Չորեքշաբթի, 16. 10. 2024

spot_img

Հրաւէր՝ «ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅԵՐԸ» Գիտաժողովի Մասնակցութեան

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը կը յայտնէ, թէ Միջին Արեւելքի հայօճախներու նուիրուած իր գիտաժողովներու շարքին երկրորդը՝ «Հայերը Սուրիոյ Մէջ» եռօրեայ գիտաժողովը պիտի կայանայ 25-27 Մայիս 2015ին, Հայկազեան Համալսարանին մէջ: Գիտաժողովի պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 24 Մայիս 2015ին:

Գիտաժողովը պիտի շօշափէ հայերու ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ՝ առանց ժամանակագրական եւ նիւթի սահմանափակումի: Գիտաժողովին նիստերը յատկացուած պիտի ըլլան Տէր Զօրին, Հալէպին, Դամասկոսին, հայկական միւս բնակավայրերուն, Քեսապին ու Ալեքսանտրէթին, սուրիահայ կրթա-մշակութային կեանքին, հաստատութիւններուն եւ ընդհանրապէս սուրիահայ պատմութեան:

Առ այդ, մասնակիցները կրնան ուսումնասիրութիւններ ներկայացնել սուրիահայութեան կրթական, եկեղեցական, հանրային հաստատութեանց, ընկերային եւ բարեսիրական հաստատութիւններուն, մարզական, քաղաքական, տնտեսութեան եւ շուկային, արուեստից ու մշակոյթին, մամուլին եւ տպագրութեան, նախաեղեռնեան, սուրիահայութեան եւ հայկական սփիւռքի ու Հայաստանի Հանրապետութեան փոխյարաբերութիւններուն վերաբերող նիւթերու շուրջ:

Գիտաժողովը կը միտի, ի միջի այլոց.-

Ա) Գիտա-տեսական նոր գիտելիք ձեւաւորել սուրիահայ պատմութեան մասին.

Բ) Հարստացնել սուրիահայ պատմութեան գիտական բերքը նոր նիւթերով.

Գ) Սատարել սուրիահայութեան շուրջ ուսումնասիրութեանց ծաւալումին.

Դ) Մշակել սուրիահայութեան մասին ճանաչողական գիտելիքն ու փորձը.

Ե) Օժանդակել սփիւռքահայ պատմութեան եւ տեսութեան հարցերու առաւել լայնածիր ու խորունկ ուսումնասիրութեան:

Գիտաժողովը բաց է հայ թէ օտար մասնագէտներու առջեւ՝ Լիբանանէն, թէ՝ այլուր:

Մասնակիցները պարտին մինչեւ 25 վայրկեան տեւողութեամբ զեկուցում մը ներկայացնել՝ հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն կամ արաբերէն:

Անհրաժեշտ է որ զեկուցումով մասնակցիլ փափաքողները մինչեւ 25 Նոյեմբեր 2014 Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն յղեն իրենց նիւթին վերնագիրը եւ ամփոփագիրը՝ նիւթի խաչաձեւումէ խուսափելու համար: Մասնակից զեկուցողները կը ստանան իրենց պաշտօնական հրաւէրները մինչեւ 15 Դեկտեմբեր 2014:

Ծրագրուած է, որ գիտաժողովին նիւթերը աւելի ուշ հրատարակուին՝ իբրեւ «Հայկական Սփիւռք» մատենաշարի երրորդ գիրք: Գիտաժողովէն ետք, մինչեւ 15 Օգոստոս 2015, մասնակիցները ժամանակ պիտի ունենան վերամշակելու, յաւելումներ-փոփոխութիւններ կատարելու իրենց զեկուցումներուն վրայ եւ այնպէս յանձնելու հրատարակութեան:

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը կ’ապահովէ մասնակից զեկուցողներուն քառօրեայ կեցութիւնը՝ պանդոկ եւն.:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ լուսաբանութիւններու համար հեռաձայնել Կեդրոն՝ հեռ. 00961 1 349230 ext. 205, կամ՝ 00961 3 712058, եւ կամ գրել՝ adakessian@haigazian.edu.lbհասցէին:

Լաւագոյնի բարեմաղթանքներով,

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, Տնօրէն

Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին