ՏԷՐ ԶՈՐԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Դար մը ամբողջ բաւարար չէր մեր վէրքերն սպիացնելու,
Որ նայէինք ձիգ դէպի վեր, տիրոջ փառքն ու գովքն հիւսելու…
Հազիւ ոտքի շունչ մը քաշած, կը ժպտայինք կեանքին յոյսով.
Ազգովին ողջ ձեռք երկարած, դէպի երկինք, ջերմ հաւատքով…
Կերտեցինք տուն, եկեղեցի ու շինեցինք նոր դպրոցներ,
Որ սորվեցնենք սերունդներուն հաւատք ու սէր, յոյս եւ Հայր մեր:
Արդեօ՞ք Տէր իմ սխալ մըն էր որ մենք դարձեալ կը կրկնէինք,
Թէ մեզ երբէք ժպտալ յար չէր, կամ՝ անիծեալ, կոյր ազգ մ՚էինք:
Տէր իմ, լսէ՛ հերիք է ալ ի՛նչ Գողգոթա, ի՛նչ խաչ, սին խօսք,
Ազգ մը ամբողջ հազար անգամ խաչուեցանք ու ողջ թաղուեցանք
Եկեղեցին ալ Տէր Զորի, քանդեցին ու թալանեցին.
Դար մը հանգչող աճիւնները դարձեալ մեռան, շպրտուեցան:
Տէր իմ լսէ, պոռթկումներս… զոհուածներու աճիւնները
Եկեղեցւոյ պատերէն ներս հանգչելու իսկ չարժանացան…
Ժան Վարդան
Երեւան 24/9/2014