Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Միացեալ Նահանգներու Եւ Հայաստանի Միջեւ 2.3 Միլիոն Տոլարի Համաձայնագիր

Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Յովհաննէս Մանուկեան եւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Հեֆըրն 9 Սեպտեմբերին ստորագրած են Հայաստանի կառավարութեան եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան միջեւ կնքուած թմրամիջոցներու հսկողութեան եւ իրաւապահ ոլորտին մէջ համագործակցութեան նամակ-համաձայնագիրի փոփոխութիւնը, որով շուրջ 2.3 միլիոն տոլարի յաւելեալ օժանդակութիւն պիտի տրամադրուի Հայաստանին՝ դատաիրաւական բնագաւառին մէջ շարք մը ծրագիրներու իրականացման համար:

Ճան Հեֆըրն շնորհակալութիւն յայտնած է նախարարին՝ համագործակցութեան համար եւ նշած, որ արդարադատութեան նախարարութեան քրէակատարողական համակարգը, արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ոստիկանութիւնը, դատախազութիւնը այս ոլորտին մէջ Միացեալ Նահանգներու առանցքային գործընկերներն են:

«Մեր աշխատանքին նպատակը Հայաստանի մէջ օտարերկրեայ ներդրումներ ներգրաւելն է. օտար ներդրողներուն համար չկայ աւելի կարեւոր բան, քան դատարաններու, արդարադատութեան համակարգի թափանցիկութիւնը: Այս համաձայնագիրով նախատեսուած աջակցութիւնը պիտի յատկացուի ոստիկանութեան, քրէակատարողական համակարգերու բարեփոխումներուն, դատաիրաւական ոլորտին մէջ նախատեսուող այլ աշխատանքներուն», յայտնած է դեսպանը։

Յովհաննէս Մանուկեան նոյնպէս կարեւոր նկատած է երկու պետութիւններու կառավարութիւններուն միջեւ համագործակցութեան շարունակականութիւնը եւ ընդգծած, որ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը տրամադրուած է Հայաստանի համար կարեւորագոյն ու ամէնէն զգայուն ոլորտներուն՝ դատական համակարգին եւ քրէակատարողական ծառայութեան:

«Ֆինանսաւորումը կ՛օգնի Հայաստանի կառավարութեանն անդրազգային յանցանքների դէմ պայքարելու, իրաւապահ մարմինների կարողութիւնները զարգացնելու, ինչպէս նաեւ դատաիրաւական եւ օրէնսդրական բարեփոխումների գործընթացին ուղղուած հետագայ աշխատանքներում: Այս աջակցութեան շրջանակում իրականացուող երկկողմ ծրագրերը ներառում են Ամերիկեան փաստաբանների ընկերակցութեան Քրէական իրաւունքի բարեփոխումների, «Փրոջեքթ Հարմոնի Ինթերնեշնըլ» կազմակերպութեան իրաւական սոցիալականացման համայնքային գործողութիւններիու կապերի եւ մշտական իրաւախորհրդատուի ծրագրերը», յայտնած է նախարարը:
Ծրագիրը նաեւ մեծապէս պիտի նպաստէ իրաւապահ կարողութիւններու կատարելագործման, փտածութեան եւ մարդու շահագործման դէմ պայքարի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ նոր քրէակատարողական համակարգի զարգացման։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին