Գծագրութիւններու ընդմէջէն Աստուածաշունչը հայ աշակերտներուն դիւրահաղորդ եւ մատչելի դարձնելու մտահոգութեամբ՝ «Հայ մանուկին անձնական Աստուածաշունչ»ը պատրաստուած է, Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան նախագահ դոկտ. Հրայր Ճեպեճեանի նախաձեռնութեամբ, որ Աթէնք այցելեց անցնող օրերուն ընթացքին եւ առիթը օգտագործեց որպէսզի գիրքէն օրինակներ նուիրէ հայ աշակերտութեան:
Հայ Աւետարանական համայնքի վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանի ընկերակցութեամբ դոկտ. Ճէպէճեան այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ վարժարանները, տնօրէնութեանց եւ ուսուցիչներու տրամադրութեան տակ դնելով հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան նպաստող իւրայատուկ գիրքը:
«Ազատ Օր»ի խմբագրութեան հետ իր զրոյցին ընթացքին, դոկտ. Ճէպէճեան անդրադարձաւ հրատարակութեան նպատակին, շեշտելով թէ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը մեր հայեցի դաստիարակութեան կարեւոր եւ անբաժան մէկ մասնիկն է: Այդ իմաստով ալ ինք տարբեր առիթներով նախաձեռնակ եղած է պատանիներուն յատուկ գրքոյկներու հրատարակութեան, ինչպէս էին «Փոքրիկներու Աստուածաշունչը» եւ «Մանկա Մեսիա»ն, որ պատանի տարիքի տղոց ուղղուած էին: Այս պարագային՝ «Հայ մանուկին անձնական Աստուածաշունչը» աւելի փոքր տարիքներ նկատի ունեցած է, յատկապէս 5-9 տարեկանի շուրջ մանուկներ, որոնք իրենց ուսուցիչներու ուղղութիւններուն համաձայն եւ գծագրութիւններու ընդմէջէն իրենց սեփականութիւնը պիտի դարձնեն հին եւ նոր Կտակարանի բովանդակութիւնը:
Դոկտ. Ճէպէճեան բացատրեց թէ Աստուածաշունչի միութեան կողմէ իր նկատողութեան յանձնուած էր արաբերէն լեզուով հրատարակութիւնը պատրաստելու պարտականութիւնը, այսուհանդերձ, ինք պնդեց եւ յաջողցուց հայերէն լեզուով լոյս ընծայել գիրքը, գիտակցելով Սփիւռքի մէջ ապրող հայ աշակերտութեան դաստիարակութեան համար դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:
Հայերէնի թարգմանութեան ու պատշաճեցման աշխատանքը կատարած է դոկտ. Արտա Ճէպէճեանը: Գիրքը լոյս տեսած է 5.000 տպաքանակով եւ բաժնուած է արդէն Քուէյթի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Կիպրոսի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պոլսոյ հայկական վարժարաններուն մօտ: