Սրբոց Թարգմանչաց տօնը կը խորհրդանշէ հայոց գիրերու գիւտը, Աստուածաշունչի հայերէն առաջին թարգմանութիւնը, թարգմանչաց շարժումն ու հայ դպրութեան սկիզբը: Թարգմանչաց տօնը առիթ մըն է պատուելու այն տեսլապաշտ վարդապետը՝ Մեսրոպ Մաշտոցը, որ հայ ժողովուրդին նուիրած է զէնք մը, որմով հայը պիտի փառաբանուի առ յաւէտ:
Այս տօնը, համարուելով մեր գոյութեան գրաւականը, ամէն տարի մեծ շուքով կը նշուի մեր վարժարանէն ներս: Արդարեւ, Ուրբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2014-ի ատենամարզանքը նուիրուած էր Թարգմանչաց տօնին: Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, 11-րդ դասարանի աշակերտուհի Անիթա Շիրվանեան բացման խօսքով ներկայացուց պատմականը թարգմանչական աշխատանքին, որմով «մեր ժողովուրդը զինուեցաւ ինքնապաշտպանական հզօր զէնքով, որուն շնորհիւ առ այսօր մենք կը մնանք անխոցելի՝ արտաքին մշակութասպան սպառնալիքներուն դիմաց»: 12-րդ դասարանի աշակերտ Փիթըր Պետրոսեան ըսաւ, թէ «բանաստեղծ Գէորգ Էմին հայոց տառերը կը նմանցնէ մէկական զինուորներու, ինքնապաշտպանութեան մարտիկներու, զրահաւոր ասպետներու, եւ մենք, փոխանակ գուրգուրալու, կամովին եւ ամենայն պաղարիւնութեամբ կþօտարանանք մեր տոհմիկ մթնոլորտէն, մինչ օտարներ հիացումով կը խօսին մեր լեզուին մասին»: Աւարտին, ան կոչ ուղղեց իր ընկերներուն ուխտել՝ հաւատարիմ մնալու Մաշտոցեան մեր դարաւոր նշխաներուն:
Յայտագիրը սկսաւ Շաւարշ Նարդունիի «Կարօտ Հայ Լեզուին» մենախօսութեան կատարողութեամբ, զոր բացառիկ կերպով եւ մեծ ապրումով ներկայացուց 12-րդ դասարանցի Արինա Թեփիրճեան: Ապա, տեսերիզի ցուցադրութեամբ աշակերտները հետեւեցան մեր առաջին թարգմանիչներու՝ Մեսրոպ Մաշտոցի, Կորիւն վարդապետի, Սահակ Պարթեւի, Եղիշէի, Մովսէս Խորենացիի, Դաւիթ Անյաղթի, Գրիգոր Նարեկացիի եւ Ներսէս Շնորհալիի կատարած հսկայական գերգնահատելի աշխատանքին:
Այնուհետեւ, 8րդ կարգի աշակերտները ներկայացուցին շատ տպաւորիչ թատերական գործ մը, որուն միտք բանին էր՝ մերժել օտար բառերու օգտագործումը մեր առօրեայ բառապաշարին մէջ, երբ մենք ունինք այդքան հարուստ, ամբողջական եւ ինքնատիպ լեզու մը:
Օրուան բանախօսն էր «Օ.Թի.Վի.» հեռուստակայանի հայկական լրատուական բաժնի պատասխանատու՝ պրն. Արմէն Ապտալեան: Ան, թարգմանչաց տօնը առնչելով մեր գոյութեան եւ ինքնութեան հետ, նախ շնորհաւորեց գեղարուեստական յայտագրին մասնակցած բոլոր աշակերտները եւ ուսուցիչները, որոնք այսքան բովանդակալից եւ սրտամօտ յայտագիր մը պատրաստած էին: Ապա, ան խօսքը աշակերտներուն ուղղելով ըսաւ. «Դուք շուտով պիտի մեծնաք, համալսարաններ յաճախէք եւ անդրադառնաք որ աշխարհը լեզուներու, մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու խառնարան մըն է, ուր ինքզինք պաշտպանելը շատ դժուար է, եթէ ձեր հետ չունենաք ձեր միակ հզօր զէնքը՝ մայրենի լեզուն»: Ան աշակերտները բախտաւոր համարեց, որովհետեւ իրենց ծնողները զիրենք կ’ուղարկեն հայկական վարժարան, ուր անոնք կը ծանօթանան մեր ինքնութեան զէնքին, խնդրելով՝ խաղալիքի, աղբի, ծաղր ու ծանակի չվերածել, փոշիներու մէջ չթաղել ու մահուան չդատապարտել այս կատարեալ, կատարելագործուած, հարուստ եւ ճկուն հայերէն լեզուն:
«Իմ Թանկագին Լեզու» խմբային երգով ելոյթ ունեցան Դ. դասարանի խումբ մը աշակերտներ, որմէ ետք երգի ուսուցչուհի Տիկ. Սոնիկ Բամպուքեան, ընկերակցութեամբ արուեստից բաժնի աշակերտներ Կարօ Նագգաշեանի եւ Սերժիօ Ահարոնեանի, հրամցուցին «Հայորդիք» երգը:
Հանդիսութեան աւարտին, վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան գնահատեց Համազգայինի Գիրքի Պատրաստութեան Մրցանքին վարժարանիս 4 պարգեւատրեալ խմբակները, ինչպէս նաեւ պարգեւատրեց նախորդ շաբթուան ընթացքին Բ., Գ. եւ Դ. կարգերուն մէջ ընթերցանութեան մրցանքին 6 յաղթական աշակերտները: Ապա խօսք առնելով ըսաւ. «Այսօր անգամ մը եւս մեր աշակերտները եկան ապացուցելու, թէ իրենք հաւատարիմ պահապաններն են հայերէն լեզուին, որովհետեւ հայ աշակերտը հայ վարժարանին մէջ է որ կը շարունակէ տէր կանգնիլ իր ինքնութեան հզօրագոյն զէնքին՝ հայերէն լեզուին»:
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ