան ստիպուած է փակելու, ընդամէնը քանի մը մեթր հեռու է կառավարական զօրքերու եւ ապստամբներու ճակատային գիծէն: Ահա այսպիսի նկարագրութեամբ կը սկսի France-Presse-ը իր հաղորդումը Հալէպէն` ներկայացնելով հայերու հիմնադրած հիւրանոցային պիզնէսի անցեալն ու ներկայ վիճակը:
1911 թուականին Hotel Baron-ը հիմնադրած է անոր պապը, որուն անունը հիմա կը կրէ Արմէն Մազլումեանը: Այս հիւրանոցին մէջ 1958 թուականին ելոյթ ունեցած է Եգիպտոսի նախագահ Ժամալ Ապտըլ Նասէրը, այստեղ Ակաթա Քրիստին գրած է «Սպանութիւն Արեւելեան ճեպընթացին վրայ իր յայտնի վէպին մէկ մասը: 215 սենեակը մնացած Իրաքի ու Սուրիոյ թագաւոր Ֆայսալ առաջինը: Բրիտանացի հնէաբան, զինուորական հետախոյզ Լոուրենս Արաբացին կը նախընտրէր 202 սենեակը, Ակաթա Քրիստին կը մնար 203 սենեակը:
“Ես անոր հանդիպած եմ 1959 թուականին: Ես շատ երիտասարդ էի եւ չէի հասկանար` որքան կարեւոր է ան: Ակաթա Քրիստին ամէն տարի կու գար իր ամուսինին` հնագէտ Մաքս Մելոուենի հետ, որ պեղումներ կ՛ընէր Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը”, – պատմած է Արմէն Մազլումեանը:
Ան ըսած է, որ Hotel Baron-ի մէջ այնքան յայտնի մարդիկ իջեւանած են, որ բոլորին անունները թուարկելու համար մինչեւ յաջորդ օրը ժամանակ պէտք է: Ամէն պարագայի, ան եւս քանի մը անուն կը նշէ` Hotel Baron-ի մէջ իջեւանած են Ֆրանսայի նախկին առաջնորդ Շառլ տը Կոլը, միլիառատէր Տէյվիտ Ռոքֆելըրը, օդաչու Չարլզ Լիտպերկը, որ առաջինն էր, որ միայնակ թռիչք կատարեց Ատլանտեան ովկիանոսի վրայով, Սուրիոյ բոլոր նախագահները` բացառութեամբ Նուրդին ալ Աթասիի:
“Բայց այս բոլորը անցեալի մէջ է: Անկեղծ ըսեմ, հիւրանոցը ալ երբեք առաջուանը չ՛ըլլար: Լաւագոյն տարիները ետեւ մնացին”, – ըսած է Մազլումեանը:
Հիւրանոցի սենեակները, ուր նախապէս յայտնի մարդիկ, քաղաքական առաջնորդներ իջեւանած են, հիմա դատարկ են, կամ այդ սենեակներուն մէջ կ՛ապրին իրենց տուներէն, ռմբակոծութիւններէն փախած ընտանիքներ, որոնց Արմէն Մազլումեանը ապաստան տուած է:
Սուրիոյ մէջ 4 տարի առաջ սկսած հակամարտութիւնը Հալէպ հասաւ 2012 թուականին, եւ հիւրանոցը կորսնցուց իր յաճախորդները, յայտնուեցաւ անմխիթար վիճակի մէջ:
“Արդեն մօտաւորպէս 4 տարի է պատերազմը կը շարունակուի, բայց ես լաւատեսութիւն ներշնչող ոչինչ կը տեսնեմ, ընդհակառակը…”, – France Presse-ին ըսած է 63-ամեայ Մազլումեանը` չսափրուած ու բուրդէ կապոյտ գլխարկով:
Հիւրանոցի նախասրահին մէջ դեռ կը մնայ անցեալ դարի 30-ական թուականներէն պահպանուող գրութիւնը` “Hotel Baron` միակ առաջին կարգի հիւրանոցը Հալէպի մէջ”:
“Հիմա ան կը թուի հին ու լքուած. փոշոտ նախասրահ, հին հեռախօսներ, փայտէ լաքապատուած պար` դատարկ շիշերով: Ռմբակոծութենէն տանիքը վնասուած է, եւ անձրեւի ժամանակ ջուրը ներս կը ծորայ”, – կը նկարագրէ France-Presse-ի թղթակիցը:
Արմէն Մազլումեանը Հալէպի մէջ հիւրանոցային պիզնէսով զբաղող Մազլումեաններու ընտանիքին չորրորդ սերունդն է: Անոր մեծ պապը` Գրիգորը, ընտանիքի առաջին հիւրանոցը Հալէպի մէջ բացած է 19-րդ դարու կէսերուն: Առաջին հիւրանոցի անուանումը “Արարատ” էր:
www.azatutyun.am