Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

«Թարգմանչաց Տօն»-ը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի Մէջ

Այս տօնը նուիրուած է հայոց գիրերու գիւտին եւ հայատառ գրականութեան, որոնցմով Մեսրոպ Մաշտոց ապահովեց մեր ազգին ինքնութեան ապահովութիւնը:

Արդ, 9 Հոկտեմբեր, 2014-ին վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահէն ներս նշուեցաւ «Թարգմանչաց Տօն»ը: Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Միջն. Գ. դասարանէն՝ Սեւակ Թորոսեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, որ երբ քրիստոնէութիւնը 301 թուին պետական կրօն դարձաւ Հայաստանի մէջ, Աւետարանը յունարէն եւ ասորերէն լեզուներով կը կարդացուէր, որովհետեւ հայերը սեփական գիր ու գրականութիւն չունէին: Մեսրոպ Մաշտոց կ’ուզէր հեթանոսական վերջին նշոյլներն անգամ վերացնել Հայաստանէն, սակայն կը բախէր դժուարութեան: Ան մտածեց, որ սեփական գիր ունենալով հայերը կրնան աւելի լաւ ըմբռնել Աւետարանը եւ ժողովուրդին մէջ քրիստոնէութիւնը կրնայ ծաւալիլ: Այդ տեսակէտէն մեկնելով ան  406 թուին հնարեց հայոց գիրերը: Հայ ազգը գոյատեւեց եւ պիտի գոյատեւէ շնորհիւ այբուբենի գիւտին:

Ապա Միջն. Ա. Դասարանէն՝ Փիթըր Մուրատեան հանդէս եկաւ «Հայոց Լեզուն» ասմունքով, որմէ ետք Ա., Բ. Եւ Գ. դասարաններու աշակերտները ներկայացան «Մանուկներուն» եւ «Այբուբեն» խմբերգներով՝երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝  պարոն Երուանդ Քէշիշեանի կատարողութեամբ: Դ., Ե. Եւ Զ. դասարաններու աշակերտները հանդէս եկան «Ով Մեծասքանչ Դու Լեզու» խմբերգով՝ առինքնելով ներկաները: Միջն. Ա. դասարանէն Դալար Գէորգեան երգեհոնով եւ Փիթըր Մուրատեան տհոլով՝ ներկայացան «Զինուորի Մօր Երգը» նուագով: Նախ. Գ. Եւ Դ. դասարաններու աշակերտները ոսկետառ գիրերը իրենց ձեռքերուն ներկայացան «Այբուբեն Հայոց» խմբային արտասանութեամբ թնդացնելով բեմահարթակը: Ապա Միջն. Բ. դասարանէն Փաթիլ Պէքարեան ներկայացուց կենսագրականը Տիկ. Անի Թորանեանի, որ հիւրաբար մեր մէջ կը գտնուէր:

Անի Թորանեան
Անի Թորանեան

Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, որ հայոց պատմութեան մէջ ունեցած ենք հինգ հիմնական թագաւորութիւններ: Արշակունեաց թագաւորութիւնը տեւած է  350   տարի, որուն ընթացքին տեղի ունեցան երկու շատ կարեւոր իրադարձութիւններ: Քրիստոնէական կրօնի ընդունումն ու այբուբենի գիւտը: Այբուբենի գիւտէն եւ թագմանական աշխատանքներէն ետք, հայերը սկսան քրիստոնէական կեանքը ապրիլ Հայաստանի մէջ: Ապա օրուան պատգամախօսը պատրաստած ըլլալով տեսաերիզ մը, ներկայացուց Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանը իր հին եւ նոր կառոյցներով, վեց թարգմանիչները, որոնք սրբացուած են եկեղեցւոյ կողմէ, Արշակունիներու դամբարանը, ինչպէս նաեւ՝ անոնց դրօշն ու զինանշանը: Ան իր հետաքրքրական ու բովանդակալից ներկայացումով առինքնեց ներկաները՝ անոնց մտքին մէջ յատուկ դրոշմ մը ձգելով այս տպաւորիչ այցելութեամբ: Վերջապէս վարժարանիս տքնաջան տնօրէնուհի՝ Տիկ, Կալինա Նաճարեան ծաղկեփունջով մը պատուեց հիւրը:

Շնորհիւ այբուբենի գիւտին հայը վճռականօրէն պայքարեցաւ բոլոր ճակատներուն վրայ, պահպանելով իր լեզուն եւ մշակոյթը՝ կառչած մնալով ազգային գաղափարին ու նկարագրին:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին