Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Վարդան Օսկանեան Հայաստանը Զետեղեց Հինգ Յենասիւներու Վրայ. Եկեղեցի, Պետականութիւն, Սփիւռք, Ցեղասպանութիւն Եւ Ղարաբաղ

*ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ*

Hratch Sepetjian

Կազմակերպութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Ասպետներու Համախմբումին, Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 10-ի երեկոյեան, Փասատինայի Հ.Բ.Ը. Միութեան Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնին մէջ «Հայաստանի յաջողութիւններն ու մարտահրաւէրները» ծաւալուն նիւթով հանդէս եկաւ ՀՀ նախկին արտաքին գործոց նախարար եւ ներկայիս Հայաստանի Ազգային Ժողովի անդամ Տիար Վարդան Օսկանեան:

Շուրջ 200 հայրենակիցներ, որոնց շարքին ազգային քաղաքական եւ հասարակական  կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով միութենականներ, ընթրիքի սեղաններու շուրջ, լսեցին ու երկխօսութեամբ մասնակցեցան Հայաստանի դիմագրաւած  ներկայի արտաքին թէ ներքին խնդիրներուն, ձեռքբերումներուն:

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան ճաշօրհնէքէն առաջ հանդէս եկաւ հակիրճ ելոյթով, ուր վեր հանեց Վարդան Օսկանեան սփիւռքահայն ու Հայաստանի քաղաքացին, դիւանագէտն ու հայրենասէր գործիչը: Ան յայտարարեց, որ մեզի համար պատիւ է Օսկանեանի պատասխանատու պաշտօններ վերցնելը, «որպէսզի Հայաստանը դարձնէ մեր կեանքի երազը, յոյսը եւ նաեւ մեր կեանքի խոստումը: …Ձեր կեանքը պիտի դարձնէք բարի օրինակ երիտասարդ սերունդին համար, անոնք որոնք կ’ապրին Հայաստան եւ արտաշխարհ», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը:

Ներկաներուն Ասպետներու վարչութեան կողմէ վերապահուած էին օրուան հիւրին «Անկախութեան Ճանապարհով»  գիրքէն օրինակներ, որուն անդրադարձաւ օրուան հանդիսավար Տոքթ. Կիրակոս Մինասեան: Ի դէպ, վերջինս, ինչպէս միշտ, խնամեալ աշխատանք կատարած էր վեր հանելու Օսկանեան մարդուն, միութենականին, սփիւռքահայուն եւ Հայաստանի քաղաքական գործիչին կեանքին հանգրուանները: Մինասեան ներկայացուց 2013-ին լոյս տեսած վերոյիշեալ հատորը, ուր խմբուած են նախարար  Վարդան Օսկանեանին օրագրէն էջեր՝ «փոքր երկրի մեծ մարտահրաւէրներ»էն:  Ահա թէ ինչ կը գրէ Օսկանեան Օսկանեանի մասին. «Դիւանագիտութիւնը ոչ միայն իմ կրթութիւնն է, աշխարհը,  այլեւ՝ կիրքն ու նուիրումը: …Հայաստանի նման փոքր երկրի մը համար դիւանագիտութիւնը ոչ միայն պաշտպանութեան առաջին ճակատն է, այլեւ յարձակման առաջին գիծը»:

Դիւանագէտը ծնած է 1955-ին, Հալէպ: Շրջանաւարտ է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանէն,  Երեւանի Պոլիտեխնիկական Համալսարանէն, Ֆլէչըր եւ Հարվըրտ համալսարաններէն՝ Միացեալ Նահանգներ: Գտնուելով ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի պատասխանատու պաշտօնին՝ մօտիկ անցեալին, եւ ներկայիս որպէս խորհրդարանի անդամ՝ գործօն մասնակցութիւն բերած է եւ կը բերէ Ղարաբաղեան բանակցութիւններուն եւ ընդհանրապէս Հայաստանի արտաքին թէ ներքին քաղաքական կեանքէն ներս:

Տոքթ. Կիրակոս Մինասեան հանգամանօրէն անդրադառնալով  հիւր բանախօսին հարուստ փորձառութեան, նշեց, թէ ան սփիւռքահայ թէ հայաստանեան լայն շրջանակներու ծանօթ դէմք հանդիսացաւ «AIM» ամսաթերթին միջոցով, ներկայացնելով մեր դատը: Երկրորդ՝ ան այսօր ծանօթ է հանուր հայութեան իր իսկ հիմնադրած «Սիվիլիթաս»ով, որ կը կատարէ հայրենասիրական մեծ աշխատանք: Տոքթ. Մինասեան վեց կէտերու մէջ արժեւորեց Օսկանեան արտաքին գործոց նախարարը: Ան ըսաւ, թէ այդ տասը տարիներուն նախարարը վարեց փոխ-լրացման քաղաքականութիւն՝ պահելով չէզոքութիւն եւ հաւասարակշռութիւն միջազգային քաղաքական աջ ու ձախ հոսանքներու միջեւ: Երկրորդ՝ վարեց բազմակողմ դիւանագիտութիւն (multilateral), ուր պետութիւնը իր շահերը կը հետապնդէ ուրիշ պետութիւններու հետ գործակցաբար: Երրորդ՝ անոր օրով 2001-ին Հայաստան դարձաւ Եւրոպական Խորհուրդի լիիրաւ անդամ: Չորրորդ՝ Հայաստան-Թուրքիա դիւանագիտութեան ծիրէն ներս փրոթոքոլներու յառաջ մղումը: Հինգերորդ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին գծով Օսկանեան յաջողեցաւ ապահովել Արցախի փաստացի անկախութիւնը եւ իրաւականօրէն Ազրպէյճանի կազմէն դուրս հասկցողութիւնը: Եւ վեցերորդ՝ Տոքթ. Մինասեան կարեւորեց նախկին արտաքին գործոց նախարարին ճիգերը զարկ տալու Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ ներդրումներուն:

Մէջբերումներ՝ Վարդան Օսկանեանի ելոյթէն

– Ներկայիս Հայաստանի եւ Արցախի մէջ այնպիսի իրադարձութիւններ տեղի կ’ունենան, որոնք շրջադարձային են:

– Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր ստորագրեց Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրասիական Տնտեսական Միութեան, նոր էջ բանալով ՀՀ տնտեսական եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ:

– Ոչ-իշխանական ուժերը, նոյնպէս այսօր, հաւաք կազմակերպելով եկած են արտայայտելու իրենց մտահոգութիւնը, դժգոհութիւնը երկրէն ներս ստեղծուած իրավիճակին մասին:

– Նոր իրավիճակ Հայաստանի համար՝ իր տեղի եւ դերի առումով: Կովկասի մէջ բաժանարար կողմերը աւելի խորունկ կը դառնան բացասական հետեւանքներով (Արեւմուտք եւ Ռուսիա):

– Փորձենք միասնաբար յաղթահարել լուրջ մարտահրաւէրները յանուն ժողովրդավար եւ բարգաւաճ հայրենիքի:

– 23 տարի անցած է անկախութենէն եւ մենք գիտենք մեր թերութիւնները: Պէտք է կարենանք ճիշդ գնահատական տալ, անկեղծ ըլլալ, ունենալ քաղաքական կամք:

– Հիմա պրպտումի մէջ ենք մենք: Հայաստանը ներկայիս բաւական ամուր է, սակայն որո՞նք են այն հիմնական յենասիւները, որոնց վրայ մեր պետութիւնը՝ Հայաստանը կանգուն է, արդեօք թոյլցա՞ծ են այդ յենասիւները, անոնց իմաստը, էոյթը նուազա՞ծ է:

Ապա, Վարդան Օսկանեան հինգ յենասիւներու վրայ ծանրացաւ, որոնք ոչ միայն հիմքը հանդիսացան Հայաստանի Հանրապետութեան, այլեւ ձեւաւորեցին մեր մտածողութիւնը, մեր ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութիւնը եւ հոգեբանութիւնը:

ա.- Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մեր ամէնէն կայուն հաստատութիւններէն մէկն է: Այո, Աստուծոյ տունն է, բայց մենք շատ յաճախ կ’ըսենք, որ եկեղեցին եղած է ազգային հաստատութիւն: Անհրաժեշտ է եկեղեցի եւ պետութիւն կարգավիճակի յստակ բաժանում: Եկեղեցին իր վրայ պէտք է վերցնէ իրաւունքը իր ձայնը բարձրացնելու երբ որ հարկն է: Ան ունի ժողովուրդին վստահութիւնը եւ ժողովուրդը կ’ակնկալէ, որ եկեղեցին ըլլայ ժողովուրդին պաշտպանը:

բ.- Պետականութիւն

Պէտք է տարանջատել պետութիւն եւ իշխանութիւն հասկցողութիւնները: Պետութիւնը երկիրն է իր կառոյցներով՝ նախագահութիւնը, Ազգային Ժողովը, կառավարութիւնը. ան մնայուն է: Իսկ իշխանութիւնը՝ մարդիկ են, որոնք ժամանակաւոր կերպով կը ծառայեն: Այս երկուքը կարելի չէ նոյնացնել. բան մը որ այսօր նոյնացուած է կարգ մը թեւերու կողմէ:

Երկրորդ կարեւոր կէտը ժողովրդավարութեան հարցն է: Օրէնքները պէտք է ըլլան թափանցիկ: Օրինականութեան պակասը կը խարխլէ մեր պետականութեան հիմքերը: Պէտք է վերափոխենք  ընտրական համակարգը: Հայաստանը ժողովրդավարական պետութիւն է, այնպէս որ պէտք է դառնայ իրաւ ժողովրդավար: Մեր պետութիւնը ավտորիտար՝ մենատիրական պետութիւն չէ:

Եւ երրորդ՝ ուժի ընկալման հարցը: Իշխանութիւններուն օրինականութի՛ւնն է ուժի հիմքը եւ ոչ թէ երկրին ուժային կառոյցները: Ուժի աղբիւրը, հիմքը օրինականութի՛ւնն է: Պէտք է քաղաքական մենաշնորհը վերացնել եւ հաստատել իշխանական հակակշիռ: Օսկանեան նշեց, որ տասը տարիներու իր փորձառութիւնը ցոյց տուաւ, որ հայութեան խնդիրները երկրէն ներս են եւ ոչ՝ դուրսը:

գ.-  Սփիւռք

Կ’ակնկալենք Սփիւռքի ներգրաւուածութիւնը Հայաստանի կեանքէն ներս: Առաջին օրէն սփիւռքահայեր եկան հայրենիք մեծ նուիրումով: Սփիւռքի դերը մեծ է: Միասնականութիւնը պէտք է ըլլայ նաեւ գործնական գետնի վրայ: Պէտք չէ երբեք թերագնահատել Հայաստանի այսօրուան իրավիճակը: Միւս կողմէ, ոչ մէկ բան յաւերժական է: Սփիւռքը պէտք է ճիշդ գնահատէ հայրենիքը եւ միայն Ցեղասպանութեան հարցով չբաւարարուի: Ժողովրդավարութեան հաստատումը, մարդկային իրաւանց  եւ ազատութիւններու խնդիրները նոյնպէս պէտք է յուզեն սփիւռքահայը:

դ.- Ցեղասպանութիւն

100-ամեակին ընդառաջ ակնկալիքները աւելի մեծ են այսօր: Անհրաժեշտ է ճիշդ ձեւակերպել Ցեղասպանութեան խնդիրը, Սփիւռք-Հայաստան աշխատանքները ծաւալուն դարձնել: Յստակացնել մեր նպատակները յաջորդ տասնամեակներուն համար: Ցեղասպանութեան ճանաչումի աշխատանքներէն անցնիլ պահանջատիրական պայքարի, մեր իրաւունքներուն, ինչու չէ նաեւ հողերուն: Այսօր Քիւրտիստանի մը ծնունդը կ’ուրուագծուի տարածաշրջանին մէջ: Մեր պարտքն է 100-ամեակի յաջորդ օրն իսկ պահանջատիրութեան խնդիրը դնել մեր դիմաց եւ հանդէս գալ նոր մտածողութեամբ:

ե.- Ղարաբաղ

Վերջապէս, հինգ յենասիւներէն ամէնէն կարեւորը այսօր Ղարաբաղեան յաղթանակներն ու անկախ Արցախն են: Բանակցութիւնները կ’ընթանան, միւս կողմէ Ղարաբաղ ունի իր անկախութիւնը,  վերիվայրումներ պատահեցան եւ կը պատահին այս ընթացքին, սակայն նոյնիսկ եթէ հայրենի ղեկավարութիւնը սխալ քայլի դիմէ, ժողովուրդը իր ո՛չը կ’ըսէ: Ղարաբաղը անկախ պետութիւն է եւ մեր յաղթանակները դարձան մեր քաղաքականութեա ն հիմքը յաջորդ տարիներուն համար: Դժբախտաբար այդ յաղթանակները, Ղարաբաղի գոյութիւնը երբեմն կը շահարկուին ծածկելու համար իշխանութիւններու անգործութիւնը: Աւելի ժողովրդավար դարձնելով Հայաստանը մենք օգնած կ’ըլլանք Ղարաբաղեան հարցին լուծումին: Պատերազմի վտանգը շատ մօտիկ չէ, սակայն մենատիրական վարչաձեւով գործող Ազրպէյճանին դիմաց ժողովրդավար Արցախով պիտի շարունակենք մեր յաղթանակները:

Ամփոփելով իր ելոյթը, Ազգային Ժողովի անդամ Վարդան Օսկանեան ըսաւ ամուր եւ արդար ընտրութիւններով  ժողովրդավարութիւնը պիտի յաղթանակէ, որուն հիմքը միասնականութիւնն է: «Ընդհանուր տեսլական է անհրաժեշտ, որպէսզի կարողանանք այս փոքր երկիրը դարձնել այն երկիրը, որ մեր հայրերը, մենք, մեր զաւակները ուզում ենք տեսնել», շեշտեց ան:

Ներկաները ըմբռնումով գնահատեցին նախկին նախարար եւ Ազգային Ժողովի անդամ Տիար Վարդան Օսկանեանի կշռադատուած, յախուռն, ինչպէս նաեւ ինքնաքննադատութեան տարրեր պարփակող ելոյթը: Իսկական նմոյշ առողջ ժողովրդավարութեան:

Ապա, առիթը տրուեցաւ ներկաներուն, ուղղելու իրենց հարցումները:

– Անդրադարձ եղաւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հայաստանի անդամակցութեան, ուր Օսկանեան հեռատեսօրէն կարեւորեց Վրաստանի հետ հնարաւորինս  նոյն ճամբով ընթանալը, ապագային բարդութիւններու եւ անակնկալներու առջեւ չգտնուելու համար:

-Սփիւռքէն պահանջեց աւելի գործնական մասնակցութիւն՝ հայաստանեան կեանքէն ներս:

– Փրոթոքոլներուն ստորագրումին բերելիք հետեւանքներն ու Թուրքիոյ հողային ներկայ սահմանները ճանչնալու խնդիրը նոյնպէս արծարծուեցան:

-Հայաստանի երիտասարդութեան ներգրաւումը քաղաքական կեանքէն ներս՝ մէկ կողմէ եւ միւս կողմէ անոնց կարճ համբերութիւնը եւ արտագաղթը քննարկման նիւթ դարձան:

– Ազրպէյճանի նիւթական հսկայական միջոցները եւ այդ գումարները տեսիլք ունեցող մարդոց կողմէ քարոզչութեան համար օգտագործումը այլ հարցում մըն էր:

– Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին  ընտրութիւնը շնորհաւորելու առթիւ Ցեղասպանութեան մասին նամակի մը յանձնումը Հայաստանի կողմէ, դիւանագիտական սխալ նկատուեցաւ:

– Ի՞ նչ ընել, որպէսզի վերացուին ներկայի դժգոհութիւնները,  ցոյցերը:  Այս հարցումին Օսկանեան յիշեց ընդդիմութեան առաջարկած բարեփոխութեան 12 կէտերը, որոնց մէկ մասը եթէ իրականանար, այսօր Հայաստանի ներքաղաքական վիճակը աւելի կայուն կը դառնար: Եւ վերջապէս՝

– Հայաստան ե՞րբ պիտի ճանչնայ Ղարաբաղի անկախութիւնը հարցումին, ան պատասխանեց, ըսելով, որ ճանաչումի այդ փամփուշտը ճիշդ ժամանակին պէտք է կրակել, այնպիսի պահու, որ իր գործը ճշգրտօրէն կատարէ:

Դասախօսութեան աւարտին Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Պրն. Գրիգոր Գարակէօզեան եւ Ասպետներու վարչութեան գանձապահ Պրն. Վահան Ոսկեան «Նոյեան Տապանը Արարատի կատարին» յուշանուէրը յանձնեցին յարգելի հիւրին:

Այնուհետեւ, Պրն. Գարակէօզեան շնորհակալութիւն յայտնեց մեծայարգ Տիար Վարդան Օսկանեանին, Ասպետներու Համախմբումին, հանդիսավար Տոքթ. Կիրակոս Մինասեանին, Շրջանակայինի գանձապահ Տիար Աւետիս Մարգարեանին եւ բոլորին՝ իրենց ներկայութեան համար: Ան յիշեց բացակայութիւնը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց Ասպետներու ատենապետ Տոքթ. Յարութ Եաղսըզեանին եւ ազնիւ տիկնոջ՝ Մայտային, իրենց հօր՝ Կարապետ Եաղսըզեանի մահուան առիթով:

Ներկաները մեծապէս տպաւորուած մեկնեցան իրենց հետ տանելով հաւատք, յոյս եւ սէր՝ հանդէպ մեր 23-ամեայ Հայաստան ու Արցախ: Տիար Օսկանեանի հաւասարակշռուած խօսքերը թող խթան հանդիսանան բոլորիս՝ գործնական մեր մասնակցութիւնը բերելու համար մեր մէկ ու միակ՝ «միշտ հին ու նոր» Հայաստանին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին