Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական 5-րդ Համաժողովը Կը Մեկնարկէ Այսօր` 19 Սեպտեմբեր 2014-ի Առաւօտ

Սեպտեմբեր 19-ին ժ.10:30-ին Ալ.Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան  նախաձեռնութեամբ իրականացուող ՀայաստանՍփիւռք համահայկական 5-րդ համաժողովի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատւութեան գրասենեակը:

Համաժողովի ձեռնարկները կը մեկնարկեն Սեպտեմբեր 18-ին ամերիկահայ նկարիչ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանի` Հայաստանի անկախութեան 23-րդ տարեդարձին եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած «ՙԽաղաղութեան արուեստը» ցուցահանդէսի բացումով:

Համաժողովը պիտի մեկնարկէ լիագումար նիստով, ուր բացման խօսքով հանդէս պիտի գայ ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս պիտի գայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նախագահ ԲակօՍահակեան:

Իրենց օրհնութեան խօսքը համաժողովի մասնակիցներուն պիտի յղեն Ն.Ս.Օ.Տ.ՏԳարեգին Բ ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարք-Կաթողիկոս Ներսէս Պետրոս ԺԹ-ն:

Ելոյթ պիտի ունենայ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նախագահ, Հայաստանի Աւետարանական Եկեղեցւոյ աւագ հովիւ Վերապատուելի դոկտոր Յովել Միքայէլեան:

Ելոյթներով հանդէս պիտի գան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Տիգրանեան, ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մայք Խարապեան, ՀԲԸՄ նախագահի ներկայացուցիչը՝ Վազգէն Եագուպեան, ԱՀՀ հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Հրայր Յովնանեան, ՀՀԿ եւ ՌՀՄ նախագահ Արա Աբրահամեան, ՀՕՄ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեան, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան:

Նոյն օրըժ.12:00–ին պիտի սկսի  2-րդ լիագումար նիստը, ուր համաժողովի չորս հիմնական թեմատիկ ուղղութիւններու վերաբերեալ զեկուցումներով հանդէս պիտի գան ՀՀ սփիւռքի նախարարՀրանուշ Յակոբեան (Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան արդի առաջնահերթութիւնները եւ ապագային միտուած խնդիրները), ՀՀ ԳԱԱ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար Հայկ Դեմոյեան (Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպման մասին), Սուրիահայերու հետ տարուող աշխատանքները համակարգող աշխատանքային խումբի ղեկավար, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան (Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ապաստանած սուրիահայերու հիմնախնդիրներու մասին) եւ  Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմնի նախագահ, «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան (Հայկական մամուլի դերը համաշխարհայնացուող աշխարհի մէջ):

Ժ.14:30-18:00-ին համաժողովի աշխատանքները չորս  թեմատիկ բաժիններով զուգահեռաբար կը շարունակուին Էլիտ պլազա բիզնես կեդրոնին մէջ (Մ. Խորենացի փ.,15):

«Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչմանդատապարտման եւ հետեւանքներուվերացման գործընթացը» թեմայով նիստը տեղի պիտի ունենայ «Մանթաշով» սրահին մէջ:

«ՀայաստանՍփիւռք գործակցութեան ներկայ հիմնախնդիրներն ու հեռանկարները»թեմայով նիստը պիտի  կայանայ «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ:

«Սուրիահայ համայնքի հիմնախնդիրները» թեմայով նիստը տեղի պիտի ունենայ «Արամեանց» սրահին մէջ:

ՀայրենիքՍփիւռք 5-րդ համաժողովի ծիրէն ներս լրագրողներու համահայկական 7-րդհամաժողովը տեղի պիտի ունենայ «Քըրքորեան» սրահին մէջ:

Ժ.18:00-ին համաժողովի մասնակիցներուն ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ պիտի ընդունի ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեան:

Համաժողովի կազմակերպման աջակցած են ՀՀ Ազգային Ժողովը, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, այլ գերատեսչութիւններ: Համաժողովի հովանաւորներն են` «Արարատ» դրամատունը, Ռուսաստանի հայերու միութիւնը եւ Համաշխարհային հայկական կոնգրէսը, «Էլիտ պլազա» բիզնես կեդրոնը, «Ջերմուկ գրուպ» ընկերութիւնը, «Աւշար» գինիներու գործարանը, «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամը եւ «Գրանդ քէնդի» ընկերութիւնը:    Տեղեկատուական հովանաւորներն են` Հայաստանի Հանրային, «Երկիր մեդիա», «Շանթ» հեռուստատեսութիւնները, Հանրային ռատիօն, «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութիւնը եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» էլեկտրօնային պարբերականը:

Համաժողովին ընթացքին պիտի գործէ մամլոյ կեդրոն, լուսաբանումը պիտի իրականացուի Հայաստանի եւ Սփիւռքի լրատուամիջոցներով:

Համաժողովին մասնակցութեան յայտ  ներկայացուցած է աւելի քան 1000 ներկայացուցիչ` Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն:

Ընդլայնուած է մասնակցութեան աշխարհագրութիւնը, համաժողովին մասնակցելու նպատակով Հայրենիք պիտի ժամանեն աշխարհի շուրջ 60 երկիրներու հայկական կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները` 741 մասնակից, Արցախը պիտի ներկայացնէ 20 մասնակիցներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութենէն համաժողովին պիտի մասնակցին 310 պետական, քաղաքական, մշակութային գործիչներ, գիտնականներ ու լրագրողներ: Սփիւռքէն մեծ ներկայացուցչութիւն  ապահոված են Ռուսաստանը` 129 մասնակից, Սուրիան` 103, Լիբանանը` 73 մասնակից, ԱՄՆ-ը`  70 մասնակից, Վրաստանը` 45,  Ֆրանսան` 30, Իրանը` 25, Քանատան` 23: Համաժողովին մասնակցելու նպատակով պատուիրակութիւններ պիտի գան Հայաստան ամենահեռաւոր երկիրներէն` Աւստրալիայէն 15 մասնակից, Արժանթինէն 9 մասնակից, Չիլիէն 3 մասնակից, Հարաւային Աֆրիկայի հանրապետութենէն 1 մասնակից:

Նշենք, որ 1-ին համազգային հաւաքը տեղի  ունեցած է  1999թ. սեպտեմբերին եւ կոչուած է Հայաստան-Սփիւռք 1-ին խորհրդաժողով, 2-րդը` 2002թ. մայիսին, 3-րդ համահայկական խորհրդաժողովը տեղի ունեցած է 2006թ. սեպտեմբերին: Առաջին երեք համաժողովները կազմակերպած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, իսկ  2011թ.էն սկսած` այդ առաքելութիւնը կ’իրականացնէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը: 4-րդ համաժողովի բացումը տեղի ունեցաւ սեպտեմբեր 19-ին Երեւանի մարզահամերգային համալիրի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ, այն կը կրէր «Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համահայկական համաժողով» անուանումը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին