*ՏՈՔԹ. ՃՈՐՃ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ*
Կար ու չկար երկու ընկերներ կային, մէկուն անունը Որակ, միւսինը՝ Քանակ։ Որակն ու Քանակը որոշեցին միասին նոր կեանք մը սկսիլ։ Անբնակ տարածք մը գտնելով հաստատուեցան, իրար մօտ տուներ շինեցին, ամուսնացան եւ այսպիսով հիմք դրին նոր գիւղի մը։
Որակը հակում ունէր ուսման, կը սիրէր կարդալ, գիտելիքներ ձեռք բերել ու զարգանալ, եւ իր ազատ ժամանակը կը տրամադրէր այդ բանին։ Ունեցաւ չորս տղաներ, որոնք իր բնաւորութիւնը ունէին, ուստի իրենց յարմար պայմաններ ստեղծեց, ուսանեցան ու մասնագէտներ դարձան, ամուսնացան եւ ամէն մէկը անոնցմէ ունեցաւ չորս զաւակներ, որոնք նոյնպէս ուսանելու ճանապարհով գացին։ Քառասուն տարի անց, Որակին գերդաստանը կը հաշուէր 30 անձ։
Քանակը հակում ունէր սիրելու, կը սիրէր իր տիկնոջը՝ մանաւանդ եւ յատկապէս գիշերները…, ուստի տիկնոջ փորը միշտ ուռած էր։ Ունեցաւ տասներկու տղաներ, որոնք բոլորն ալ ունէին իրենց հօր բնաւորութիւնն ու հակումները, շուտ շուտ ամուսնանալով ամէն մէկը ունեցաւ տասներկու զաւակներ։ Կարդալ չէին սիրեր, ժամանակ ալ չունէին գոնէ հեռատեսիլ դիտելով զարգանալու, օրուայ աշխատանքէն ետք անոնց գիշերային յայտագիրն էր՝ ընթրել, «կնոջ սիրել» եւ քնանալ։ Քառասուն տարի ետք Քանակի գերդաստանը կը հաշուէր 160 անձ։
Քանակի ու Որակի հիմնած գիւղը գիւղապետի եւ գիւղխորհուրդի կը կարօտէր։ Այդ նպատակով ընտրութեան օր նշանակուեցաւ, կողքի գիւղերէն դիտորդներ, պաշտօնական հիւրեր հաղորդավարներ ու տարբեր գոյնի օրաթերթերու թղթակիցներ ժամանեցին, որոնք պիտի հսկէին ընտրութիւններուն ընթացքը ու վկայէին թափանցիկութիւնը եւ հաստատէին արդիւնքները։ Մինչ այդ, երկար բանակցութիւններ տեղի ունեցան Քանակի եւ Որակի ներկայացուցիչներուն միջեւ, որոնք ապարդիւն մնալով որոշուեցաւ ազատ ընտրութիւններու միջոցը որդեգրել՝ որ ամէնադեմոկրատականն է։ Բանակցութիւններուն ականջալուրներէն ոմանք կը փսփսային թէ Որակին ներկայացուցիչները համաձայն չէին այդ միջոցին, բայց Քանակին ներկայացուցիչներուն ձայնը աւելի բարձր կը հնչէր այդ օր։
Վերջապէս, առանց երկարելու՝ կայացան ընտրութիւնները շատ արդար, թափանցիկ ու հեզասահ, գիւղապետ ընտրուեցաւ Քանակը, իսկ գիւղ խորհուրդի անդամներ ընտրուեցան Քանակի տաս զաւակները (մնացած երկուքը այդ օրը զբաղած էին իրենց տիկինները սիրելով), եւ Որակի մեծ տղան, որուն խադիրը չկտրեցին Քանակի տղաները… ոմանք կը շեշտեն որ անոնք այդ քայլին դիմեցին, որ Որակին գերդաստանը ձեւով մը կապուած պահեն գիւղին, վերջապէս գիւղի երկրաչափը, ուսուցիչն ու բժիշկը այդ կողմէն են։
Այդ գիշեր Որակը վիրաւորուած ու նեղացած էր։ Իր մօտիկները հետեւեալ մի քանի նախադասութիւնները լսեցին իրմէ՝ «Ղեկավար դառնալու համար պէտք էր սեռականօրէն աւելի կայտառ ըլլայի…», «Դեմոկրատիա ըսածդ Քանակ կը նշանակէ…», «Շատ կարդալն ալ լաւ չէ, մէկ մէկ ալ մարդս կին պէտք է սիրէ եղեր…»։
Վարչութեան անդրանիկ նիստի առաջին մասը հեզասահ էր, Քանակի անդրանիկ զաւակը ատենապետ ընտրուեցաւ։ Վարչութեան անդամներէն գրիչը ոչ թէ ափով այլ մատներով բռնելու կարողութիւնը միայն Որակի մեծ տղան ունէր, ուստի ան ալ ընտրուեցաւ ատենադպիր։ Ժողովի երկրոդ մասին, 10 1 ձայներու յարաբերութեամբ գիւղը անուանուեցավ՝ Քանակավան, իսկ գիւղի հիմնադիր հռչակուեցաւ «Քանակ աղան»։ Ատենադպիրը այս բոլորը մերժելով ու չհամաձայնելով հանդերձ արձանագրեց։
Քանակը՝ ինչպէս յիշեցինք, սեռականօրէն գեր֊կայտառ ըլլալու պատճառով, դիւրագրգիռ էր կանացի որեւէ մանրամասնութեան մը հանդէպ։ Կնկայ մը մերկ կրունկն անգամ իրեն գլուխէ կը հանէր։ Զաւակներուն մէջ ալ նոյն բնաւորութիւնը նկատելով, իր բոլոր հարսերուն թելադրած էր ոտքէ գլուխ ծածկուիլ՝ խուսափելու համար անախորժութիւններէ։ Անոր տանը մէջ ընդունուած էր, որ անծածկ ըլլալը գայթակղութեան առիթ կուտայ, հետեւաբար անծածկ կնոջ մը նպատակը գայթակղիլ կ՛ըլլայ, ուստի եթէ կինը մը իր մարմինէն որեւէ մաս դիտաւորեալ կամ պատահաբար ցուցադրէ՝ անբարոյական կը յամարուի։ Երկրորդ ժողովին կարեւորութիւնը, Քանակաւանի ներքին օրէնսդրութեան մէջ, այս եւ նման օրէնքներու վաւերացումը եղաւ «նոյնպէս ատենադպիրի կամքէն անկախ»։ Որակին հարսերը պարտաւորուեցան ոտքէ գլուխ ծածկուիլ՝ որպէսզի մնան բարոյականութեան սահմանէն ներս, այլապէս կրնար Քանակաւանի Վարչութիւնը իրենց անբարոյական հռչակել՝ 101 ձայներու յարաբերութեամբ։
Երորդ ժողովը որ արտահերթ էր կարեւոր խնդիր մը լուծելու համար, բաւական երկար տեւեց։ Հարցն այն էր որ, շտապ նամակ մը պահանջած էին վերին ատեանները, ուր գիւղին ներքին կանոնադրութիւնը պիտի վաւերացուէր։ Ատենադպիրը պատշաճ ու գրական մայրենի լեզուով, արագօրէն խմբագրած ու պատրաստած էր պահանջուածը՝ բովանդակութեան համաձայն չըլլալով հանդերձ, ընդհանուր շահէ ելլելով։ Քանակաւանի Վարչութեան մնացած 10 անդամները հազիւ կրնային մայրենի լեզուով խօսիլ, հետեւաբար ուղղարկուելիք նամակը բառ առ բառ, պարբերութիւն առ պարբերութիւն թարգմանելու անհրաժեշտութիւն եղաւ՝ այլ ներկաներուն համար հասկնալի լեզուներու, ինչը որ բաւական ժամանակ խլեց, եւ ուշացուց նամակը։
Յետագայ ժողովներու ընթացքն ու օրակարգերը յիշելը դժուար է …, առանձնապէս ժողով ալ չեղաւ որ յիշուի, այլ պարզապէս որոշումներ կ՛առնուէր ատենապետին կողմէն, իր հօր՝ Քանակ աղային հետ խորհրդակցելէ ետք. մնացած ժողովականները չհամաձայնելու պատճառ մը չունէին, պէտք ալ չունէին մտածելու որեւէ որոշումի մը վերաբերեալ, իրենց հայրը եւ աւագ եղբայրը այդ դժուար գործը յանձն առած էին արդէն, իրենց կը մնար համաձայնիլ, ձեռք բարձրացնել, յետոյ տուն երթալ ու իրենց կնկան դիմաց ուրիշ բան բարձրացնել: Սխալ մի հասկնաք, խօսքը ձայնի մասին է, իսկ ատենադպիրին կը մնար որոշումները գրի առնել, ուզելով թէ ոչ՝ արձանագրել։ Շրջան մը նոյնիսկ իր տեսակէտը առաջարկել փորձեց: Եթէ որակ ըսուածն ալ քանակին յամոզել կամ ուղղել չկրնայ, ալ ինչ՞իս որակ կոչուի… չյաջողեցաւ։
Ընդվզումով մերժեց ատենագրել ու որոշումները արձանագրել, ատենապետը իր հօր թելադրանքով կողքի գիւղէն գրագիր մը վարձեց, որ գործը առաջ երթայ «որակ մը որքան ալ ճարտար ու ճարպիկ ըլլայ, հայրը հայր է, որոշումները անվիճելի…»։
Թէ ի՞նչ եղաւ յետագային Քանակաւանի ճակատագիրը յայտնի չէ, սակայն այնտեղ գործի բերումով այցելողներ ու կողքով անցնողներ, կը պատմէին թէ գիւղ խորհուրդի անդամնեը «Քանակի զաւակները» պաշտօնի եւ ժամանակի թելադրանքի տակ կամաց կամաց զարգացան, փորձառութիւն ձեռք բերին, նոր որակ դարձան, սկսան աւելի ուժ տալ մտաւորին, ծուլացան իրենց տիկիններուն հանդէպ անհրաժեշտ պարտականութիւնները կատարելու, անոնց թիւը դանդաղօրէն սկսաւ պակսիլ, եւ յանկարծ տեղէ մը նոր Քանակ աղա մը բուսաւ…։ Դէպքեր տեղի ունեցան, որոնց աւարտը դեմոկրատական ընտրութիւններով հաստատուեցաւ, գիւղը վերանուանուեցաւ Նոր֊Քանակաւան… մնացածը գիտնալ դժուար չէ…։
Յարգելի ընթերցող, դեռ շատ երկար կարելի է պատմել Քանակաւանի ու Նոր֊ Քանակաւանի մասին, բայց ի՛նչ գործ ունինք ուրիշներուն ըսի ըսաւներուն ու քաշքշուկներուն հետ, մենք մեր գործին նայինք, մեզի ինչ ուրիշը…։
Դամասկոս
Յ.Գ. Ռամկավար ըլլալով հանդերձ, պարտաւոր եմ իմ վարդապետութեանս խոցելի կէտերուն անդրադառնալ, որոնք ցաւալիօրէն քիչ չեն։ Վերջապէս ինձմէ մեծերը ըսած են՝ «Ռամկավարութիւնը լաւագոյն համակարգը չէ ժողովուրդ մը կառավարելու, սակայն մարդկութիւնը աւելի լաւը դեռ չէ ճանչցած»։ Օր մը կը ճանչնայ զահար…։