*ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ*
Բայց արդեօք միայն կիրակի օրե՞րն են հայուն «հեւք»ը….:
Երեւի շաբթուան բոլոր օրերը, բայց այս «հեւք»-ը ապրեցայ, երբ կիրակի, 5 հոկտեմբերին ամբողջ օր մը անցուցի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, Տալլաս, Միացեալ Նահանգներ:
Եւ կիրակի օրուան մը հեւքն էր, զոր հայկական փոքր գաղութը կ՛ուզէ իւրաքանչիւր վայրկեան լաւապէս «ապրիլ», որպէսզի օգտակար արդիւնք ունենայ` ըլլայ անհատական, բայց մանաւանդ հաւաքական կեանքերուն համար: Ամերիկայի մէջ եւ երեւի քիչ մը ամէն տեղ` այս օրերուն խճողուած յայտագիրները եւ առօրեայ կեանքի պահանջները` առիթ չեն տար, որ մարդ մտածէ ինքն իր մասին, բայց նաեւ` իր մշակոյթին, լեզուին ու հաւատքին:
«Հայութիւնը կ՛ուզեմ պահել իմ հոգեւոր ծառայութեանս միջոցով»:
Ղեւոնդ քահանայ Աճամեանը հոգեւոր հովիւն է Սուրբ Սարգիս Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ: Հազիւ երեսուն տարիքը բոլորած է, բայց արդէն մեծ նուիրումով լծուած է իր գաղութին հոգեւոր եւ ազգային ծառայութեան Օհայօ ծնած է` իտալացի մօրմէ եւ հայ հօրմէ, մօրը քաջալերանքը մեծ եղած է զինք հոգեւոր ծառայութեան մղելու իմաստով, բայց նաեւ կայ հայկականութիւնը: Իտալացի մայրը համոզումով կառչած է իր ամուսնոյն ազգային ինքնութեան եւ իր զաւակը մղած է այդ ուղղութեամբ, այնքան որ Ղեւոնդ քահանան հպարտութեամբ կ՛ըսէ. «Հայերէնը շատ գեղեցիկ լեզու է…»: Բայց նաեւ`«լեզուն կ՛որոշէ մարդուն եւ հաւաքականութեան մշակոյթը եւ կենցաղը»:
Եւ այս համոզմունքով, ան կամաց-կամաց` ինքնուս,սորված է հայերէն, բայց նաեւ ամուսնանալով Հայաստանէն հայուհիի մը հետ, կրցած է կազմել հայկական տուն մը, ուր միայն հայերէն կը խօսին…:
Տալլասի հայ գաղութը կը հաշուէ չորս հարիւր յիսուն ընտանիք: Ջախջախիչ մեծամասնութիւնը եկած է Միջին Արեւելքէն, նաեւ` Թուրքիայէն: Ազգային ինքնութեամբ փխրուն հաւաքականութիւն է, որ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուելով «հեւքի» մէջ է `հայութիւնը պահելու տեսլականով…:
Իսկ հեւքը…:
«Փորձեցինք շաբաթ օրերը մանուկները եկեղեցի բերել, որպէսզի հայերէն սորվեցնենք: Չյաջողեցանք`գործնական պատճառներով»: Բայց այդ «չյաջողիլը» չէ յուսահատեցուցած տէր հայրը եւ ժողովուրդը: «Կիրակի օրերը որոշեցինք զիրենք եկեղեցի բերել` թէ՛ հայերէն կը սորվեցնենք, եւ թէ Աստուածաշունչի դաստիարակութիւն»:
Եկեղեցական Ս. պատարագի ժամանակ աւելի քան երեսուն մանուկ-պատանիներ մտան եկեղեցի: Իրենց կիրակի օրուան դասապահերը ամբողջացնելէ ետք, բոլորն ալ կը մասնակցին եկեղեցական արարողութեան: Բայց ուշագրաւ էր այն, որ Ղեւոնդ քահանան պատարագի ընթացքին հրաւիրեց պզտիկները համախմբուելու խորանին չորս կողմը եւ ծալլապատիկ նստեցնելով զիրենք`սկսաւ խօսիլ եւ պատմութին պատմել: «Յիսուս ալ առակներով խօսեցաւ մարդոց հետ, որպէսզի հասկնան», ըսաւ տէր հայրը` շեշտելով. «Պէտք է մանուկները եկեղեցի բերենք, որպէսզի ուրիշ տեղ չերթան…»: Ու չուշացաւ տէր հօր երիտասարդական խանդավառութեամբ դիպուկ կատակը: «Մենք շատ պաշտօնական ենք:Արժէ քիչ մը փոխել եւ փոխուիլ…»:
Եւ կիրակին շարունակուեցաւ Տալլասի հայկական եկեղեցւոյ մէջ:
Եկեղեցւոյ մէջ եղողները մեծ անձկութեամբ լսեցին իմ ելոյթս` «Քրիստոնեայ համայնքներու իրավիճակը ներկայ Միջին Արեւելքի տագնապներու ընթացքին» նիւթին մասին: Թէեւ կը լսէին հետաքրքրութեամբ, բայց նաեւ կը տեսնէիր կարօտը եւ մտահոգութիւնը իրենց աչքերուն մէջ: Բայց չէ, որ կեանքեր ապրած են իւրաքանչիւրը այս Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ…: Պէյրութը, Հալէպը, Դամասկոսը, Պաղտատը, Պոլիսը ու տակաւին: Երախտապարտ են իրենց ծննդավայրերուն, ուր իրենց ստացած դաստիարակութիւնը այսօր իւրաքանչիւրը ի սպաս կը դնէ իրենց «նոր գաղութի» յառաջխաղացքին համար: Նոյն սփիւռքահայուն հեւքն է ու այս հեւքին ստեղծած «տագնապը», որ կը շարունակուի եւ երեւի աւելի արագ…: բայց նաեւ` աշխուժ:
Հաւաքական ճաշէն ետք` կային երգչախումբի եւ պարախումբի փորձերը`պատրաստուելու համար վերամուտի գեղարուեստական ու հայկական տոհմիկ երեկոյին: Հետեւեցայ երիտասարդներուն եւ պատանիներուն երգին ու պարին…: Եթէ մէկ կողմէ կար ուրախութիւն, բայց նաեւ հպարտութիւն…: Եւ այս հեւքոտ կեանքը աւելիով կ՛ամրացնէր իրենց մէջ հայուն հպարտութիւնը:
Տէր հայրը հաւատացողն է, թէ ազգային ինքնութիւնը եւ քրիստոնէական հաւատքը հայուն նկարագիրին անբաժանելի մասնիկներն են: «Չես կրնար իրարմէ բաժնել», ըսաւ ան: Բայց նոյնպէս մտահոգ է հայուն «կոտորակուած» վիճակով…: «Պէտք է մտածենք որպէս մէկ միաւոր, երբ կը խօսինք գաղութին մասին»: Եւ Տալլասի մէջ ալ, սփիւռքեան մեր միւս գաղութներու նման, իւրաքանչիւր անհատը կ՛ուզէ կառչիլ իր «նմաններուն» իր նախկին երկրին ինքնութեան եւ կենցաղներուն: Եւ այս ալ հայուն «հեւքին» մէկ անբաժան մասն է: Իւրաքանչիւր հայ իր ազգային ինքնութեան հետ` կը փնտռէ իր «Պէյրութին հմայքները»` «մեր Հալէպը», «Պաղտատի արմաւենիները», «Պոլսոյ Պոսֆորը» եւ տակաւին…: Իւրաքանչիւրը տուած է նկարագիր եւ ոճ, որ կերտած է նաեւ նկարագիր եւ մշակոյթ` դառնալով իւրաքանչիւր սփիւռքահայուն հոգեհատորը…:
Տալլասի մէջ` մէկ կողմէ ապրեցայ «հայուն կիրակի օրուան հեւքը», բայց նաեւ սիրեցի զայն: «Գունաւոր» խճանկար մը` ուր իւրաքանչիւրը իր գոյնով եւ բոյրով` մէկ գեղեցկութիւն մը կ՛աւելցնէր հայուն համընդհանուր գոյապատկերին մէջ: Բայց այս «հեւքը» նաեւ ապրիլ է եւ ապրեցնող: Թէկուզ հեռու` այսպէս ըսած աշխարհի մէկ անկիւնը, բայց շարժուն վիճակ մըն է, որ կենդանութիւն կը շնորհէ: Եւ այս կենդանութիւնն է որ հայը պիտի ապրեցնէ:
Տէր Ղեւոնդ իր երիտասարդական աւիշով եւ ուժով կը սիրէ այս ապրող եւ ապրեցնող վիճակը: «Առաքեալ կը նշանակէ առաջ երթալ յատուկ առաքելութեամբ: Պէտք է հայուն երթալ եւ զինք գտնել ու պահել…»:
Հայուն հեւքն է այս…: Առաջ երթալ եւ հայը գտնել, բայց նաեւ` պահել…: Պահել իր ազգային ու քրիստոնէական ինքնութեամբ:
Եթէ Տալասի մէջ հեւքի օրը «կիրակին» է` բայց հայուն հեւքը ամէն օր է եւ ամէն տեղ:
Եւ հայուն «հեւքը»` նոյն հայը գտնելն ու պահելն է…: