*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*
ՅԱՏՈՒԿ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ին
Կիրակի, 22 Յունիս 2014
Կանուխ զարթնիլը բնաւորութեան վերածուած է:
Ժամը 5:30-ին կ’արթննամ: Հող ալ չունիմ, որ հերկելու երթամ: Ուստի նստած կը մտածեմ.- Թէ մարդը, որ ծնունդ առած է ծովափի մը վրայ հազարամեակներ առաջ, դարերու ընթացքին ու՞ր հասած է …
Արդեօք հասած է Աստուածութեա՞ն երբ ծնած է հանճարներ ու ստեղծած Հիմալայեան լերան հասնող բարձրութեամբ՝ մշակոյթ …
Մարդը՝ թզուկ մը բնութեան մէջ, անգիտակ այս անչափելի բնութեան միլիառ, միլիառ գաղտնիքներուն, մարդ արարած, կոկոզավիզ, ազազուն, միթէ կ’անգիտանաս, որ հազարամեակներու ողջ պատմութիւնդ նախնիներուս, պատերազմներու ու ոճրագործութեան ծանրածանր շղթայ մը եղած է Ճաբոնէն մինչեւ Չինաստան, մինչեւ Եւրոպա, մինչեւ Ափրիկէ ու Աւստրալիա ուր եկւորները բզգտած են կղզիին բնիկները ու Ամերիկա հասնողները կրկնած նոյն ահաւոր ոճիրը տղաբնակներու համար …
Մարդ արարած, դարերու ընթացքին քաղաքակրթութիւն ստեղծելով հանդերձ, ստեղծածդ ուրացած ու հասած ես վերջապէս՝ ոճրագործի աստիճանին, բայց գիտե՞ս որոնց կողմէ: Անոնց կողմէ որոնք համալսարանական դիպլոմներ ունին: Այդ ղեկավարները դոկտորայի վկայականի կողքին ստացած են նաեւ ոճրագործի վկայական տասը խաչով քանդելով ոչ թէ գիւղեր, այլ քաղաքներ, երկիրներ, մահ սփռելով ամէն կողմ …
Ինչպէս Օսմանեան Սուլթանները, Խաչակիրները, Յիսուսի անունով ճամարտակող բուերը, սէրը շփոթելով ոճրագործութեան հետ, գոռալով՝ Դեմոկրատիա՜ …
Չխօսինք Լենկթիմուրներու, Ճենկիզ Խանի, եւ Մոնկոլներու անունով խօսող Հիթլէրի ու Ստալինի մասին, որոնց միլիոններով մարդ սպաննեցին, այս վերջինները ուսեալ էին չէ՞ …
Ի վերջոյ ուր մնաց տարբերութիւնը սոցիալիստներու եւ գաբիտալիզմի միջեւ երբ նոյն դրօշի տակ ոճիրներու եւ պատերզամներու աշխարհ մը ստեղծած է, ոչնչացումի աշխարհ մը:
Անունները տարբեր, գլխարկը՝ նոյն, արդիւնքը՝ անսահման ոճիր, թալան, ողբերգութիւն:
Ե՞րբ վերջ պիտի գտնէ այս խաւարը, դարերու խաւարը: Ե՞րբ պիտի լուսնայ գիշերն դարի պէս … ու ճղճիմ հոգի ունեցող մարդ գազանը ՄԱՐԴ դառնայ …
***
Ներկայ եղայ Հայ զոյգի մը առջինեկ զաւակի կնունքի արարողութեան Անթլիասի Մայր Տաճարին մէջ: Մասնակիցները նկատելի թիւ մը կը ներկայացնէին:
Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ այս խորհուրդին սպասարկուները եղան քահանայ հայր մը, Արքեպիսկոպոս մը եւ երկու ձեռնադրեալ վարդապետ:
Հիւրերը մկրտարանին մէջ տեղաւորել անհնարին էր:
Մանուկը անզսպելի լացին մէջ միւռոնուեցաւ, դարձաւ Հայ քրիստոնեայ, կնքահայրի մը գիրկին յանձնուելով: Օրհնեալ մկրտութիւն, հոյակապ եւ նախանձելի, բարի նախանձով անշուշտ:
Յետարարողութեան ներկաներէն ստուար մաս մը դարձան հրաւիրեալները երջանիկ ծնողներուն առաջնորդուելով Պէյրութեան շքեղ, ծովահայեաց հիւրանոց մը:
Ճաշի սեղաններուն շուրջ, զարդարուած ուիսքիի շիշերով, խնդուք, ծիծաղ, անվերջ կենացներ: Անշուշտ լաւ, նոյնիսկ շատ լաւ:
Ինքնասպասարկում՝ տաք ու պաղ ճաշ, պտուղ, քաղցրեղէն … դարձեալ շատ լաւ: Պիս-պիս, նորածին մը Հայ քրիստոնեայ դարձաւ անշուշտ ուրախանալ պէտք է, շնորհաւորել պէտք է, այդ ալ իրապէս սրտանց:
Անշուշտ նոր մկրտուող մանկիկը՝ բարի գալուստ իրեն, կ’անգիտանայ, որ մենք ջարդուած ժողովուրդի վերապրողներուն զաւակներն ենք, ինքն ալ թոռնիկն է: Մենք կեանքի դժուարութիւններուն կարիք տալ գիտենք, դժուարին պայմանները անգոսնել գիտենք, կեանքի բարելաւ պայմաններ ստեղծել գիտենք եւ … ուրախանալ գիտենք, որուն արժանի ենք:
Զուարճանալու իրաւունք ունինք չէ՞: Անշուշտ թէ ունինք: Չէ՞ որ միայն մէկ անգամ կրնանք գալ աշխարհ … նորածին մը միայն մէկ անգամ կը մկրտուի: Ինչո՞ւ այդ մէկ անգամը շքեղ չըլլայ …
Հիմա, նստած կը մտածեմ.- Այս ընտանիքին նուիրած գումարը եկեղեցիին ու հիւրանոցին կարելի չէր աւելի համեստ պայմաններու տակ նոյն ուրախութիւնը ապահովել (առիթը մէջտեղ էր) եւ յաւելեալ գումարը, ալ կը խորհիմ թէ զանցառելի չէր, յատկացնել Քեսապի տուն դարձ կատարած հայրենակիցներուն եւ մի քանի Հայ գրողներու անտիպ գործերը հրատարակել: Չէ՞ որ մենք մշակոյթի ժողովուրդ ենք:
Բայց կեանքի ընթացքը մէկ անգամի համար է չէ՞ …
Ուրեմն պէտք է ապրիլ խրախճալի …
Բայց, կը մտածեմ, չէ որ այս ընտանիքը օրուան ծախսին բիւրապատիկը կրնայ նուիրած ըլլալ Ազգին: Բարի, կը շնորհաւորենք, բայց Ազգին ցաւերը շա՜տ, շա՛տ աւելի մեծ են քան իրեն յատկացուած բարեդատութիւնները:
Գիտնանք տեղին օգտագործել ճակտի քրտինքով ապահոված մեր գումարները … յանուն Ազգին եւ մեզի անշուշտ: Չէ՞ որ բոլորս ալ Ազգին անբաժան մասնիկներն ենք:
Ըսէք, խնդրեմ, այսպէս մտածելու իրաւունք չունի՞մ: