Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան Մասին Նոր Վէպ Մը

Հայկական Հարցն ու Ցեղասպանութիւնը առաջին անգամ ըլլալով, ամբողջական տեսքով տեղ գտած են թրքական նոր վէպի մը մէջ։

Արդարեւ, թուրք յայտնի գրող Վետաթ Թուրքալիի «Վերջացաւ, Վերջացաւ՝ Չվերջացաւ» ստեղծագործութեան տարածքին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրուականը կը շրջի: Վէպի պատմական ետնաբեմին մէջ Ցեղասպանութիւնը թաքնուած է:

Վէպին մէջ կը ներկայացուին 1909ի Կիլիկիոյ կոտորածը, Խարբերդի նահանգը, Պատմական Հայաստանը, տեղահանութիւնը, կոտորածները, որոնք այս հողերը անծայրածիր գերեզմանի վերածած են, նաեւ՝ Տէր Զօրը, բռնի իսլամացումը, գաղտնի քրիստոնեաները եւ Հայկական Նեմեսիսը։

Հեղինակը նաեւ զուգահեռներ գծած է Տերսիմի եւ Հայկական Ցեղասպանութեան միջեւ։

www.tert.am

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին