*ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ*
Ամերիկայի տարածքին շատ հաւանաբար ամէնէն նորակազմ հայրենակցական միութիւնն է Լոս Անճելըսի Խարբերդ Մշակութային Միութիւնը, որ անցեալ Մարտ 17ին, Կլէնտէյլի մէջ հրապարակային յատուկ հաղորդագրութեամբ մը ինքզինք ծանօթացուց մեր գաղութին եւ անոր միջոցով ալ հայրենիքին եւ Սփիւռքին: Կրկնութեան գնով կարելի է յիշեցնել, թէ իր հաղորդագրութեան մէջ ԽՄՄիութեան հիմնադիր վարչութիւնը յստակօրէն մեր հանրութեան բացայայտած էր իր ներկա-յութիւնը, միաժամանակ շեշտելով Սփիւռքի տարածքին մեծ, օրինակելի, օրհնաբեր ու բարերար դերերը, հայրենակցական մեր բոլոր միութիւններուն:
Հոն նաեւ բարի յիշուած էր, թէ »իրենց պապենական հողերէն եւ տուներէն վտարուած մեր ժողովուրդը, օտար երդիքի տակ հազիւ ինքզինք գտած, անմիջապէս հայրենակիցներով քով քովի գալով ու միանալով, մտածած էր իր կարելի բոլոր միջոցներով, կենսական ապրուստի եւ ուսման կարօտեալ իր միւս հայրենակիցներուն գործնականապէս օգնութեան ձեռք երկարել«:
Ճշգրիտ, օրինակելի եւ հպարտանք առթող երեւոյթ ու աշխատանք:
Ուստի մեկնելով իր իսկ նշանաբանէն Կիրակի, 14 Սեպտեմբեր, 2014 կէսօրէ ետք ժամը 6ին, Միութեան հիմնադիր վարչութիւնը կազմակերպած էր իր մասին գաղութի հանրութեան իր յանձնառութեան ու աշխատանքներուն մասին զեկուցման ու ծանօթացման հրապարակային ձեռնարկ մը, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի սրահին մէջ:
Վարչութեան կազմակերպած այս առաջին զեկուցական ձեռնարկին Լոս ԱնՃելըսի Քաղապետարանի Խորհուրդի անդամ խարբերդցի ծնողքի զաւակ՝ Փօլ Գրիգորեանի եւ իր տիկնոջ կողքին ներկայ էին նաեւ գաղութի մտաւորականները, հայ մամուլի ներկայացուցիչները եւ մանաւանդ շրջանիս հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներն ու աւելի քան հարիւր հայրենակիցներ եւ հիւրեր:
Օրուան հանդիսավար եւ վարչութեան փոխ ատենապետ Արա Ահարոնեան որ ձեռնհասօրէն վարեց իր պաշտօնը, նախ բարի գալուստի ու շնորհակալութեան բացման իր խօսքին մէջ ներկայացուց օրուան ներկայ եղող բոլոր հիւրերը եւ ապա անդրադարձաւ 19րդ դարէն սկսեալ խարբերդցի հայ գաղթականներու Ամերիկա՝ այս երկիրը հաստատուելուն եւ անոնց՝ մեր ազգային եւ եկեղեցական եռուզերին մէջ բերած ներդումին մասին:
»Հարիւր ամեակ մը ամբողջ ամերիկահայութեան կենցաղին հետ առընչուելով, մեծ ու կարեւոր դեր խաղացած է խարբերդցին, նոյնիսկ ամիրիկեան քաղաքական կեանքէն ներս: Յիշենք նաեւ, որ տասնամեակներու ընթացքին գրեթէ բոլոր հայահոծ գաղութներէ ներս կազմուած են Համախար-բերդի հայրենակցական զանազան համախմբումներ: Այսպէս՝ Պոսթըն, Ֆրեզնօ ու Լոս Անճելըս:
Ու մենք իբրեւ հիմնադիր վարչութիւն այդ աւանդը արդիւնաւէտ գտանք 17 Մարտ, 2014ին, յաջողելով կազմել այսօրուան Ամերիկայի Խարբերդի Մշակութային Միութիւնը, որուն նպատակն է մեր ժառանգը վառ պահել ու հպարտանքով զայն փոխանցել մեզ յաջորդող սերունդներուն«:
Հանդիսավար Ահարոնեան պարզելէ ետք միութեան հիմնադրութեան գլխաւոր կառոյցները, յոյս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային վարչութիւնը պիտի ծրագրէ եւ իրագործէ հիւսիսային Ամերիկայի հայահոծ շրջաններէն ներս մասնաճիւղեր կազմելու աշխատանքը եւ ինչու չէ նաեւ սեփական հաւաքավայրի մը տէրը դառնալու կենսական երազը:
Ապա Ահարոնեան ներկայացուց օրուան առաջին զեկուցաբերը եւ խարբերդցի ծնողներու դուստր՝ Մէյրի Նաճարեանը, տալով անոր կենսագրական գիծերէն ամփոփ բաժին մը, միաժամանակ պարզելով անոր եւ ամուսնոյն՝ բժիշկ Վարդգէս Նաճարեանի տարիներէ ի վեր եւ մինչեւ օրս »Մէտիքըլ Աութրիճ« կազմակերպութեան միջոցով անոնց կատարած անսահման մարդասիրական օժանդակութիւնները մեր հայրենիքի եւ Արցախի հայրենակիցներուն, որոնց համար Նաճարեան ամոլը արժանացած էր հայ եւ օտար պատասխանատու անձնաւորութիւններէ բարձր շքանշաններու:
Մէյրի Նաճարեան աշխոյժ ինչպէս միշտ բեմ բարձրանալով անգլերէնով ըսաւ, թէ ինք եւ իր ամուսինը ամիս մը առաջ, ինչպէս միշտ այս անգամ եւս յատուկ առաքելութեամբ մը Հայաստան եւ Արցախ այցելած էին ու առիթէն օգտուելով, իբրեւ քարտուղարը նորաստեղծ Ամերիկայի խարբերդի Միութեան, յատկապէս այցելած էր Երեւանէն քիչ մը անդին Արարատեան դաշտի Մասիսի շրջանին մէջ գտնուող Նոր Խարբերդ աւանը:
Հոն՝ աւանի մուտքին, ան նախ այցելած էր Մեծ Եղեռնի յիշատակին նուիրուած խարբերդցիներու գեղեցիկ յուշակոթողը, որ եղած էր գրեթէ առաջինը՝ ամբողջ Խորհրդային Միութեան տարածքին: »Մեզի պատիւ եւ հպարտութիւն առթող այս յուշարձանը այս օրերուն կը գտնուի շատ անխնայ վիճակին մէջ: Չենք կրնար ձեռնածալ մնալ: Այս մէկը մեր հպարտութիւնն ալ է« ըսաւ ան ու աւելցուց, թէ յուշարձանը վերանորոգելու եւ անոր շրջաբակը մաքրելու, լուսաւորելու եւ վերջապէս զայն զբօսաշրջիկներու ներկայացնելու ծրագիր-աշխատանքը կը կարօտի շուրջ 15 հազար տոլարի:
Ապա Նաճարեան ներկայացուց Նոր Խարբերդ շրջագայութեան ընթացքին իր այցելած երկրորդ վարժարանը, որ երկրորդական էր եւ ունէր շուրջ վեց հարիւր երկսեռ աշակերտութիւն:
»Ցաւով կÿուզեմ ըսել, որ այս վարժարանը կը կարօտի անմիջական մեծ նորոգութիւններու: Այսպէս՝ լուացարան, դասարաններ, դուռ, պատուհան, սստիճան եւ մանաւանդ կեդրոնական ջերմացման դրութիւն: Երեւակայեցէ՛ք, անցեալ ձմրան, վարժարանի դասարանները այնքան ցուրտ եղած են, որ օրերով աշակերտներ եւ նոյնիակ ուսուցիչներ բացակայած են«:
Զեկուցաբեր նաճարեանի համաձայն այս վարժարանէն ներս առաջնահերթ անհրաժեշտութիւնը վարժարանի կեդրոնական ջերմացման դրութիւնը հաստատելն է, որ կը կարօտի շուրջ յիսուն հազար տոլարի: Այս առթիւ Մէյրի նաճարեան կոչ ըրաւ ներկաներուն համախմբուելու եւ նիւթապէս նեցուկ կանգնելու վարչութեան, որ շուտով իրականացնէ այս մեծ եւ անհրաժեշտ ծրագիրը:
Ապա զեկուցաբերը իր հիւմորով նաեւ ներկաներուն ծանօթացուց Արցախէն եւ Հայաստանէն ներս իր եւ ամուսնոյն եւ յատկապէս »Մէտիքըլ Աութրիճ«ի միջոցով մինչեւ հիմա կատարած մարդասիրական եւ հայրենասիրական բազմաթիւ աշխատանքներն ու անոնց ծրագրումներու իրականացումները: Յիշենք, որ ամբողջ ցեկուցման ընթացքին բեմի պաստառին վրայ ցուցադ-րուեցաւ Նաճարեանի մտահոգութիւններն ու ծրագիրները ապացուցող բոլոր նկարները:
Ապա հանդիսավար Ահարոնեան ներկայացուց օրուան երկրորդ զեկուցաբերը՝ խարբերդցի ծնողներու զաւակ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանը, որ »Մաշտոց« գոլէճի հիմնադիր նախագահն է ինչպէս անեւ թուեց անոր բոլոր տիտղոսներն ու ստացած շքանշանները ու անոր 1987 ի վեր մինչեւ օրս կատարած բազմաթիւ ուխտագնացութիւնները դէպի պատմական հայաստան, որմէ ետք անդրադարձաւ Ծոփաց աշխարհի, Խարբերդի Եփրատ գոլէճի մասին եւ թուեց անունները մեր այն մտաւորա-կաններուն, որոնք զոհը գացած էի Մեծ Եղեռնին ու շեշտեց գիտակցօրէն տէր կանգնելու մեր ազային պահանջատիրութեան միշտ վերանորոգ ուխտով:
»Պատմական Խարբերդ եւ իր ներկայ իրավիճակը« նիւթով միութեան ատենապետ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, ըսաւ թէ »Ծափաց աշխարհ, Խարբերդ կամ Խարբուրդ եւ կամ Էլազիկ, մաս կը կազմէ Արեւմտեան Հայաստանի վեց նահագներուն եւ որ ունէր շուրջ 307 հազար բնակչութիւն եւ որուն 170 հազարը հայեր էին: Նահանգը՝ որ մենք կը կոչենք »Ոսկեղէն դաշտ« ունեցած է 300 քաղաքներ եւ գիւղեր«: Ապա ան բարի յիշեց, թէ իր իսկ առաջին այցելութեանս փնտռած ու գտած էր իր պապենական տունը:
»Խարբերդցին պարկեշտ հայ է, մաքուր նկարագրով, աշխատասիրութեամբ եւ փափկանկատութեամբ«, շարունակեց զեկուցաբերը եւ Խարբերդի նորագոյն-2014 -նկարներով պատրաստուած տեսասալիկներու ցուցադրութեան միջոցին տուաւ սպառիչ բացատրութիւններ, լուսաբանութիւն-ներ ու կատարեց տպաւորիչ մեկնաբանութիւններ:
Այսպէս ներկաները տեսան Խարբերդի նոր համալսարանի նկարը, այսօրուայ տուներն ու փողոցները, հրապարակը, ժողովուրդը, Եփրատ գոլէճի ներկայ վիճակը, մշակութային պալատը, Մէզիրէն Ս. Յակոբ եւ Ս. Կարապետ եկեղեցիներէն մնացած պատերը, աւերակ խորանները, ապա Հիւսենիկը , Խարբերդի Ուրատական շրջանէն մնացած բերդը, Մէզիրէի Աւետարանակն եկեղեցինոր աղբանոցի վերածուած է, շիրմշաքարեր, հայկակն տուներ, շուկաներ, քաղաքապետարան, Շահինքալա որ հայկական Խոլա գիւղն է եղած:
Հետաքրքրակն այն է, թէ դոկտ. Կէր Եղիայեան երբ գտած է իր պապենական տունը համոզած է հոն բնակող թուրքերուն որ տան դուռը շատ հին ըլլալով պէտք է որ փոխուէր: Սակայն գլխաւոր նպատակը եղած էր իր պապենական տան դրան բանալին ունենալ: Եւ յաջողած էր: Մեծ եւ յուզումնալից ծափահարութիւններու մէջ զեկուցաբերը ցոյց տուաւ իր հետ բերածծ այդ պատմական մեծ բանալին, իբրեւ միակ ժառանգը իր պապերէն:
Ապա յաջորդաբար ցոցւադրուեցան Բալուի, Բրջենջի, Հաւաւի, Մեսրոպ լերան, Իջմէի, Չմշկածագի նկարները, հետաքրքրական ու պատմական տուեալներու ու բացատրութիւններու ընկերակցութեամբ:
Իր բաժնի աւարտին դոկտ. Եղիայեան շեշտեց, թէ »զբօսաշրջիկը օտար երկիր կÿերթայ պտտելու, մինչ ինք, իր կատարածը ուխտագնացութիւն է: Մեծ եւ յստակ տարբերութիւն կայ երկուքին միջեւ«:
Ձեռնարկի փակման խօսքը կատարեց Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան Խորհուրդի անդամ խարբերդցի ծնողքի զաւակ Փօլ Գրիգորեան, որ նախ ցոյց տուաւ իր մեծ ծնողներէն իրեն ժառանգ ինկած աւետարանը, որուն մէջ արձանագրուած էր իր ընտանքի անդամներուն ծննդեան թուականները եւ որոշ պատմական տուեալներ: Ու շնորհիւ այս Սուրբ գիրքին ան կրցած էր իր ինքնութիւնը գտնել, ինքզինք ճանչնալ իբրեւ խարբերդցի կամ աւելի ճիշդ Հիւսենիկցիի զաւակ: Ապա ան յիշեց թէ ինչպէս երբ վերջին անգամ հայաստան այցելած էր Ծիծեռնակաբերդի պատերուն վրայ հայերէն տառերով գրուած Խարբերդի բաժինը մեծ հպարտութեամբ ամերիկացի իր գործակից ընկերակիցներուն ցոյց տուած էր:
Այս առթիւ միութեան ատենապետը առ ի երախտագիտութիւն, Փօլ Գրիգորեանին յանձնեց Խարդերդէն երկու պատմական նկարներ իբրեւ յուշանուէր:
Յիշենք, որ ձեռնարկի գեղարուսետական բաժնին ազգային երգերով իր սիրայօժար մասնակցութիւնը բերաւ ծանօթ երգիչ Նշան Ջաղացպանեան: Իսկ սրահի մուտքին զետեղուած էր յատուկ սեղան մը լի Խարբերդի մասին ցարդ տպուած գիրքերով, որ վաճառման յատկացուած էր, ինչպէս նաեւ միութեան անդամակցութեան յատուկ դիմունագիր հարցարան մը: Ձեռնարկի պատմական եւ գեղեցիկ մթնոլորտէն մթնոլորտէն խանդավառուած տէր եւ տիկին Ռուբէն եւ Հռիփ Աճեմեան միութեան նուիրեցին 500 տոլար:
Աւատին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ինչպէս նաեւ ներկայ գտուող բոլոր համախարբեդցիները, իբրեւ յիշատակ՝ վարչութեան հետ նկարուեցան: