Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը 2015 թուականի Յուլիս 8-12 պիտի հիւրընկալէ Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան (ՑՄԸ) 12-րդ համաժողովը, որուն խորագիրն է “20-րդ դարու ցեղասպանութիւններու համեմատական վերլուծութիւն”: Այս մասին կը հաղորդէ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի պաշտօնական կայքը:
Հեղինակաւոր այս համաժողովի իրականացումը Երեւանի մէջ աննախադէպ պիտի ըլլայ թէ՛ մասնակիցներու քանակի, թէ՛ ակադեմիական բարձր վարկանիշի եւ, ի հարկէ, Մեծ Եղեռնի հարիւրերորդ տարելիցի տեսանկիւնէն:
Համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ցեղասպանագիտութեան եւ յարակից ոլորտներու հարիւրաւոր լաւագոյն մասնագէտներ՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէ:
2015 թ. Յուլիսին իրականացուելիք համաժողովը պիտի նուիրուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ, ինչպէս նաեւ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի եւ Հոլոքոսթի 70-րդ տարելիցներուն:
“Այս համաժողովի անցկացումը բացառիկ իրադարձութիւն է լինելու հայագիտութեան եւ, իմասնաւորի, հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ոլորտում: հայաստան են ժամանելուհարիւրաւոր հեղինակաւոր գիտնականներ եւ երիտասարդ մասնագէտներ, որոնց մասնակցութիւնըցեղասպանագէտների միջազգային ընկերակցութեան տասներկուերորդ համաժողովին լաւ առիթ էհանդիսանալու հայոց ցեղասպանութեան եւ դրա հետեւանքների մասին աւելի խորքայինպատկերացումներ ունենալու եւ, ինչու չէ, հայաստանին եւ մեր մշակոյթին մօտիկից ծանօթանալու համար”,- նշած է համաժողովի կազմակերպիչ կոմիտէի տեղական յանձնաժողովի նախագահ Հայկ Դեմոյեանը:
1997 թ. Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ 2010 թ. ստացած ՀՀ նախագահի` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ նշանակալի աւանդին համար շնորհուող մրցանակ:
Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը (International Association of Genocide Scholars) ցեղասպանութիւնները եւ մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնները ուսումնասիրող գիտնականներու յառաջատար եւ խոշորագոյն միաւորումն է: Անիկա ստեղծուած է 1994 թ. յայտնի ցեղասպանագէտներ Իսրայէլ Չառնիի (Israel Charny), Հելեն Ֆէյնի (Helen Fein), Ռոպերթ Մելսընի (Robert Melson) եւ Ռոժէ Սմիթի (Roger Smith) կողմէ եւ այսօր կը միաւորէ աւելի քան 500 գիտնական՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէ:
Ընկերակցութեան նպատակն է հետազօտել եւ ուսուցանել աշխարհի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններուն պատճառները` կանխարգիլելու համար ցեղասպանութիւններու կրկնումը ապագային: Հայոց Ցեղասպանութիւնը մշտապէս կը գտնուի Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան անդամներու ուսումնասիրութեան ուշադրութեան կեդրոնին: