Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Դպրոցներու Նոր Յաճախորդները

*ՍԻՊԻԼԱ ՄԱԼԵԱՆ-ՓԱՉԱՆԵԱՆ*

Սիպիլա

Վերամուտ է արդէն:

Դպրոց, ծնողք, աշակերտ հեւքոտ առօրեայի մը խուճապին մատնուած են: Այդ բոլորին կու գայ աւելնալու տնտեսական ահաւոր տագնապը: Լիբանանահայ վարժարանները  օրըստօրէ դժուար պայմաններ դիմագրաւելով կը փորձեն ի գին ամէն բանի զարկ տալ նոր տարեշրջանի մը: Գաղթական սուրիահայութեան ցաւալի իրականութիւնը եւս ծանրակշռող ՝ բարդ իրավիճակը սպառնացայտ կը դարձնէ:

Իսկ ուսուցիչը այս բոլորին մէջ,իր կարգին՝ հիմնական մասնիկը ընկերութեան,կը գտնուի խիստ դժուար կացութեան դիմաց՝ հիմնականին տնտեսական, երբ անոր լիիրաւ  իրաւունքներն ու պահանջքները կախեալ կը մնան քաղաքական ինչ-ինչ շահերէ: Երկրորդ՝ուսուցիչը այսօր միեւնոյնը չէ այն ինչ որ անցեալին էր…

Միջնադարեան շրջաններուն, ազնուական ընտանիքներու առանձնաշնորհումն էր ուսուցիչ մը ունենալ,որ ազնուական երեխաները կը դաստիարակէր անոնց կը սորվեցնէր երաժշտութիւն, պատմութիւն , լեզուներ, եւ շատ մը գիտելիքներ:

Յարգուած բոլորէն, անցեալին պատկառելի անձնաւորութիւն մըն էր դաստիարակը. աշակերտին ծնողքը բոլոր շրջանակներուն մէջ մեծ վստահութեամբ դաստիարակին կը յանձնէր իր զաւակը: Դաստիարակն ալ իր կարգին սերունդներ կերտող Դպրոցն էր: Տասնեակ տարիներ յետոյ, դպրոցի հասկացողութիւնը իր  կարեւոր դիրքը ունեցաւ.դպրոցը այն առաքելավայրն եղաւ, դարբնոցը ՝ուր աշակերտը մուտք կը գործէ փոքր տարիքին եւ 15 տարիներ անց անկէ դուրս կու գար կիրթ գիտակից դաստիարակուած մարդ մը:

Իսկ այսօ՞ր…

Այսօր ծնողք, դպրոց, աշակերտ եւ ուսուցիչ հիմնովին փոխուած են: Առաջին հերթին ուսուցչութիւնը առաքելութիւն ըլլալէ դադրած է՝եղած է արհեստ:

Վարժարանն ալ իր կարգին առաքելավայր ըլլալէ դադրելով վերածուած է «հաստատութեան» մը, հաստատութիւն մը որ կարգ մը պարագաներուն վաճառականական երեւոյթով մակերեսային եւ արտաքին արժէքներուն կարեւորութիւն տալով, ազնիւ արժէքներն ու մարդկային վսեմ առաքինութիւնները երկրորդական դասած է: Աշակերտը յաճախորդն է իսկ ուսուցիչը այդ յաճախորդին հանգիստը ապահովելու է,  որովհետեւ աշակերտին ծնողքը միջամտելով կրնայ հաստատութեան վնասել:

Իրապաշտ նկարագրութիւն մըն է, գուցէ ցաւցնող եւ անընդունելի, սակայն ճշմարտութիւն մըն է :

Երկու երեք տասնեակ տարիներ առաջ, երբ ուսուցիչը աշակերտը կը պատժէր կամ կը յանդիմանէր, աշակերտը չէր համարձակեր իսկ տունը այդ մասին խօսելու. մինչ այս օրերուն, յաճախ դպրոցէն հազիւ տուն ժամանած մայրը իմանալով եղածը դպրոց կամ պատասխանատուին զանգելով բացատրութիւն կը պահանջէ:

Բնական է բացառութիւնները միշտ նկատի առած կ’ըսենք, թէ նոյնիսկ կարգ մը ծնողներ կը յանդգնին ըսելու. «ես դրամ կը վճառեմ, եթէ տաս անգամ ալ զաւակս հարցնէ դուն ստիպուած ես բացատրելու դասը» իսկ խեղճ ուսուցիչը վիզը կախ, կը վերադառնայ իր գիրքերուն եւ դասարան ճմլուած սրտով: Յոռի իրավիճակ մըն է սա, որ ուսուցիչին ներքին մղումն ու մարմաջը նուազեցնելով այս վերջինիս կը վերածէ սոսկ պաշտօնեայի մը որ զանգին մուտք կը գործէ դասարան եւ երբ ժամանակը իր աւարտին հասնի անմիջապէս կը լքէ գործն ու կը վերադառնայ տուն:

Ծնողքն ալ իր կարգին այլափոխում արձանագրած է: Քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ, ծնողներու մեծ տոկոսը թերաւարտ էին կամ արհեստաւորներ հետեւաբար անոնք հաւատք կ’ընծայէին ուսուցիչին, վստահելով իրենց հոգեհատորները կրթօճախներու անոնք լիովին կը վստահէին դաստիարակներուն: Արդ, այսօր այդ բոլորը փոփոխութեան ենթարկուած է: Անցեալին աշակերտ, այժմ ծնողք աւարտելով դպրոցը մուտք գործած համալսարան՝իր զաւակը կը ցանկայ լաւագոյն վարժարանը արձանագրել: Սոսկ ներկայիս, լաւ դպրոցին չափանիշը փոխուած է: Ներկայիս, ցուցանիշը (Brand) հիմնականն է: Կարեւոր չէ եթէ վսեմ առաքելութիւն մը ունի այդ վարժարանը, կամ եթէ հայեցի դաստիարակութիւն ու Քրիստոնէական դաստիարակութիւն կը շնորհուի աշակերտին: Այդ իսկ պատճառաւ գեղեցիկ դպրոցը, երիտասարդ ուսուցչուհին, լայնամիտ եւ անսանձ ու անկաշկանդ դաստիարակութիւնը հիմնական պահանջքներ են:

Ծնողները տուներէ ներս աւելի հեշտ եւ անկանոն կրթութիւն կը բանեցնեն: Հետեւաբար կարելի եղածին չափ կը ցանկան խոյս տալխստութէնէ, համբերութիւնը  նօսրացած է բնականաբար դպրոցներու տնօրէնութիւններէն կը պահանջուի «հասկացողութիւն», հեշտութիւն եւ լայնախոհութիւն: Հակառակ պարագային մեծ դիւրութեամբ աշակերտը կը հանուի դպրոցէն այլ ուրիշ աւելի անսանձ ու անկաշկանդ եւ նուազ ճնշում ունեցող վարժարան մը արձանագրել:

Իսկ այս բոլորին մէջ, Վարժարանի տնօրէնութիւնը նոյնպէս իր աշակերտներու թիւը անխախտ պահելու համար, նուազագոյն թիւ ապահովելու ամէն տեսակի զոհողութիւններ կը կատարէ նոյնիսկ երբեմն իր իսկ առաքելութեան եւ հաւատալիքներուն հակառակ գործելով:

Բարեբախտաբար կան Խենթեր, որոնք տակաւին կը հաւատան, թէ ուսուցչութիւնը վսեմ առաքելութիւն է, թէ դպրոցը սուրբ կրթօճախ է եւ թէ ուսուցիչը պատկառելի անձնաւորութիւն մը նկատուելու է: Յարգանք այդ փոքրամասնութիւն դարձած բացառեալներուն:

Բարի Վերամուտ…

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին