Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Տաէշ, Թուրքիա, Արեւմուտք, Ուրիշներ, Քարիւղ եւ … Հայութիւն

Տաէշը եւ խումբ մը պետութիւններ իւրօրինակ, ժամանակաւոր մեղրալուսին մը կ’ապրին: Մեծ պետութիւնները հերիսայի կաթսաներ դրած են Միջին Արեւելքի մէջ ու կը խառնշտեն: Աւելի ճշգրիտ ըլլամ. ամէն տեղ հերիսայի կաթսայ կայ: Բայց կաթսային բուն տէրը/տէրերը ե՛րբ կ’արտօնեն կաթսային կրակը զօրացնելու, որքա՛ն ուժ ունին հերիսան եփելու օրէնքները դնելու, ամբողջ թանթանան տնօրինելու՝ իրենց ուժէն, ճարտարութենէն եւ խելամտութենէն կախեալ է: Թերեւս նաեւ ուրիշ շատ բաներէ ալ կախեալ է: Ինչեւէ:

Այս օրերուն (աւելի ճիշդը՝ այս ամիսներուն, ա՛լ աւելի ճիշդը վերջին տարիներուն … է՛ն ճիշդը՝ միշտ) մեծ պետութիւները – խորքին մէջ ով որ ատակ է եւ շահագրգռուած – ձեռքերնին սոթտած են ու մխրճուած Միջին Արեւելքի մէջ: Քաղաքական թատրոնը շատ շահաւէտ է իրենց համար, իսկ մեզի համար՝ ողբերգական, որովհետեւ գինը մենք ենք որ կամայ-ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ կը վճարենք:

Թերեւս այս շրջանին ամէնէն խնդալիք-կսկծեցնողը Տաէշին շահատակութիւններն են: Սկիզբը Թալեպանը յիշեցի որ այլատեսակ աւերներու կողքին աշխարհի մեծագոյն Պուտայի արձանները ոչնչացուց՝ մեծ պետութիւններուն – եկէք ըսենք նաեւ՝ միջազգային ընտանիքին – բացարձակ ապիկարութեա՞ն, թէ՞ մեղկութեան, թէ՞ բան մը չընելու տրամադրութեան ներքոյ:

Հիմա նոր խայտառակը Տաէշն է: Նկատեցէք հաճիք ժխտական այս ասուպներուն երեւոյթը. Քաիտան (գէթ ինծի համար կը խորհրդանշէ նաեւ ծայրայեղական ահաբեկչութիւնը), Թալեպանը (գէթ ինծի համար կը խորհրդանշէ նաեւ ծայրայեղական կրօնամոլութիւնը), իսկ Տաէշը, որ կինէս պուք մը կրնայ լեցնել (գէթ ինծի համար կը խորհրդանշէ նաեւ ծայրայեղ սանձարձակութիւնը): Ասոնք կերպարներ են, որոնք ժխտականէն աւելի ժխտական, գէշէն աւելի գէշին յառաջացող զարգացումներ կ’ապրին: Դեռ, եթէ Քաիտան եւ Թալեպանը «վրան գոց» բան մը ունէիքն՝ Տաէշը ափաշկարա կը բանի…

Չէ՛, չկարծէք որ ներածական կը գրեմ՝ մինչեւ բուն նիւթիս անցնիլը: Պարզապէս, այնքան ըսելիք կայ ասոնց մասին: Պարզապէս, չեմ կրնար երկու «անուշ խօսք» չըսել եւ սրտիս ու մտքիս մէջ կուտակուած, տագնապահար վէրքի վերածուած դառն ապրումներէս կաթիլ մը չարտայայտել:

Իրե՛նք՝ Քաիտան, Թալեպանը, Տաէշը կը պարտադրեն ասիկա:

Անցնիմ:

Շատերս լսեցինք, որ իրաքեան քարիւղը Տաէշի ձեռքով, Թուրքիոյ ճամփով ու չեմ գիտեր դեռ որու մեղսակցութեամբ կը վաճարուի Արեւմուտքին մէջ, աժան գիներով…:  Ի դէպ, կրնայ ըլլալ որ ուրիշ տեղեր ալ կը վաճարուի երկրի մը բնական հարստութիւնը հանդիսացող եւ այդ երկրին վերելքին սատարելիք հարստութիւնը: Այս լուրին մէջ երեք դերակատար կայ առնուազն. Տաէշը, Թուրքիան եւ Արեւմուտքը եւ մէկ ապրանք՝ երկրին բնական հարստութիւն՝ քարիւղը ու գլխաւոր զոհ՝ վերելքը, յառաջդիմութիւնը, ծաղկումը՝ դուք ընտրեցէք բառը:

Պահ մը մտածենք. ինչպէ՞ս կը համատեղուի անյարիր Տաէշը Թուրքիոյ եւ Արեւմուտքին հետ: Մօրուքաւոր (արդեօ՞ք) անսանձելի  Տաէշը, «ժողովրդավար» ձեւացող, «ազատականութեան ու Ղազզայի իրաւապաշտպան» ներկայացող Թուրքիոյ եւ ազատութեան ու մարդու իրաւունքերու ախոյեան Արեւմուտքին հետ ի՛նչ հասարակաց բան կրնայ ունենալ: Թափ տանք մեր երեւակայութեան: Խորքին մէջ շատ հասարակաց բաներ կան կամ կրնան յառաջացնել մեր ամէնկարող մեծ պետութիւնները, միջազգային ընտանիքի որեւէ անդամ, բազմազգ ընկերութիւն, հաստատութիւն, եւն.:

Չէ՞ որ քաղաքականութիւնը կարելիին արուեստն է: Ինչքա՜ն ուզենք հասարակաց կէտեր կրնանք գտնել: Կարեւորը՝ նախ ուզելն է, ապա՝ զանոնք տեսնելը, համադրելը եւ ոստայնային ցանցը յառաջացնելը: Անկէ ետք համակարգը «ստեղծագործաբար» կը թաւալի, կը ծաւալի ու բերք ալ կու տայ՝ Աստուածաշունչին ըսած մէկուն դէմ երեսուն, մէկուն՝ յիսուն, մէկուն ալ՝ հարիւր փոխհատուցելով:

Արդ, ի՛նչ հասարակաց կէտեր կան Տաէշին, Թուրքիոյ եւ Արեւմուտքին միջեւ:

Պարզապէս՝ շահը: Այս պարագային քարիւղը, որ դարձած է միջոց՝ մէկտեղելու համար անմէկտեղելի թուացող երեք դերակատարներ:

Զիս կոտտացնող, կրծոտող հարցը ասի չէ: Ըսեմ թէ ինչն է…

Եթէ կարելի է շահու հիմամբ մէկտեղել կամ գործակցութեան պարարտ հող յառաջացնել սանձարձակ Տաէշին, փրակմաթիք ու պատեհապաշտ Թուրքիոյ եւ անողնաշար կամ շահապաշտ Արեւմուտքին միջեւ…

Կարելի չէ՞ փոխշահաւէտ հասարակաց գետին գտնել հայերուս միջեւ:

Ինչպէ՛ս կ’ուզէք՝ այդպէ՛ս նստեցէք, բայց ըսէ՛ք, ճի՛շդ ըսէք. հայե՞րս աւելի հասարակաց կէտեր ունինք իրարու հետ, թէ՞ Տաէշ-Թուրքիա-Արեւմուտք ժամանակաւոր, նորածին, նախանձելիօրէն պտղաբեր ու արդիւնաւէտ երրորդութիւնը:

Շարունակե՞մ:

Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր հասկցած ձեւով թող շարունակէ:

 ԴԱՏ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին