*ԱՐԱ ՏԷՄՊԵՔՃԵԱՆ*
Միթէ ճակատագրական հարկադրանք էր, կամ երկար տարիներու խեղթուած պահանջ որ առաջին, եւ թերեւս, վերջին անգամ ըլլալով երթայի եւ տեսնէի՝ Չալղարան:
Երազ մըն էր որ իրականացաւ.
Շատ պատմութիւններ պատկերացուած էին մտքիս ժապաւէնին մէջ, այդ ժապաւէնը որ տարիներու ընթացքին, եւ հակառակ բնագիտական օրէնքներու բարդ հաշիւներուն, միշտ թարմ կը մնար եւ չէր հիննար…ու երբեք չէր փճանար:
Տարիներու ընթացքին կուտակուած պատմութիւնները ենթագիտակցութեանս անդունդէն կը հանեմ նորէ՛ն ծամծմելու եւ նոյնքան կը յիշեմ մօրս պատմութիւնները Չալղարային մասին, թէեւ ան Պաղտատ էր ծնած, բայց լսած էր անոնք ջարդէ ազատած իր հօրմէն եւ մեծ մօրմէն.
Կը պատմէր թէ ինչպէս գիւղին կիները մօտակայ գիւղէն եկած թուրք մը կը բռնէն եւ պորտին վրայ եռացած իւղ կը լեցնեն: Խեղճը-եւ մի՞թէ խեղճ էր- հայ աղջկայ մը հետապնդած էր մինչեւ գիւղ:
Կը պատմէր թէ ինչպէս գիւղին կիները կ’ապսպրէին քաղաք գացող իրենց էրիկ-մարդոց, որ վերադառնալուն Թուրքին պատրաստած փախլաւան եւ լօխումը չբերէն: Չէ՞ որ Թուրքին պատրաստած ուտելիքները իր նման…(փիս) էին:
Ո՞րքան անարդար էր ջարդուածներուն ճակատագիրը երբ այսօր, հարիւր տարիներ ետք այդ արիւնալի օրերէն, այսօր, Ամերիկայի Քալիֆորնիա նահանգին քաղաքներուն մէջ հայ կոչուած վաճառականները, Թուրքիայէն տուփերով ուտեստեղէն կը բերէն, հայ կոչուած նպարավաճառներուն կը բաժնեն, որ հազարաւոր հայ կոչուած քաջ հայորդիները վաճառէն եւ ուրախութեամբ ուտէն ու կուլ տան: Ազգային հոգուով ներշնջուած՝ Ապրիլ 24 ին իրենց խանութները գոցելով, Մեծ Եղեռնի սգատօնը Լաս Վէկաս կը տօնէն… Երբ կը հարցնեմ նպարավաճառներուն թէ ինչո՞ւ թրքական ապրանք կը ծախէն…միշտ նոյն պատասխանը կը կրկնուի ՝՝ապէր ճան, քանի մը կոպէկ էժան ի՝՝: Վայ այդ կոպէկներով թաղուիք թրքասէր վաճառականներ…
Մի՞թէ ըսենք թէ մեռնողը իր (քէսէյէն) վնասեց…մէկուկէս միլիոն միայն…
Բայց չէ՞ որ business is business նշանաբանը բոլոր սկզբունքներուն կուլ կուտայ:
Եթէ մենք հայերս չենք ճանչնար մեր ազգին դեմ կատարուած Ցեղասպանութիւնը, ի՞նչ երեսով կը պահանջենք որ եօթն օտարը ճանչնայ…
՝՝Դէ եկ վարդապետ ու մի խենթանար:» Այ, սիրելիս իմ Պարոյր Սեւակ…
Ճամբաս ակամայ շեղեցի:
—————————-
Պոլիս հասայ 2006 ի Սեմտեմբեր 26 ին:
Առաջին անգամն էր որ ֆիզիքապէս հոն կը գտնուէի:
Օդակայանէն դէպի պանթոկ երթալու ժամանակ զգացի որ հոգեպէս այդ տեղուանքը եղած եմ: Ներկայ գիտակցութիւնէն առաջ ես արդէն այդ շրջանները պտտած էի:
Օդակայանէն դէպի Թաքսիմ Մէյտանը ինձ թուաց որ շարուած են դիմացս Զօհրապը, Զարդարեանը, Պէշիկթաշլեանը, Սիամանթօն եւ ուրիշներ…Մտքիս մէջ կայծի մը նման փայլեցան անոնց պատկերները: Միթէ ան Կոմիտասը չէ՞ր խելահար եւ կիսամերկ փողոցները ընկած հայոց բախտը կուլար…
Ակամայ մի ուրիշ շեղում մըն ալ…
——————————
Ընկերութեան Թուրք տնօրէնը՝ Պրն. Իզզէթ Էրթուրք հարցուց, երբ հանդիպեցանք Սեպտեմբեր 28 ին իր գրասենեակին մէջ, թէ այս առաջին անգ՞ամն է որ Պոլիս կը գտնուիմ: Պատասխանեցի: »Ֆիզիքապէս՝ այո:» Աւելցուցի ըսելով թէ փողոցներուն եւ թաղամասերուն վրայի անունները կարդալով կարծես հոգեպէս ապրած ըլլայի Պոլսոյ մէջ: Չէ՞ որ այդ անունները յիշուած են մեր Պոլսահայ գրագէտներուն գործերուն մէջ, որոնք կ’ապրէին նոյն այս թաղամասերուն մէջ հարիւր տարիներ առաջ:»
Մարդը քաղաքավարօրէն ողջունեց ու ըսաւ: »Tomorrow you will see your grandfathers’ village, Calkara:» Ամերիկայէն արդէն ապսպրուած էր որ ինծի Չալղարա տանին:
Շնորհակալութիւն յայտնեցի նոյնքան քաղաքավարութեամբ եւ հեռացայ գրասենեակէն:
Tomorrow ին գալը տանջանք էր…
1915 ին, Չալղարան մաս կը կազմեր Պուրսայի նահանգին: Ջարդէն վերապրողները կ’ըսէին թէ իրենց պապերը գաղթած էին Ղարաբաղի շրջանէն 200-250 տարիներ առաջ սովի պատճառով:
———————————-
Այդ օր, Սեպտեմբեր 29-ի առաւօտուն, ճամբայ ելանք դէպի Չալղարա: Մեզ տրամադրուած էր ընկերութեան ինքնաշարժերէն մին, իր վառորդը եւ մեր թարգմանիչը» Օմէր: Հասանք Պոզույուք , մեր ընկերութեան գործերը կատարելէ ետք քանի մը գործարաններու մէջ, գիշերը անցուցինք Էսքիշէհիրին նորակառոյց պանթոկին մէջ:
Բաւականին մաքուր եւ հարդուած էր ճամբան Էսքիշէհիրէն դէպի վեր՝ լեռան գագաթը: Այդ հաճոյքը երկար չտեւեց երբ ճամբան դարձաւ քարքրուտ ու ոլորապտոյտ բարձրացաւ միշտ դէպի վեր, անդունդը կողքին: Միւս կողմէն պտղաբեր ծառերը կ’ընկերանային մեզի, Նռենիներ, խնձորենիներ, տանձենիներ…
Գիւղին տուներուն կարմիր կտուրները սկսան երեւիլ լեռան գագաթին վրայ: Գիւղին մուտքը պարապ հողի ընդարձակութիւն մը դիմաւորեց մեզի: Ձախին՝ դեռ շինարարութեան տակ, նորակառոյց մզկիթ մը, անոր կողքին քանի մը հատ տուներ, Էրմէնի զամանլարը մնացած հսկայ ծառ մը. Անոր կողքին քարաշէն բայց խղճալի վիճակի մէջ փոքր շէնք մը: Աջ կողմին գիւղին սրճարանը ու անոր կից մուխթարին գրասենեակը որուն ճակտին գրուած էր տախտակի կտորի մը վրայ Calkara Koyu Muhtarligi:
Երկու ծերունիներ նստած էին սրճարանին դիմաց, մէկը՝ ինըսուննոց, միւսը՝ եօթանասուննոց: Երբ ինքնաշարժէն դուրս ելանք, եօթանասուննոց ծերունին հետաքրքրութեամբ մօտեցաւ մեզի, ողջունելու եւ ընկերանալու: Շատէն-քիչէն գիտցած թրքերէնովս ըսի որ մենք (տիկինս եւ ես) Էրմէնի ենք: Թարգմանիչն ալ ըսաւ որ եկած են իրենց պապերուն գիւղը տեսնալու:
Ծերուկը ըսաւ որ իր ծնողքը Պուլկարիոյ թուրքերէն են եւ եկած են այս գիւղը երբ ինք վեց տարեկան էր 1942 ին, եւ միւս կապոյտ աչքերով ու կարմիր երեսով ծերունին Յունաստանէն գաղթած Թուրք էր, եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը մօտակայ երկիրներէն գաղթական թուրքերը հաւաքելով Էրմէնիներուն ձգած պարապ գիւղերը կը լեցներ:
Թերեւս ուզեց արդարացնել իրեն թէ ինք չէր որ գիւղը պարպեր էր հայերէն…
Հարցուցի մեր թարգմանիչին միթէ ծերուկը գիտէ՞ ինչու Էրմէնիները ձգած են իրենց գիւղերը եւ հեռացած: Երբ թարգմանիչը փոխանցեց հարցումը թրքերէնով, ծերուկը պահ մը լռեց, ապա փսփսաց անոր ականջին գիտնալով որ թրքերէն կը հասկնամ:
Օմէրը չթարգմանեց անգլերէնի… միայն ըսաւ »ոչինչ»: Պատասխանեցի երկուքին »սպասելի է»:
Ծերուկին անունը Շիթ էր:
Հարցուցի Շիթին թէ Էրմենիներէն մնացած ոեւէ կանգուն շէնք կա՞յ գիւղին մէջ: Շիթը ցոյց տուաւ վերը յիշած քարաշէն բայց խղճալի վիճակի մէջ փոքր շէնքը: Գիւղին երբեմնի Ս. Աստուածածին եկեղեցին…առանց գմբէթի:
Ան, կմախքի վերածուած դուռը բացաւ ու ներս մտանք:
Խաչակնքեցի երեսս…Քոնէ 90 տարիներ ետք խաչը նորէն կնքեց հայու մը երեսը այդ սուրբ տեղը:
Ներսը՝ փլատակ, փայտէ եւ երկաթէ քոյքեր իրար վրայ լեցուած գետնէն մինչեւ առաստաղ: Բայց հայկական ոճով քարէ կամարները դեռ կ’երեւին սեւցած պատերուն վրայ:
Ո՜վ Տէր Աստուած…(մերին)ներէն միթէ ո՞վ չէր կնքուած կամ պսակուած այս եկեղեցւոյն մէջ…Սեւցած քարերն ու հինցած կամարներն են միայն ու միայն դեռ ողջ մնացած վկաները:
Փորձեցի խօսիլ պատերուն հետ, բայց խուլ էին անոնք: Ինտո՞ր խօսէին…
Ականջս մօտեցուցի պատի մը սեւ քարին, քոնէ (մերին)ներէն մէկուն ձայնին հալածուած արձագանքը լսեմ, կամ տէրտէրին բերնէն բախած կիսամեռ աղօթքի մը փսփսուքին կտորը…բայց ի զո՜ւր: Չէ՞ որ 90 տարուայ արձագանքները խուլ անկիւններուն մէջ հալածուելէ անհետացած էին:
Կեցած տեղս ուզեցի հաւաքել (մերին)ներէն լսած պատմութիւններուն կտորները, իրար փակցնել ու վերապրիլ անոնց կեանքի վերջին վայրկեանները գիւղին մէջ: Ուզեցի արհամարհել անոնց ճակատագիրը եւ նոյնքան անոր ճղճիմ աշխարհը: Այդ պահուն վայրագ հովերէ հալածուած մտքերս սկսան եռալ ու ամպրոպել ցախ ու աջ երբ հոգուս մէջէն կանչեցի…Ո՞ւր էիր Աստուած…
Երբ Թուրք խուժանը կուգար ջարդելու, գիւղին տէրտէրը Աւետարանը ձեռքին »աջ երեսիդ ապտակողին, ձախն ալ դարձուր» կը պատգամէր… Պատերազմներու քմահաճ Աստուածը խուլ էր եւ զօրավիգ կ’ըլլար անոր որ սուրը ձեռքին անմեղներուն կը ջարդեր:
Քրիստոնեացած ենք Քրիստոսէն աւելի շատ: Հայը միշտ ծայրայեղ է եղած, եւ է», իր ամէն կատարած գործին մէջ: Ծայրայեղ Քրիստոնեայ է: Ծայրայեղ յեղափոխական ոեւէ դրօշի տակ: Ծայրայեղութեամբ կը սիրէ եւ նո’յնչափ կ’ատէ:
Նիւթիս ուղիէն նորէն դուրս ելայ ակամայ:
Ինքնաշարժին մէջ կողքերնիս տեղաւորուելով, Շիթ տարաւ մեզի լերան միւս կողմը եւ ցոյց տուաւ հեռուն, իրարու վրայ կուտակուած քարեր, երկարած 20-30 մեթրի վրայ: Ան ըսաւ թէ Էրմէնիները մաքրած են լեռան այդ լանջը քարերէն, եւ կուտակած զանոնք այս կողմ, խաղողի թուփեր տնկած այդ հողին վրայ: Այդ ծառերը մինչեւ այսօր կանաչ կը մնան:
Մի՞թէ Շիթ կը չարչարէր հոգիս իր այս պատմութիւններով…
Մեկնելէն առաջ ծունկի եկայ որ Չալղարայի հողէն քիչ մը վերցնեմ հետս, ան վրայ հասաւ ու ըսաւ որ գետնին մակերեսը աղտոտ է…փորեց իր ձեռքով եւ տակէն »մաքուր» հող լեցուց սրուակիս մէջ: Մտածեցի թէ գետնին տակի հողը հայկական էր, եւ մակերեսի հողը իննիսուն տարիներու ընթացքին…փիսցած…
Կինս նուռ քաղեց ծառերէն, եւ Շիթ ընկոյզ բերաւ տան պահեստէն: Շնորհակալութիւն յայտնեցի անոր, գրկեցի, ողջունեցի, եւ լեռէն վար իջանք…նորէն դէպի Պոլիս:
Անձրեւեց այդ պահուն: Կարծես Չալղարայի երկինքը սկսաւ լալ իմ տեղս:
Երբ վերադարձանք Ամերիկա լուր առինք Փարիզէն թէ ջարդէն վերապրող մեր Չալղարացի ամմօն, Յակոբ Ղազարեանը, մահացաւ 105 տարեկանին: Եղբայրներս պիտի երթային յուղարկաւորութեան, անմիջապէս, Չալղարայէն բերած մէկ հատ նուռ եւ մէկ հատ ալ ընկոյզ ու քիչ մըն ալ հող ղրկեցի որ զետեղէն իր դագաղին մէջ, ընկերանալու իր մարմնին որ հող դառնայ իր ծննդավայրի հողին հետ խառնուելով յաւիտեանս յաւիտենից Փարիզի իր գերեզմանին մէջ…