*ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ*
Հոկտեմբեր 9-ին հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը Հայկական Յեղափոխութեան առաջին սերմնացաններէն Մկրտիչ Փորթուգալեանի։
Մ. Փորթուգալեան ապրեցաւ ու գործեց ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ հայոց աշխարհը օտար տիրակալներու բազմադարեան լուծին տակ բաժան-բաժան եղած, իսկ հայը բռնատիրական ճնշումի եւ հալածանքի տակ կորաքամակ դարձած՝ ազգովին կանգնած էինք ուծացման ու կործանման օրհասական վտանգին առջեւ։
Մկրտիչ Փորթուգալեան եկաւ, ազգայնաշունչ ու հայրենասիրական իր գաղափարներով, յեղափոխական վճռակամութեամբ ու անձնազոհութեան վառ օրինակով՝ նախակարապետի եւ յառաջապահ դրօշակիրի դերը ստանձնելու հայ ազգային-ազատագրական շարժման շղթայազերծումին մէջ։
Հայ ազգային-յեղափոխական շարժումներու առջինեկին՝ Արմենական կուսակցութեան ստեղծումին կապուեցաւ Մկրտիչ Փորթուգալեանի անունը, որ այդուհանդերձ արժանացաւ ընդհանրապէս հայ յեղափոխականներու ջերմ համարումին ու յարգանքին։ Յատկապէս Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդը անվերապահօրէն շեշտեց Մ. Փորթուգալեանի դերն ու նշանակութիւնը հայ երիտասարդութեան յեղափոխական զարթօնքին ոգեւորման մէջ։
Մկրտիչ Փորթուգալեան պոլսեցի էր, ծնած էր Գում Գաբու։ Հայրը սեղանաւոր մարդ էր, բայց ի տարբերութիւն ժամանակի սեղանաւորներու մեծ մասին՝ յատուկ հոգածութիւն ունէր հայ գիրի ու գրականութեան նկատմամբ։ Պատանի Փորթուգալեանի ազգային-գաղափարական կազմաւորման մէջ վճռորոշ դեր ունեցաւ հօր ներշնչումն ու անոր հարուստ գրադարանը։
Յաճախեց Գում Գաբուի Մայր վարժարանը, որ այդ շրջանին նաեւ իբրեւ ժողովատեղի կը ծառայէր Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը մշակող Պատրիարքարանի յանձնաժողովներուն։ 1860-ականներու Սահմանադրական եւ հակա-Սահմանադրական բուռն պայքարի օրերուն, Գում Գափուի Մայր Վարժարանը ինկաւ Ամիրայական՝ հակա-Սահմանադրական շրջանակներուն ձեռքը եւ պատանի Փորթուգալեան, համակրանքով հակուած ըլլալով Սահմանադրականներուն կողմը, նախընտրեց իր դպրոցը փոխել եւ յաճախել Սահմանադրականներու ազդեցութեան տակ գտնուող Սամաթիոյ Սահակեան վարժարանը։
1859-ին կորսնցուց հայրը, իսկ 1865-ին՝ մայրը։ Որբացած՝ հազիւ Սահակեան վարժարանէն շրջանաւարտ, 1867-ին նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ։ Կարճ ժամանակ մը գրավաճառ-թերթավաճառի մօտ աշխատեցաւ, բայց կ’ուզէր ուսուցչութեան նուիրուիլ։ Սկսաւ հարուստ հայերու զաւակներուն մասնաւոր դասեր տալ։ Եւ երբ Պոլիս ապրող եւդոկիացիները իրենց ծննդավայրի դպրոցին համար յարմար ուսուցիչ մը կը փնտռէին եւ, իբրեւ այդպիսին, մօտեցան Փորթուգալեանի, ան բնաւ չվարանեցաւ եւ տեղափոխուեցաւ Եւդոկիա։
Բայց Եւդոկիա ուղղակի աղայական մտայնութեանց բոյն էր եւ Մկրտիչ Փորթուգալեանի նման լուսամիտ ուսուցիչ մը շատ շուտով բախում պիտի ունենար «ազգային ջոջերուն» հետ։ Այդպէս ալ եղաւ եւ Փորթուգալեանի ուսուցչական երկարամեայ ասպարէզը, առաջին այդ հանգրուանէն սկսեալ, յատկանշուեցաւ մէկ կողմէ Փորթուգալեանի կատարած կրթական բարեկարգումներով, իսկ միւս կողմէ աղայական խաւերու կողմէ հալածանքով եւ կառավարութեան մօտ, անոր դէմ, իրբեւ յեղափոխականի կատարուած ամբաստանութիւններով։
Թէեւ այդ օրերուն Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք ընտրուած Խրիմեան Հայրիկը ուղղակի իր հովանաւորութեան տակ առած էր անձնուէր ուսուչին, այսուհանդերձ՝ խաւարամիտ տարրին ճնշումը շատ ուժեղ էր եւ Փորթուգալեան կանչուեցաւ Պոլիս։
1874-ին Խրիմեան հրաժարած էր Պատրիարքութենէն եւ անոր յաջորդած էր Ներսէս Վարժապետեան։ Վարժապետեան Պատրիարք իր կարգին դրական կարծիք ունէր երիտասարդ Փորթուգալեանի մասին, որ այդ օրերուն ստանձնեց «Ասիա» թերթին խմբագրութիւնը եւ սկսաւ բուռն պայքար մղել հայ պահպանողականութեան դէմ։ Դարձեալ ինկաւ հակահարուածի տակ եւ այն աստիճան, որ Ներսէս Վարժապետեան իր մօտ կանչեց ու խորհուրդ տուաւ, որ աւելի զուսպ ըլլայ։ Բայց Փորթուգալեան գտած էր իր ուղին եւ անդրդուելի մնաց։ Պահպանողակններու պահանջին անսալով՝ կառավարութիւնը փակեց ինչպէս Փորթուգալեանի «Ասիա»ն, նոյնպէս եւ Պարոնեանի «Թատրոն»ը։
Փորթուգալեան վերջնականապէս իր յոյսերը կտրեց Պոլիսէն եւ նախընտրեց երթալ գաւառները, ուր բուն ժողովուրդը կÿապրէր՝ երկու կրակի մէջ ինկած. մէկ կողմէ օսմանեան կեղեքումները, իսկ միւս կողմէ պահպանողականներու ճնշումները անշնչելի կացութեան մատնած էին գաւառներու հայութիւնը։
Ամիսներ տեւող շրջագայութիւն մը կատարեց Փորթուգալեան հայկական նահանգներուն մէջ։ Հասաւ մինչեւ Թիֆլիս՝ «Մշակ»ի խմբագիր Գրիգոր Արծրունիի հետ մօտէն ծանօթանալու եւ գործակցութեան հիմեր դնելու համար՝ ի խնդիր երկրի տարածքին հայկական վարժարաններու բացման ու գաւառի հայ երիտասարդութեան ազգային-յեղափոխական զարթօնքին։
Նոյն միջոցին եւ նոյն ճամբով էր, նաեւ, որ Մկրտիչ Փորթուգալեանի եւ Արփիար Արփիարեանի միջեւ սկսաւ սերտ գործակցութիւն մը։
Արծրունիի աջակցութիւնը ապահովելէ ետք, 1870-ականներու վերջերուն, Փորթուգալեան հաս- տատուեցաւ Վան՝ իբրեւ տեղւոյն նորաբաց Վարժապետանոցի ուսուցիչ։ Շուրջ չորս տարի աննախըն- թաց ոգեւորութիւն առաջացնող գործ կատարեց Փորթուգալեան։ Այդ շրջանին Խրիմեան Հայրիկ իր կարգին վերադարձած էր Վարագայ վանք՝ կրթական ընդհանուր շարժման թափը ուժեղացնելով։
Շուտով եկաւ ռուս-թրքական պատերազմին եւ Պերլինի Դաշնագրին հետեւող եռեւեփումի ժամանակաշրջանը, որ Փորթուգալեանին առջեւ լայն բացաւ ազգային-ազատագրական պայքարի իր գաղափարները աւելի յանդուգն կերպով տարածելու ասպարէզը։
Փորթուգալեան բառին բուն իմաստով ոտքի հանեց Վանի երիտասարդութիւնը։ Թէեւ պահպանողական շրջանակներուն կողմէ դարձեալ պետութեան մօտ ամբաստանուեցաւ իբրեւ յեղափոխական գաղափարներու քարոզիչի, այդուհանդերձ՝ Փորթուգալեան այլեւս տեղի տուողը չէր։ Նոյնիսկ երբ Վարժապետանոցը փակել տուին, Փորթուգալեան զօրակիցներ գտաւ, որպէսզի անոնց օգնութեամբ իր սեփական դպրոցը՝ Վանի Կեդրոնականը հիմնէ եւ յաւելեալ խիզախութեամբ շարունակէ նորահաս սերունդի գաղափարական-յեղափոխական ոգեւորման գործը։
Բայց այս անգամ կառավարութիւնը կարծրութեամբ միջամտեց եւ 1885-ին ուղղակի Օսմանեան Կայսրութենէն դուրս՝ Մարսէյլ աքսորեց Վանի յեղափոխական շունչն ու ոգին դարձած Փորթուգալեանը։ Ան հաստատուեցաւ Մարսէյլ, հիմնեց «Արմենիա» թերթը եւ ամբողջական նուիրումով փարեցաւ անոր միջոցաւ հայկական յեղափոխութեան գաղափարական կրակը ողջ հայութեան հասցնելու աշխատանքին։
Նոյն տարին, Վան մնացած իր հետեւորդներուն հետ, Փորթուգալեան հիմնեց «Արմենական» կուսակցութիւնը, որուն գաղափարական հունաւորման ծառայեցուց իր թերթն ու գրիչը։
Մինչեւ 1921-ի իր մահը, Փորթուգալեան հաւատարիմ մնաց հայ ազգային-ազատագրական պայքարի կրակը ամբողջ աշխարհի հայութեան հասցնելու առաքելութեան։
Թէեւ «Արմենական» կուսակցութիւնը ընդհանրապէս իր տեղը զիջեցաւ նախ հնչակեաններու եւ, ապա, դաշնակցականներու յեղափոխական յանդուգն մակընթացութեան առջեւ, այսուհանդերձ՝ Մկրտիչ Փործուգալեանի ցանած սերմերը իրենց պտուղը տուին եւ հայ ագային-ազատագրական շարժումը իր ուղին հարթեց դէպի իրականացումը ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի մեծ երազին։
Մ. Փորթուգալեանի գաղափարական կտակին հաղորդուելու ջերմ առիթը կ’ընծայէ հայ հրապարակագրութեան մեծ առաջնորդին՝ իրա՜ւն Ռուբէն Զարդարեանի հետեւեալ ոգեշնչող վկայութիւնը.-
«Ես իմ պարտքս կատարեցի»։
«Մ. Փորթուգալեան կրնայ ըսել այդ խօսքը բարձրաճակատ ու համարձակ։
Նոր Հայաստան մը կայ այսօր ստեղծուած, որ աշխարհագրական եւ հողային տարածութիւն մը չէ, այլ գիտակցութիւն մը մեր ժողովուրդին մէջ.- Գիտակցութիւն իր ազգային ճակատագրին եւ ազգային իտէալին։
«Նոր Հայաստան մը, ինքնավստահ ու ազատատենչ, երէկի գետնամած, ոտնակոխ եւ արհամարհուած Հայաստանին տեղ, որ իր տեղը կը ջանայ գրաւել, մաքառումով ու ճիգով, ինչպէս սորվեցուցին իրեն իր պայքարի զաւակները, ոմանք փառքի ճամբուն վրայ, ուրիշներ բախտաւոր, ինչպէս ինքն է՝ ծերունի գործիչը, իրենց աչքերովն իսկ տեսնելու այսօրուան հունձքն իրենց գաղափարական սերմնացանին։
«Նախորդ սերունդի պայքարողները մեզի սորվեցուցին երազել ու մաքառիլ. մեզի տուին ազգային իտէալը։
«Մկրտիչ Փորթուգալեան առաջին գծին վրայ կը կանգնի թրքահայ հատընտիր պայքարողներու այդ սերունդին մէջ, որուն առջեւ ամէնքս, առանց մտածման ու գաղափարի տարբերութեան, պարտաւոր ենք երախտագիտութեամբ խոնարհիլ մեր գլուխը»։
«ԱԶԱՏ ՕՐ» Օրաթերթ