*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*
Յատուկ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ին
Պէյրութ, 5 Յուլիս 2014
«Առաւօտ Լուսոյ»ով բացուեցաւ առաւօտս երբ արեգակը հորիզոնէն ժպտիլ սկսած էր Լիբանանի բնակիչներուն, միակ համայնականը աշխարհի՝ մարդկութեան համար: Տեսնենք ժամերու հոլովոյթը ի՛նչ պիտի ընծայէ մեզի օրուան ընթացքին:
Պէյրութի մէջ պայթումի ձայն չլսուեցաւ այսօր: Հալէպի վատ լուրերը կը շարունակուին կարկուտի պէս տեղալ, ինկած տեղին ցաւը բազմապատկած տարածելով աշխարհով մէկ:
Բարին կատարուի: