Երբ կը յիշեմ քեզ
Ու ժպիտը՝ շրթներուդ,
Կը փշաքաղիմ մտածումէն՝ որ
Միայն ա´ն մնաց, մնացածը՝
Այս կեանքի տաղտկալի մանրուքներն էին,
Որ մեկնեցան առյաւէտ…
Երբ կը յիշեմ քեզ
-Իսկ ես կը յիշեմ միշտ-
Հառաչանք մը խոր կը բխի սրտէս,
Ի տես ծաղրին՝ որ կ᾿ապրինք մշտապէս.
Ի՞նչ մնաց տարիներէն ու օրերէն,
Ծիծաղներէն ու անդոհանքէն,
Վիշտերէն անհուն, որոնց դարձանք բախտակից,
Ու մնացին անոնք մեր օրերուն,
Որպէս անբաժանելի ստուեր ու հոգիի բեռ…
Երբ կը յիշեմ քեզ,
-Ժպիտդ ինծի ընկեր-
Գիտեմ, որ բաժանումն այս աշխարհէն՝
Կարճատեւ ճամբորդութիւն մ᾿է լոկ
Այս իրականութենէն ՝ մինչ հանդիպում,
Որ կը յամենայ տակաւին…
ԲԱԳԻՆ, ԾԳ. Տարի, Յուլիս-Սեպտ. 2014, Թիւ 3, էջ 7